Փինկ Փոնկ. Կրտսերներու Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի Եւ Ժունիէի Տղոց Խումբերը Ապահովեցին Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժունիէի տղոց խումբերը ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը:

Աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր, յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն սկսեալ, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 5 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ:

Ստորեւ կու տանք յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսը ապահովող խումբերը.

Ա. ԽՄԲԱԿ.- Պարաղեմ Նապաթիէ եւ Անդրանիկ Անթիլիաս:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Շապապ Ֆաուար Զղարթա եւ Շեպիպեթ Քաունթրի Լոճ:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Սարաֆանտ եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
Ե. ԽՄԲԱԿ.- Մոն լա Սալ եւ ՀՄԸՄ Ժունիէ:
Զ. ԽՄԲԱԿ.- Ժամհուր եւ Հատիսա հաստատութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES