«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. «Ազդակ» Սկզբնաղբիւր` Լիբանանահայ Գաղութի Կազմաւորման Պատմութեան Համար
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Յետեղեռնեան շրջանին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու կազմաւորման եւ կազմակերպման պատմութեան սկզբնաղբիւր են «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածները, թղթակցութիւններն ու խմբագրականները: Քէմփերու վիճակին, որբանոցներուն, թեմական եւ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հայ կեանքի տարբեր բնագաւառներու վերաբերեալ անգնահատելի տեղեկութիւններ պահպանուած են:
«Ազդակ» իր երկրորդ` չորեքշաբթի, 9 մարտ 1927-ի թիւով, «Սիւրիահայութեան տեղաւորման հարցը» խորագիրով խմբագրականով կ՛անդրադառնայ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հայութեան տեղաւորման հարցին: Քէմփերուն պարզած անմխիթար վիճակը մատնանշելէ ետք, խմբագրականը կը շեշտէ որ Սուրիա շատ երկար ժամանակի համար հայութեան համար պիտի մնայ իբրեւ հիւրընկալ երկիր, եւ այնուհետեւ կ՛արտայայտուի ժողովուրդի տնտեսական եւ աշխատանքային պայմաններուն մասին: Սկզբնաղբիւրի արժէք ներկայացնող իր շահեկանութեան համար, խմբագրականը կու տանք ամբողջութեամբ.
Սիւրիահայութեան Տեղաւորման Հարցը
Նկատուած իրողութիւն մըն է, որ մեր ժողովուրդը կը շարժի միայն անմիջական վտանգներու պահուն: Իսկ երեւութապէս խաղաղ շրջաններուն, կը թաղուի թմրութեան մէջ, առանց զգուշանալու գալիք հաւանական վտանգներէ:
Կիլիկիոյ պարպումին յաջորդող օրերուն, մեր գաղութը տենդագին գործունէութեան մէջ էր գաղթականները ընդունելու եւ անոնց ապրուստը կարելի եղած չափով ապահովելու համար: Բայց այն պահուն, երբ այդ բազմութիւնները տեղաւորելու կենսական հարցը դրուեցաւ մէջտեղ, հրապարակը մնաց դատարկ եւ ժողովուրդը` իր գլխուն անտիրական:
Իւրաքանչիւր սրտցաւ հայ որ կը պտտի Հալէպի եւ Պէյրութի ընդարձակ քէմփերը, չի կրնար առանց յուզմունքի քայլ նետել: Մէկ միտք կը չարչարէ բոլորը. մինչեւ ե՞րբ այս ժողովուրդը պիտի ապրի թիթեղներու եւ վրաններու տակ: Ո՞ւր պիտի հաստատուինք վերջապէս: Տարիներ տարիներու կը յաջորդեն բայց հայ մարդը չի կրնար որոշել թէ ո՞ւր պիտ ըլլայ իր վերջին կայանը: Բոլորիս ցանկութիւնն է. առանց վերապահութեան հաստատուիլ Հայաստանի մէջ, զանգուածօրէն երթալ այնտեղ եւ կապուիլ հայրենի հողին: Արտասահմանի հայութիւնը սակայն, հակառակ իր կամքին դեռ ստիպուած է երկար ատեն մնալ հայրենիքէն հեռու: Դռները փակ են բոլորին համար անխտիր: Յունաստանի հայութիւնը, որ տարիներէ ի վեր հիւրընկալ երկրէն դուրս թափուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի, չկրցաւ ճամբայ մը գտնել հայրենիք անցնելու: Ո՞ւր մնաց Սիւրիահայութիւնը: Նոյնն է դրութիւնը նաեւ միւս բոլոր գաղութներու համար:
Այսօր փաստ մըն է այլեւս, որ Սիւրիան շատ երկար ժամանակի համար հայերու հիւրընկալ երկիրը պիտի մնայ: Իսկ մենք պէտք է մտածենք դուրս գալ գնչուներու վիճակէն, ապրելու տանելի պայմաններ ստեղծել եւ դառնալ բարգաւաճ գաղութ, օգտակար` թէ մեր հայրենիքին եւ թէ մեր ապրած երկրին:
Պէյրութի մէջ հայերու համար շինուելիք բնակարաններու խնդիրը կարող է հարցը այս քաղաքին համար աստիճան մը մեղմացնել, բայց հիմնապէս չի լուծեր խնդիրը: Արծարծուած հարցը բոլոր Սիւրիահայութեան կը վերաբերի:
Մեր գաղութի աշխատող ձեռքերուն խոշոր մէկ տոկոսը, հողի աշխատանքներու կապուած է, առանց հողի տէր ըլլալու: Շինութեանց եւ ճամբաներու վրայ բազմաթիւ են հայ աշխատաւորները, որոնք կ՛աշխատին չոր հացի մը համար: Արդ հնարաւորութիւն չիկա՞յ արդիւնաւորելու այս բազմութեան աշխատանքները:
Պետական վիճակագրութիւնը` թէ Լիբանանի եւ թէ Սիւրիոյ մէջ ցոյց կու տան, որ քիչ չեն պատերազմի ընթացքին լքուած եւ անբնակ դարձած շրջաններ: Տարիներէ ի վեր, հոգատար իշխանութեան ծրագիրները` բնակեցնելու այդ շրջանները հայերով` կը մնայ տակաւին ծրագիր: Նոյնիսկ պետութիւնը տրամադիր է եղած զանազան շրջաններու նիւթական դիւրութիւններ տալ` ծրագրի գործադրութեան պարագային:
Խիստ կենսական խնդիր մըն է այս հայերուս համար, որ դժբախտաբար ուշադրութեան առարկայ չէ դարձած լուրջ կերպով: Հաւանաբար ամէն ոք միտք զբաղեցուցած ըլլայ այս խնդրով, բայց ոչ մէկ հաւաքական ձեռնարկ` խնդիրը հիմնական ձեւով ուսումնասիրելու եւ մեր ժողովուրդի շահերուն համապատասխան եզրակացութեան յանգելու:
Եթէ կարծիքներ կան դեռ, որ մեր գաղութը գիւղացիական տարրերէ չէ կազմուած, եւ չի կրնար գիւղի աշխատանք կատարել` անզօր փաստ մըն է այլեւս. քանի որ տնտեսական պայմանները մեր ժողովուրդը կը մղեն աւելի սեւ աշխատանքներու: Միակ վիճելի կէտը վայրի եւ ապահովութեան մասին կրնայ դրուիլ, որը դժուար չէ լուծել: Փորձը ցոյց տուաւ որ լերան մը գագաթին թառած գիւղ մը աւելի ապահով է քան թիթեղներով եւ քուրջերով պարսպուած թաղամաս մը: Դամասկոսի օրինակը դեռ թարմ է:
Հալէպի շրջանին մէջ, ազգերու դաշնակցութեան որբահաւաք մարմնի ներկայացուցիչ` Միս Քարէն Եփէի աշխատանքներով հիմնուած հայկական գիւղը գեղեցիկ օրինակ մը կրնայ ծառայել այս գործին համար:
Եթէ կ՛ուզենք Սիւրիահայութիւնը տնտեսապէս բարգաւաճ դարձնել, տեղացիներու խորունկ դժգոհութիւնը մեղմել, եւ մեր գաղութի տեղաւորման հարցը հիմնովին լուծել, պէտք է օր առաջ մտածենք հողին կապել մեր ժողովուրդին մէկ մասը:
Ուշագրաւ է այս խնդրին շուրջ Աշխատանքի Միջազգային գրասենեակին ծրագիրը, որուն ի նպաստ արտայայտուած է Սիւրիոյ մարզպան Պ. Փօնսօ:
Միշտ պէտք է մեր կամքէն անկա՞խ կարգադրուին մեր ճակատագրին հետ կապ ունեցող խնդիրները:
***
Լիբանանի մէջ հայութեան տեղաւորման այդ տարիներուն, տեղացի կարգ մը տարրեր սխալ գնահատումներ կատարած են գաղթականներուն նկատմամբ: Հետաքրքրական է «Ազդակ»-ի 30 մարտ 1927-ի խմբագրականը` «Սխալ գնահատումներ» խորագիրով, ուր կ՛ըսուի.
«Վերջերս հրապարակուած լուրը` 70,000 հայերու Սիւրիա փոխադրութեան մասին. առիթ է տուած որ արաբական մամուլը զանազան մեկնութիւններու տարուի:
Պէյրութ հրատարակուող «Ահրար», որ այս երկրի ամենալուրջ թերթերէն մէկն է, սոյն հարցի շուրջ յատկապէս նուիրած է խմբագրական մը` Պ. Ճիպրան Թուէյնիի ստորագրութեամբ:
Ըստ երեւոյթին «Ահրար» դժգոհ է նաեւ տարիներէ ի վեր այս երկիրը հաստատուած մեր հայրենակիցներէն: Իր դժգոհութիւնը ան կը հիմնաւորէ երկու գլխաւոր կէտերու վրայ: Առաջին, որ հայերը այս երկրին համար օգտակար տարր մը չեն, որքան ատեն որ չեն զբաղուիր երկրագործութեամբ. այլ հակառակը, վաճառականութեան եւ արհեստի մէջ իրենց ունեցած ճարպիկութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ տեղացի տարրը տուժէ` նիւթապէս:
Իսկ երկրորդ, հայերը շնորհիւ իրենց լեզուին եւ սովորութիւններուն, չեն շաղուիր տեղացիներու հետ, եւ հետեւաբար զանոնք ձուլելու հնարաւորութիւն չկայ:
Հիմնուելով առաջին կէտին վրայ, «Ահրար» կ՛եզրակացնէ, որ ամէն տարի հազարաւոր արաբներ երկրէն դուրս կ՛ելլեն` օտար ափերու վրայ գործ ճարելու: Բայց այս ճշմարտութիւնը յիսուն տարուան պատմութիւն ունի իր ետեւ: Վկայ են Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներու Սիւրիական հոծ գաղութները: Տեղացի ժողովուրդները հայերու պէս սակաւապէտ չեն: Անոնք տարիներէ ի վեր օտարութեան կը դիմեն ոչ թէ գործ ճարելու, այլ բախտ շինելու համար: Եւ իր երկրի ապագայով մտահոգուած Լիբանանին, պէտք է գոհ ըլլայ, որ պարպուած երկիրը գէթ մասամբ կը բնակեցուի հայերով` որոնք չեն կրնար լիբանանցիներու մեծամասնութեան ձայնին զօրավիգ չըլլալ:
Վստահ ենք որ արաբ մտաւորականութիւնն ու ժողովուրդը, հետզհետէ պիտի գան այն եզրակացութեան` որ հայերը ոչ միայն բեռ չեն այս երկրին համար, այլ են` անհրաժեշտ տարր մը:
***
Այդ օրերուն, երբ տակաւին Թուրքիայէն հայերու գաղթը կը շարունակուէր, երբ տակաւին ազգային կեանքը իր կազմաւորման հանգրուանին կը գտնուէր, տուեալներ եւ նոյնիսկ մօտաւոր վիճակագրութիւններ չկային Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան թիւին վերաբերեալ: 4 մայիս 1927-ի խմբագրականով եւ «Ճշտենք մեր թիւը» խորագիրով, «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ այս հարցին.
«Ամէն անգամ որ խօսք ըլլայ Սիւրիահայութեան թիւին մասին, ըստ հայեցողութեան մօտաւոր կամ հեռաւոր թիւեր կը դրուին հրապարակ: Ու յաճախ տարբերութիւնները ոչ թէ կ՛ըլլան հարիւրով կամ հազարով, այլ տասնեակ հազարներով:
Ըստ ոմանց մեր գաղութին թիւը 100,000 է. ուրիշներ 120,000-ի կը բարձրացնեն, լսած ենք նոյնիսկ 150,000-ի մասին: Ասոնցմէ ո՞րն է իրականութիւնը. վստահաբար ոչ ոք չի գիտեր: Կանոնաւոր վիճակագրութիւն չիկայ, կարծիքները հիմնուած են այսինչ քաղաքի մօտաւոր բնակչութիւնը` այնինչ գիւղի բնակչութեան թիւին գումարելով: Աղէտի մը հանգամանքը ունի մեր գաղութին այս ցաւը: Աղէտներ կան, որ յանկարծակի չեն իջներ, չեն ալ նկատուիր, բայց տարիներու ընթացքին կը փորեն ժողովուրդի մը գոյութեան հիմերը:
… Սիւրիահայութիւնը իր մէկ կարեւոր օղակը մեր ժողովուրդին, պիտի գիտնայ իր թիւը, պիտի ճշդէ եկողներն ու գացողները, միշտ ձեռքի տակ ունենալու համար մնացողներու քանակը: Այսօր եթէ որեւէ մէկը փորձուի ստուգել հին Սուրիահայութեան թիւը, պարզապէս անելի մը առջեւ պիտի գտնուի, եւ պիտի զարհուրի իրականութենէն: Շատ յաճախ գոյութեան պահպանման մասին խօսելու ատեն, օրինակներ կը բերենք Լեհաստանն ու Ռումանիան, որտեղ բազմաթիւ հայեր են լուծուած ու կորսուած, մինչդեռ հոս մեր աչքին տակ, պզտիկ աշխատանքով մը պիտի տեսնենք մեծ թիւով հայ ընտանիքներ, որ շատ հեռու չէ, կէս դար առաջ եկած հաստատուած են այս երկիրը, եւ որոնցմէ ոչինչ կը մնայ հայ այսօր: Քիչ չեն օրինակները թէ Հալէպի եւ թէ Պէյրութի մէջ:
… Առհասարակ Սիւրիոյ բոլոր մարմինները պէտք է օր առաջ լծուին Սիւրիահայութեան մարդահամարը կատարելու գործին: Անշուշտ Հալէպն ու Պէյրութը պիտի տնօրինեն պէտք եղածը եւ ուղղութիւն տան, այլապէս քանի մը տարի վերջ նոր Եագուպիէներ պիտի ունենանք մեր չորս կողմ:
Պէտք է գիտնանք տարուէ տարի մեր գաղութի պատկերը: Թուական ճշտումին անմիջապէս կը հետեւի ազգային արժէքներու ճշտումը: Որքա՞ն հայութիւն ունի օրինակ` Թրիփոլին, քանի՞ տուն շրջակայ գիւղերու մէջ: Ի՞նչ է անոնց որակը, ո՞ր դպրոցները կը յաճախեն փոքրիկները, որքա՞ն է մեր դարաւոր թշնամիին` թիւրքին լեզուն խօսողներու թիւը, հասնող սերունդը ի՞նչ լեզու կը խօսի, կը հետեւի՞ ազգային աւանդութիւններուն: Կա՞ն տեղացի տարրերուն հետ ընտանեկան կապ հաստատողներ: Կարելի է երկարել հարցարանը»:
***
Լիբանան եւ Սուրիա ապաստան գտած հայութեան մեծամասնութիւնը թրքախօս էր. շատեր հայերէնով ոչ միայն չէին կրնար արտայայտուիլ, այլ նոյնիսկ չէին իսկ հասկնար: Յատկապէս ատանացիները, այնթապցիները, սսեցիները եւ մարաշցիները թրքախօս էին: Հայախօս էին հաճընցիները, զէյթունցիները, ուրֆացիները, տիգրանակերտցիները, թոմարզացիները, խարբերդցիները, արաբկիրցիները, չմշկածագցիները, կարնեցիները եւ այլն: Կային նաեւ կէս թրքախօս եւ կէս հայախօս շրջաններէն գաղթականներ, ինչպէս եոզկատցիները, սեւերէկցիները եւ այլն: Այլ պարագայ մըն էր նաեւ տեղական արաբերէն լեզուին լրիւ անտեղեակութիւնը: 11 մայիս 1927-ի թիւով եւ «Մեր գաղութի ցաւերէն» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կ՛արտայայտուի այս մասին:
Յաճախ Սիւրիահայութիւնը նկատուած է, արտասահմանի ամենաբախտաւոր գաղութներէն մէկը, զերծ ցաւերէ ու հոգերէ: Յունաստանի հայութեան տեղահանուելու տեւական սպառնալիքը, ֆրանսահայ գաղութի տնտեսական տագնապը, կարծես որոշ հիմքեր են տուած այս կարծիքին: Բնական է, այս գաղութին մէջ ապրող ոեւէ իրազեկ անձ, անհիմն պիտի գտնէ վերոյիշեալ պարագան:
Սիւրիահայութիւնը ունի իր ցաւերը, աւելի քան ոեւէ գաղութ: Քանակով բարձր տարբեր գաղութներէ, իսկ որակով դժբախտաբար կը մնանք անոնցմէ ետ: Բնական է, ու շրջապատն ալ կ՛ունենայ իր որոշ ազդեցութիւնը: Սիւրիան ոչ Ֆրանսա է, եւ ոչ Յունաստան: Եւ սակայն այս երկրի արագ զարգացումն ալ կը պարտադրէ մեզ քառանկիւն անիւներու չկապուիլ: Ստեղծուած պայմանները կը թելադրեն համապատասխան միջոցներ եւ աշխատանք:
Մինչեւ հոս ընդհանուր էր մեր դիտողութիւնը. մասնաւորենք ցաւի մը մասին, որ կը յամառի կրծել մեր գաղութը ներսէն, վարկաբեկելով հայութիւնը յաչս օտարներու: Կ՛ակնարկենք մեր կարգ մը թրքական բարքերուն եւ մանաւանդ թիւրքերէն լեզուի գործածութեան: Իսկապէս անհանդուրժելի է այսքան զուլումներէ վերջ մեր դահիճներու լեզուին գործածութիւնը: Այս պարագան ամէն օր դիտել կու տան մեզ տեղացի ժողովուրդները, իսկ մենք փոխանակ ջանքեր ի գործ դնելու` դարմանելու համար այս ցաւը, առանձին հաճոյքով կը խօսինք այդ լեզուն:
Չենք անգիտանար, որ մեր գաղութը բաղկացած ըլլալով գլխաւորաբար Կիլիկիոյ շրջանի հայութենէ, պապենական մեղք մըն է որ իր հետ կը պտըտցնէ այս ափերուն վրայ: Աստիճան մը ներելի պիտի ըլլար, երբ թիւրքերէնը գործածուէր միմիայն հին մարդոց կողմէ: Մարդիկը կարելի չէ փոխել մէկ օրէն միւսը, մանաւանդ լեզուական յարկին մէջ, եւ սակայն ի՞նչ ըսել այն երիտասարդներուն, որոնք քիչ շատ իրենց մայրենի լեզուն գիտնալով հանդերձ, օտար լեզու մը կը բարբառեն: Չըսե՞լ որ ցեղային արժանապատուութիւնը այդ մարդոց մէջ տեղի է տուած բարոյական սնանկութեան:
Խիստ գործածեցինք բառը, բայց կը գիտակցինք անոր նշանակութեան: Արդարեւ ինչ աւելի ստրկական, քան այն երբ կը խօսիս լեզուն ազգի մը` որ պղծած է հայութեան բոլոր սրբութիւնները` սկսած ընտանեկանէն մինչեւ կրօնականը:
Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, եւ ինչու չէ, շատ անգամ դպրոցականներու, որոնք փողոցները կը չափեն բարձրաղաղակ թիւրքերէն վիճաբանութեամբ մը, նոյնը հանրակառքերու, սինէմաներու եւ սրճարաններու մէջ: Տեղացին որքան զգոյշ է այս մասին, մենք նոյնքան անփափկանկատ ենք, եւ ըսել որ շատ անգամներ քաղաքակիրթ ժողովուրդի հովեր կ՛առնենք:
Ընդունինք, որ դպրոցը պիտի բերէ այս ցաւերուն գլխաւոր դարմանը, բայց երբ նկատի առնենք որ մեր դժբախտ ժողովուրդի զաւակներուն մեծագոյն տոկոսը զրկուած կը մնայ դպրոցէ եւ դաստիարակութենէ, պարզ կ՛ըլլայ որ սահմանափակուած է այս միջոցը: Նոյնիսկ դպրոցականներուն վրայ եթէ ուժեղ ազդեցութիւն ի գործ չ՛դրուի, անոնք ալ պիտի ազդուին ընտանեկան եւ ընկերային շրջապատէն:
Թրքախօսութեան այս ախտը ոչ դպրոցով եւ ոչ այլ միջոցներով կարելի է հիմնապէս բուժել: Դպրոցներն ու միութիւնները ունին անշուշտ իրենց որոշ դերը, եւ սակայն գլխաւոր դարմանը կը կայանայ, ազգային գիտակցութեան զարգացման մէջ: Որովհետեւ մենք տեսանք, որ հայերէն գիտցող հայն ալ կը սիրէ շարունակ գործածել թիւրքերէն լեզուն:
Ազգային գիտակցութեան զարգացումը պատճառ պիտի դառնայ որ այդ հայը ոչ միայն չխօսի այդ լեզուն, այլ իր ազդեցութիւնը ի գործ դնէ իր շրջապատին վրայ: Հաստատ կարելի է ըսել, որ ներկայիս շատ քիչ հայեր կան, որոնք իրենց մայրենի լեզուն չգիտնան: Եթէ մեր հայրենակիցները գիտակցին, թէ ինչ զարհուրելի նախատինք մըն է որ կը հասցնեն մեր միլիոնաւոր նահատակներու յիշատակին` թիւրքերէն խօսելով. մենք այսօր այս նիւթին մասին գրելիք չէինք ունենար:
Կանգ առնենք մասնաւորաբար գիտակից կոչուած տարրին վրայ խոնարհ խաւերը միշտ ալ հետեւող են եւ դիւրաւ ենթարկուող:
Մինչեւ այսօր դեռ կրօնական բեմեր կան մեր գաղութին մէջ, ուրկէ թիւրքերէն լեզուին պրօպականդը կը կատարուի գիշեր ու ցերեկ: Մինչդեռ այն, գլխաւոր ազդակն է, որ բարոյապէս պիտի դաստիարակէ մեր ժողովուրդը:
Չկարծուի, որ ազգայնամոլութեամբ կը տարուինք մեր խորհրդածութիւններուն մէջ: Այսպէս է աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար, իւրաքանչիւր ազգ մտահոգուած է պահելու եւ զարգացնելու իր լեզուն: Անոնք միայն չեն գոհանար այս ուղղութեամբ իրենց ժողովուրդին մէջ աշխատելէ, այլ հեռաւոր ովկիանոսներն ու ծովերը կտրելով, կու գան միլիոններ կը ծախսեն` տարածելու համար իրենց լեզուն:
Գանձ մըն է հայոց լեզուն, որուն պահպանումով պիտի մտահոգուի իւրաքանչիւր հայ մարդ, մանաւանդ անոնք, որոնք դպրոցի երես են տեսած: Ցաւեր կան որոնց դարմանը կապուած է ընդհանուրի գիտակցական վերաբերմունքին:
Հայերէն խօսինք, եթէ չենք ուզեր մեռելներու անէծքը հրաւիրել մեր վրայ:
***
Թրքախօսութեան եւ բաւական բարձր համեմատութիւն ներկայացնող անգրագիտութեան պայմաններուն տակ, հրատապ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէր կրթական կեանքի կազմակերպումը: Այս իմաստով, 29 յունիս 1927-ին, «Կրթական գործը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
Կանխահաս է որակական արժէքը գծել անցնող կրթական տարուան: Մաս մը վարժարաններ վերջացուցած են արդէն տարեվերջի քննութիւնները, իսկ մաս մը` օրինակ Ս. Նշան վանքի Ազգային վարժարանը, նոր կը սկսի: Տեղին է աւելցնել որ այս վերջին պարագան կը մատնէ կարեւոր մէկ թերի: Ուսումնական լուրջ ծրագիր մը պիտի վերցնէր այս անյարմար դրութիւնը: Մանաւանդ երբ նկատի առնուի շէնքերու խնդիրը, պարզ կը տեսնուի որ այս տաքերուն ուսանողին գիտցածին վրայ ոչ թէ ոչինչ չաւելնար, այլ եղածն ալ կը հալի:
Ինչ որ նկատելի է, այդ ժողովուրդին յայտնաբերած հետաքրքրութիւնն է կրթական գործին հանդէպ: Ուրախալի է նշմարել որ տարուէ տարի աւելի կը հասկցուի ազգային կրթութեան առաւելութիւնները. կ՛աւելնայ թիւը ազգային վարժարաններու աշակերտութեան. դպրոցները աստիճանաբար կը բարձրանան եւ յոյս կը ներշնչեն աւելիին: Միայն Լիբանանի թեմին ազգային դպրոցներու աշակերտութեան թիւը կ՛անցնի 2000ը, դեռ չհաշուած զանազան յարանուանական վարժարանները, որոնց թիւը 1000-էն պակաս չէ: Անշուշտ որ 35,000-ի հասնող գաղութի մը համար մեծ թիւ մը չէ այս, բայց երբ նկատի ունենանք անցնող տարիները, պիտի գտնենք կրկնապատկուած: Ապահովաբար այս վերջին թիւն ալ կարելի պիտի ըլլայ կրկնապատկել եթէ ճիգ ու աշխատանք թափուի փողոցը տղայ չձգել, հնարաւորութիւն ստեղծելով ձրի դաստիարակութեան, որմէ զրկուած են այնքան դժբախտ կերպով մեծ թուով որբեր:
Գուցէ արտասահմանի մէջ ամենադժբախտը մեր գաղութն է նիւթական տեսակէտով: Մինչ ուրիշ վայրեր, ազգային կալուածներու հասոյթէն է որ կ՛ապահովէ մեծ մասով դպրոցական պիւտճէն, մինչդեռ հոս, բացառիկ եւ սիրտ հատցնող աշխատանքով է որ կարելի կ՛ըլլայ ծայրը ծայրին բերել: Այս պարագան կը վնասէ կրթական գործին, երբ հոգաբարձական մարմինները տարուած կ՛ըլլան ամբողջ տարին նիւթական մտահոգութեամբ: Մանաւանդ երբ հոգաբարձութիւնները ստիպուած կ՛ըլլան շէնքեր ալ կառուցանել ստուարացող աշակերտութիւնը գոհացնելու համար: Ու այս բոլորը տքնաջան աշխատանքով, նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններով: Այսպէս անցաւ նաեւ կրթական տարին: Արդեօք չպիտի գտնուի հայ Կրեսոս մը որ անմահ անուն մը երաշխաւորէ իրեն` կրթական օճախներ հիմնելով սիւրիահայ գաղութին մէջ: Ներկայիս ոչ մէկ բարերարի անուն Սանասարեանի չափ օրհնութեամբ կը յիշատակուի, որը գիտցաւ այնքան գեղեցիկ եւ գործնական կարգադրութեամբ, ցեղին համար մտքի հոյակապ վառարան մը հիմնել:
Որքան սփոփարար է դիտել մեղուաջան աշխատանքը կրթական յարկերէն ներս, նոյնքան եւ տխուր է մտածել թէ սերունդը որ տարրական կրթութիւն կը ստանայ` ազգային շունչով, առիթը չպիտի ունենայ նոյն շունչով կատարելագործել իր ուսումը: Հազիւ ճանչցած Հայկն ու Արամը, հազիւ թոթոված մեր ոսկեղնիկ լեզուն, առան, խորանալու մեր պատմութեան զանձերուն մէջ, դեռ չմբոշխնած հայ գրականութեան եւ պատմութեան գեղեցկութիւնները, հայ մանուկը կը նետուի օտար վարժարաններ «կեանքի» ու «մասնագիտութեան» պատրաստուելու համար: Ազգային տեսակէտով չիկայ ասկից աւելի ահաւոր աղէտ: Մէկ սկզբունք, մէկ նպատակ պէտք է շարունակ զբաղեցնէ եւ անհատ սրտցաւ ազգայինները ե՛ւ պաշտօնական մարմինները, հոգաբարձական կազմերը եւ կրթական մշակները, այդ միջնակարգ կրթութիւն տալու խնդիրն է: Առանց այս վերջին պայմանին, բոլոր ճիգերը ապառաժներու վրայ նետուած սերմեր են:
Նոյնքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ պարագայ մըն է, բոլոր վարժարանները կրթական մէկ ծրագրով մը ղեկավարելու խնդիրը: Գործնական կեանքի մէջ անգամ, սիսթեմը յաջողութեան երաշխիքն է. ուր մնաց թէ կրթական գործի մէջ, որտեղ սերունդներու ճակատագիրն է որ կը դարբնուի: Ո՞վ կարող է պնդել որ գոհացուցիչ է կրթական մակարդակը բոլոր դպրոցներուն: Չկայ ներդաշնակութիւն, շատ տեղեր ուսուցչական ասպարէզ են իջած մտքով ու հոգիով ուծացածներ, մինչդեռ անհրաժեշտ է զտել հրապարակը, բարձրացնել եւ որակը եւ կրթական մշակներու վարկը: Ուսուցիչը, երբ համապատասխան է իր պատրաստութեամբ ներկայի պահանջներուն, յարգանք պիտի վայելէ աւելի քան ազգային որեւէ պաշտօնեայ, աւելի քան ոեւէ անարժէք տիտղոսաւոր:
Ինչպէս շեշտած ենք քիչ վերը, տարուէ տարի նկատելի է յառաջդիմութիւն կրթական գործին մէջ: Գաղութը աստիճանաբար կը տեղաւորուի եւ պահանջները կ՛աւելնան, հետեւաբար եղածը մխիթարական համարելով անշարժութեան չպէտք է մատնուիլ:
Ազգային մարմիններուն կը մնայ լուրջ վերաբերմունք ունենալ յառաջիկայ տարեշրջանին նկատմամբ:
***
Մեծ եղեռնէն վերապրած հազարաւոր որբեր Ամերիկեան նպաստամատոյցին եւ բարեսիրական այլ միութիւններու ջանքերով Լիբանանի եւ Սուրիոյ հիւրընկալ ափերը փոխադրուեցան եւ որբանոցներու մէջ տեղաւորուեցան: Բայց քանի մը տարի ետք անոնց մոռցուեցան, լքուեցան եւ մեծ մասամբ ցրուեցան: Աւելի ողբերգական էր յատկապէս որբուհիներուն պարագան: Ազգային այս կնճռոտ հարցին «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ 17 օգոստոս 1927-ի թիւով, «Մեր որբերը» խորագիրով խմբագրականով, ուր կ՛ըսէ.
Մեր պատմութեան ամենացաւոտ հարցերէն մէկն ալ մեր որբերու պարագան է:
Ո՞ւր են մեր բազմահազար ծնողազուրկ դժբախտ որբերը, որոնք Լոզանի ամօթապարտ դաշնագրի ձախորդ կնքումէն յետոյ, Կիլիկիայէն, Կեսարիայէն, Խարբերդէն եւ Թիւրքիոյ զանազան կողմերէն փոխադրուեցան Սուրիա: Ժամանակ մը Սուրիոյ մէջ 20,000 երկսեռ որբեր կը հաշուէին. այժմ հազարը չանցնիր անոնց թիւը: Ո՞ւր մնացին մեր հազարաւոր սրտահատորները, որոնք մեզի ժառանգուած են մեր մեծ մարտիրոսներուն կողմէ: Կատարեցի՞նք մեր պարտքը եւ հետաքրքրուեցա՞նք անոնցմով. մեր ազգային պատասխանատու մարմինները հետեւեցան անոնց յուսահատ գալարումներուն եւ փոթորկոտ ապրումներուն: Պահեցի՞ն պարզ արձանագրութիւնը եւ մխիթարեցի՞ն զանոնք:
Երբէ՛ք:
Շատեր անչափահաս տարիքի մէջ, չի տիրացած արհեստի մը նախնական գիտելիքներուն, դուրս հանուեցան որբանոցներէ եւ քանի մը ամիս Ամեր. Նպաստամատոյցի հոգածութեան արժանանալէ վերջ, մոռացուեցան: Կեանքի յորձանքին յանձնուած անփորձ որբերը շուտով յուսահատուեցան, հրապուրուեցան աշխարհային հաճոյքներէ, եւ անտէր ու անտիրական վրանաքաղաքներու մէջ թափառիլ սկսան: Հրապարակի վրայ չի վարձատրուեցան որբ արհեստաւորները, որովհետեւ որբանոցներու մէջ անոնք շուկայի համար չէին պատրաստուած:
Աւելի դժբախտ մաս մը ագարակներու մէջ գործելու համար Ֆրանսա տարուեցաւ. եւ ի՜նչ խոստումներ: Դեռ շատ թարմ են մեր յուշերը: Այդ ժամանակուան տնօրէնը` պ. Ֆաուլ, բեմէն հրապարակաւ կը յայտարարէր համոզելու համար որբերը, որոնք կը դժկամէին Ֆրանսա երթալու. «իւրաքանչիւր ագարակի մէջ 5-ական հոգի միատեղ պիտի մնաք, կանոնաւոր հայերէն թերթեր եւ գիրքեր պիտի ստանաք եւ հայ պաշտօնեաներ միշտ պիտի այցելեն ձեզ. այս նպատակներու համար նպաստամատոյցը առանձին պիւտճէ յատկացուցած է»:
Հարիւրաւոր «համոզուածներ» կարաւան առ կարաւան փոխադրուեցան Ֆրանսա, բաժնուեցան ագարակներու մէջ, բայց շռայլուած խոստումներէն ոչ մէկը գործադրուեցաւ: Անոնք ցրուեցան գիւղերու եւ ագարակներու մէջ, զրկուած հայ գիրէն ու եկեղեցիէն, շատեր այլասերեցան, իսկ շատեր ալ մոռցան իրենց լեզուն ու ազգութիւնը: Եւ ի՜նչ կեանք: Ոմանք ախոռներու մաքրութեամբ կը զբաղին եւ հասարակ ծառայի պէս չոր հացի համար օրն ի բուն կ՛աշխատին, ուրիշներ անգործութենէ կը տառապին. մէկ խօսքով բոլորն ալ դժբախտ: Բայց այդ բոլորէն ահաւորը այլասերումի եւ անհետացումի սպառնալիքն է, որուն ենթարկուած են մեր որբերը:
Ո՞վ կրնայ հաշիւ տալ մեր կորսուող որբերու մասին:
Իսկ մեր որբուհինե՞րը. դժբախտ քոյրեր, հարիւրաւորներ յափշտակուեցան օտար ընտանիքներու կողմէ, սպասուհիութեան համար: Հայանուն պաշտօնեաներ չի քաշուեցան ամենաամօթալի ձեւով վաճառքի հանելու զանոնք, քանի մը «անուանուողն մայրիկ»ներու սխրագործութեանց պատմութիւնները դեռ կը խօսուին բերաններու մէջ: Համմանայի թոքախտաւորներու հիւանդանոցին մէջ տասնեակներով որբուհիներ կը պառկին, որոնք ոչ այցելողներ ունին եւ ոչ ալ մխիթարողներ: Կը յիշենք քանի մը ամիս առաջ Զահլէի մէջ, 70 տարեկան տեղացիի մը քով սպասուհութիւն ընող հայ որբուհիի մը հանդէպ գործադրուած անպատիւ արարքը: Անթիւ են որբուհիներ, որոնք օտար տուներու մէջ կ՛արժանանան ոչ ծնողական վերաբերմունքի եւ չարաշուք օրեր կ՛ապրին:
Կա՞յ ասոնց վիճակով հետաքրքրուող մարմին մը. եթէ կայ, ի՞նչ միջոցներ ձեռք առած են այս անհաճոյ դրութեան վերջ տալու համար:
Իսկապէս շատ մտահոգիչ պարագայ մըն է մեր որբերու եւ որբուհիներու ներկայ անտիրական վիճակը: Դժբախտաբար ազգ. ու մէկ մարմին ունինք անոնցմով հետաքրքրուող եւ այս վիճակին դարման մտածող: Ամերիկեան նպաստամատոյցը հաւաքեց զանոնք հարէմներէն ու եաթաղաններէն, տարիներ շարունակ խնամեց, կերակրեց եւ իր պարտականութիւնը կատարեց: Իրաւունք չունինք աւելին սպասելու անկէ:
Այժմ մենք ենք մեր որբերու ժառանգորդները, բայց կը կատարե՞նք մեր պարտականութիւնը:
Ահա այս հարցման բացասական պատասխանն է որ կը տանջէ մեզ եւ կը ստիպէ անգամ մըն ալ շեշտելու ազգային կազմակերպութեան անհրաժեշտութիւնը, որու շնորհիւ միայն կարելի պիտի ըլլայ դարմանել մեր վէրքերը»:

