ԸՍՏ «ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի ՄԷԿ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԻՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՏԻՆՔԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՌԱՋ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑԱԾ ԷՐ ԱՆԳԱՐԱՆ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով «Թարաֆ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած «Ուիքիլիքս»ի փաստաթուղթերը, կը գրէ, որ Ուաշինկթըն իր դիւանագէտներուն միջոցով Հրանդ Տինքի եւ Տրապիզոնի մէջ կաթողիկէ վանական Սանթորոյի սպանութիւններէն ու Մալաթիոյ «Զիրվէ» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցած սպանդէն առաջ զգուշացուցած էր Անգարան` Թուրքիոյ մէջ աճ արձանագրող հակաքրիստոնէական տրամադրութիւններուն առնչութեամբ:

«11 մարտ 2005-ին Թուրքիոյ կրօնի հարցերով վարչութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որուն մէջ տեղ գտած էր «մեր երեխաներուն հաւատքը կը գողնան» արտայայտութիւնը: Այդ տողերը թիրախ կը դարձնէին քրիստոնեայ միսիոնարները. այս առնչութեամբ ամերիկացի դիւանագէտները Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ կրօնի հարցերով վարչութեան կոչ ուղղած էին փոփոխութեան ենթարկելու այդ յայտարարութիւնը», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»` աւելցնելով. «Մալաթիոյ քրիստոնեայ համայնքը Միացեալ Նահանգներու ուշադրութեան կեդրոնն էր: Ամերիկացի դիւանագէտները «Զիրվէ» հրատարակչատան սպանդէն 18 ամիս առաջ հանդիպում ունեցած էին այդ ոճրագործութեան ենթադրեալ կազմակերպիչ եւ հետախուզութեան ներկայացուցիչ Հիւսէյն Եքլիի հետ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES