Տեղեկատուութեան «Մշակոյթը» Եւ «Պատգամին» Ընկալումը

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն մարդկային քաղաքակրթութիւնը միշտ ալ պայքարած է տարբեր մշակոյթներու ու հոլովոյթներու ընդմէջէն: Նոյն մարդկութիւնը, որ ուզած է իր «պատգամը» փոխանցել ժամանակի իմաստին եւ անոր ստեղծած պայմաններուն ընդմէջէն` միշտ ալ տեսած է, թէ պէտք է նկատի առնէ եւ յարմարի մշակոյթին եւ անոր ստեղծած պայմաններուն: Այս կարեւոր երեւոյթը կարելի չէ շրջանցել, եթէ ուզէր, որ ըստ պատշաճի, «պատգամը» հասնի հասարակութեան:

Չափազանցած պիտի չըլլանք, եթէ ըսենք, թէ ներկայ օրերու մեր կեանքերուն ու անոր բազմատեսակ պայքարներուն տուն տուող ուժը տեղեկատուութիւնն է եւ իր համաշխարհայնացած իրավիճակը: Այս նոյն տեղեկատուութիւնն է, որ նաեւ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ իւրաքանչիւր մշակոյթի կենցաղին եւ ապրելակերպին վրայ: Հետաքրքրական է հետեւիլ Միացեալ Նահանգներու ներկայ օրերու միջին սերունդի տեղեկատուութեան մարզի մասնագէտ` Ֆիլ Քուք հետազօտութիւններուն, որոնց ընդմէջէն ան որ յանդգնած է սահմանելու հետեւեալը. «… Այսօրուայ մշակոյթը կը կերտուի տեղեկատուութեան ստեղծած ազդեցութեան եւ արժեչափերուն վրայ»:

Եւ նոյն այս տեղեկատուութեան աշխարհն է, որ ստեղծած է մշակոյթ մը, որ դուռ կը բանայ մէկ կողմէ այլազանութեան, բազմազանութեան եւ քննական ու այժմէական միջոցառումներ: Այս բոլորը պատճառ կը դառնան «պատգամին» ու անոր փոխանցումին, բայց անպայմանօրէն ընկալումի ոչ դիւրին գործընթացին:

Ֆիլ Քուք կը շարունակէ` հաստատելով, որ այսօրուան կարեւորութիւնը պատգամին ինչպէ՞ս լսելի դարձնելու իրականութեան մէջ է: «21-րդ դարը փոխած է շատ արժեչափեր: Անցեալին կարելի էր դիւրութեամբ տեղեկութիւն հրամցնել, անհատը զայն պիտի ընդունէր, որովհետեւ այլ ընտրանք չունէր: Այսօր կացութիւնը տարբեր է: Կարեւոր է ստեղծել հաղորդականութիւնը: Այսօր ոչ միայն պիտի լսեն պատգամը, այլ նաեւ հակադարձեն եւ պատասխանեն», կ՛ըսէ Ֆիլ: «Այսօրուան աշխարհին մէջ անհատը դէմ յանդիման կը գտնուի տեղեկատուութեան շատ մը միջոցառումներու` եւ ունի շատ մը ընտրանքներ` տեղեկութիւն ստանալու: «Պատգամը» պէտք է հասցնել այն միջոցով, որով ան (ունկնդիրը)` ոչ միայն պիտի ընկալէ, բայց նաեւ պիտի հակազդէ անոր…», կ՛եզրակացնէ Ֆիլ:

Ճիշդ այս իրականութենէն մեկնելով` կարեւոր կը դառնայ այն, թէ՛ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տեսակի «պատգամ» կարելի պիտի ըլլայ փոխանցել, որպէսզի նոյնինքն այդ «պատգամը» ընկալուի հաւաքականութեան կողմէ:

Մեր հայկական իրականութեան համար` մեծ պարտականութիւն է մեր մշակութային ժառանգը եւ արժէքը իր ամբողջական հասկացողութեամբ` որպէս պատգամ փոխանցել ունկնդրին` մեր ժողովուրդին, ի մասնաւորի նոր սերունդին…: Պատգամը եւ անոր ինքնութիւնը անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ, ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնայ նոյնինքն պատգամին ընկալումը: Ներկայ օրերու հետազօտութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, թէ պատգամին հաղորդականութիւնը` անոր ոճը, միջոցառումը եւ միտք բանին կարեւոր գրաւականներ են նոյնինքն պատգամին ընկալումին: Թէ ինչպէ՞ս պատգամը պիտի ընկալուի հասարակութեան մէջ` եւ այս պարագային հայկական, կը մնայ իրագործելի մեծ իրականութիւն եւ մարտահրաւէր: Շատ մը պարագաներու փոխանցուած պատգամը եւ անոր ընկալած եւ ընկալելի իրականութիւնները (նոյնինքն պատգամին)` կրնան տարբերիլ իրարմէ եւ նաեւ կրնան գտնուիլ իրարմէ տարբեր եւ նոյնիսկ հակադիր վիճակներու մէջ…: Փոխանցուած պատգամը իր ինքնուրոյնութեամբ, հարազատութեամբ եւ ճշգրտութեամբ, կրնայ չընկալուիլ հասարակութեան կողմէ` ըստ ակնկալուածի, տարբեր պատճառներով եւ բնութագրումով:

Ներկայիս այս մեծ մարտահրաւէրին դիմագրաւումը` որպէս հայկական իրականութիւն, կը պարտինք «պատգամին» ընկալումը ու անոր գործընթացը բծախնդրութեամբ, մասնագիտական ու արհեստավարժ տուեալներու հիմամբ ու այդ ճամբով կատարողներուն: Հայուն Ազգային Աւանդը ու անոր առնչուած մշակութային ժառանգը` իր ամբողջական հասկացողութեամբ, պէտք է փոխանցուի ներկայ օրերու տուեալներուն մէջէն եւ ընկալուելու անհրաժեշտութեամբ:

Եթէ պիտի շնորհաւորենք «Ազդակ»-ը եւ իր 85 տարուան երկար առաքելութիւնը` նաեւ անոր բոլոր նուիրեալները եւ երախտաւորները, պէտք է նաեւ կանգ առնենք այսօրուան տուեալներուն դիմաց եւ վեր առնենք տարուած աշխատանքը` քննական տեսադաշտով:

«Ազդակ» իր առաքելութեան եւ այդ առաքելութեան ստեղծած պարտաւորութեան ճիշդ եւ արհեստավարժ գործընթացին մէջ է…: «Ազդակ»-ը այսօր` պահելով հանդերձ իր ինքնութիւնը, կրցած է փոխանցել «պատգամը», որ կ՛ընկալուի համահայկական ու համազգային տեսլականով եւ արժեչափով: Եւ այս` ո՛չ միայն (լիբանանահայ), բայց նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի շրջանակներու կողմէ անխտիր:

«Ազդակ» կրցած է հասնիլ ներկայ օրերու տեղեկատուութեան ստեղծած մշակոյթի ժառանգին` եւ այդ ժառանգին մէջէն փոխանցել պատգամը, որ ո՛չ միայն կը հասնի, այլ նաեւ կ՛ընկալուի ընթերցողին կողմէ ու կը խթանէ զայն` մասնակցելու եւ բաժին բերելու արծարծուած մտքին ու տեսակէտին:

Ներկայ ժամանակներու ճարտարարուեստի ստեղծած «հեւքին» հետ չենք կրնար քայլ չպահել, ո՛չ ալ պիտի կարենանք դէմ դնել տեղեկատուութեան մարզի աշխարհի զարգացումներուն եւ անոնց յառաջացուցած նոր կենցաղին: Ստիպուած ենք ընդգրկել զարգացումը եւ անոր նորարար մշակոյթը` իր տարբեր բնութագրումներով…: Բայց անհրաժեշտ է այդ բոլորին մէջէն հասցնել «պատգամը», որ պիտի ընկալուի հայուն կողմէ` կերտելու համար նոյնինքն հայուն միտքը եւ մշակոյթը` ներկայ աշխարհի տուեալներով:

Եւ «Ազդակ» հո՛ն է…: Ան տեղեկատուութեան աշխարհի ստեղծած «մշակոյթը» կրցած է «հայացնել»…: Եւ «պատգամին» ընկալումը` Համազգային  երփներանգներով` «Ազգայնացնել»…:

Պէտք է շարունակել…:

 

Share this Article
CATEGORIES