«Օզպիլիսի Միանալէն Ետք Հաւաքականը Աւելի Զօրաւոր Պիտի Ըլլայ» Ըսաւ Աբրահամ Խաշմանեան
Անդրադառնալով երեք օր առաջ տեղի ունեցած Հայաստան – Քանատա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին` Գանձասար Կապանի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան Armsport.am-ի հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Քանատայի դէմ տեղի ունեցած մեր հաւաքականին կատարած ներկայացումը դրական տպաւորութիւն ձգեց իմ, ինչպէս նաեւ բոլորին վրայ: Ակնյայտ էր, որ մեր կազմը զգալի առաւելութիւն ունէր մրցակիցին վրայ: Կը կարծեմ, որ Արազ Օզպիլիսի միանալէն ետք մեր հաւաքականը շատ աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ, նամանաւանդ յառաջապահ գիծին առումով, ինչ որ բնականաբար մեծ նեղութիւն պիտի պատճառէ մրցակից կազմերու պաշտպանողականին»:
CATEGORIES Մարզական

