Կենա՛ցդ, 85-Ամեայ «Ազդակ»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Ազդակ»-ի 85-րդ տարեդարձին առիթով հաւանաբար կ՛արժէ, որ այս քանի մը տողով,  խորհրդածութեամբ ու յուշով, «մոմ» մը վառեմ այն «կարկանդակ»-ին վրայ, որ կը կոչուի «Ազդակի 85-ամեակի յատուկ թիւ»: Բայց նախ` կենա՛ցդ, 85-ամեայ «Ազդակ»…

Նախ եւ առաջ արձանագրեմ, որ «Ազդակ»-ը իր ամբողջական պատկերով օրը օրին կը հասնի ընթերցողին, որ առաջին ու ամէնէն վաւերական գնահատականը կրնայ տալ իր թերթին մասին: Խմբագրութիւնը պէտք չունի իր աշխատանքին մասին գնահատական տեղեկագիր ներկայացնելու հանրութեան, որովհետեւ այդ աշխատանքը, առաջին էջէն մինչեւ վերջինը, լուրերով, յօդուածներով, լուսանկարներով, ծանուցումներով ու այլ մանրամասնութիւններով օրը օրին կը հասնի ընթերցողին, որ իր կարգին պտոյտ կը կատարէ էջերուն մէջ, արագ կ՛անցնի կարգ մը էջերու վրայէն, կը դանդաղի այլ էջերու վրայ ու կը մարսէ անոնց բովանդակութիւնը` համաձայն իր նախասիրութեանց: Երիտասարդն ու պատանին վստահաբար անհամբեր կը սպասեն մարզական աշխարհի նորութիւններուն (հակառակ այն իրողութեան, որ պատկերասփիւռն ու լրատու այլ աղբիւրներ կրնան աւելի արագ շարժած ըլլալ), շատեր կը «բռնեն» մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը յուզող իրադարձութիւնները` Հայ դատի իր երեսներով, լուրեր ու մեկնաբանութիւններ, որոնց «մենաշնորհը» ունի թերթը, տակաւին` մշակոյթ, կնոջական ու մանկական աշխարհներուն հետ հաղորդակից ըլլալ ուզողը կը սպասէ 6-րդ էջի փոփոխութիւններուն, եւ այսպէս` շարունակաբար ու հերթաբար:

«Ազդակ» այսպէս եղած է, այսինքն օրը օրին ակնդէտ սպասումով դիմաւորուած է իր ընթերցողներուն կողմէ, պատերազմական թէ խաղաղութեան տարիներուն: Երբ կ՛ըսենք պատերազմական` ի մտի ունինք Բ. Աշխարհամարտը, Լիբանանի տագնապին բերած ռազմական հանգրուանները թէ աշխարհը յուզող զինուորական իրադարձութիւնները (որոնք վերջին շրջանին բազմացած են մանաւանդ Լիբանանը շրջապատող Միջին Արեւելքին մէջ), որոնք հայ ընթերցողին բերուած են ու կը բերուին հայութեան հետաքրքրութեանց ու Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհի դիտանկիւնէն տրուած մօտեցումներով: Այլ խօսքով, «Ազդակ» իր ու աշխարհի օրագիրը պահած է հետեւողական կերպով, որքան որ ներած են իր էջերուն ծաւալը եւ իր աշխատակազմին ուժերը: Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը քաղուող «տաք-տաք լուրեր»-ուն կողքին, մեկնաբանական ու ընտրովի թարգմանական յօդուածներն ու գրութիւնները կը մեկնին մեր ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ մարդկութիւնը յուզող հարցերու ու տագնապներու խորքը թափանցելու նախանձախնդրութենէն, հետեւաբար ունին լայն առումով դաստիարակիչ նկարագիր. ընթերցողը, տարիներու ընթացքին, ոչ միայն կը ծանօթանայ «Ազդակ»-ի գաղափարական աշխարհին ու մօտեցումներուն, այլ նաեւ իր մտածումներու աշխարհը կը զուգորդէ այդ աշխարհին հետ` ինքն իրեն իրաւունք տալով համաձայնելու այդ տեսակէտներուն կամ վիճարկելու զանոնք:

Հաւանաբար ոչ աւելորդ կրկնութիւն պիտի ըլլայ ըսել, որ «Ազդակ»-ի սրտին բաբախումները միշտ ալ համահունչ եղած են հայութեան հայրենական ու ազգային բազկերակներուն: Ընթերցողը թերթին էջերուն ճամբով ապրած է հպարտութեան ու տրտմութեան, անձկութեան պահեր: Եթէ հայ ժողովուրդը կամ անոր հնարամիտ, տաղանդաւոր մէկ զաւակը նուաճումներ, յաղթանակներ արձանագրած է, «Ազդակ» խնդութիւն սփռած է իր ընթերցողներուն, իսկ եթէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը ապրած են աղէտ կամ ընկրկում,  համապատասխան անդոհանք սփռուած է «Ազդակ»-ի սիւնակներէն: Օրինակները բազմաթիւ են, բիւրաւոր. կը բաւէ արագ ակնարկով թռիչք կատարել «Ազդակ»-ի հաւաքածոներու էջերուն վրայէն, եւ վերոյիշեալ հաստատումին պերճախօս վկայութիւնները պիտի տեսնուին գրեթէ ամէն օր:

Արձանագրենք մօտիկ անցեալէն քանի մը օրինակ.

60-ականներուն եւ 70-ականներուն, երբ լրատու աղբիւրները չէին հասած այսօրուան արագութեան ու արդի արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններուն, ճատրակի աշխարհին տիրապետող Տիգրան Պետրոսեանի կամ երբեմնի «Արարատ» խումբին նուաճումները ցնծութեան ալիքներ կը տարածէին ընթերցողներուն: Նոյնը պատահեցաւ 80-ականներուն` Կերի Գասպարովի յաղթանակներուն շնորհիւ: Հաւանաբար այսօր յիշողներ կան, թէ հայութիւնը ինչպիսի՛ հպարտութեամբ ու անձկութեամբ կը հետեւէր Արփա-Սեւան ջրատարի կառուցման աշխատանքներուն, Երեւանէն արձագանգուող «Մեր հողերը…» կանչերուն: «Ազդակ»-ի խմբագրատան տարեգրութեանց մէջ երանութեամբ արձանագրուած են այն գիշերները, երբ «Արարատ» խումբը ճակատագրական մրցում մը կ՛ունենար երեկոյեան ու ընթերցողներ, մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան ետք, կը սկսէին խմբագրատունը «ռմբակոծել» հեռաձայններով, վստահ ըլլալով, որ մարզական խմբագիրը կարճ ալիքի վրայ հետեւած էր մրցումին ու յաջորդ օրուան թիւին լոյս ընծայումէն առաջ իսկ իրենց պիտի աւետէր կարեւոր յաղթանակին լուրը: Զուգահեռաբար, «Ազդակ» օրը օրին, ու որեւէ այլ լրատու աղբիւրէ առաջ, պիտի ըլլար Հայ դատի աշխատանքներուն ճամբուն վրայ արձանագրուած նուաճումներուն տարածիչը. Ցեղասպանութեան հարցին ՄԱԿ-ի ենթայանձնախումբերու մէջ արծարծման ու արձանագրուած վերիվայրումներուն տեղեկութիւնները «Ազդակ»-ի էջերուն ճամբով պիտի հասնէին մեր ժողովուրդին (առանց մոռնալու 70-ականներու ապրիլմէկեան կատակը, որ եղաւ Արցախի` Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին վերադարձի առաջին «նախատեսութիւնը»…): Աւելի ուշ, արցախեան շարժումին, Հայաստանը դէպի անկախացում տանող զարգացումներուն թէ Արցախի հերոսամարտի օրերուն «Ազդակ» մնաց առաջին ու հարազատ արձագանգողը: Ազերիական սկզբնական յառաջխաղացքները, Սումկայիթը, Գետաշէնն ու Շահումեանը տրտմութեան արձագանգներով տարածուեցան հայութեան մէջ. կարճ ատեն ետք բազում նահատակներու արեան գնով կերտուած Արցախի ազատագրումը այս անգամ հպարտութեան ու բաւարարութեան օղակներ տարածեցին մեր ժողովուրդին մէջ: Այդ հանգրուաններուն եւս բազմաթիւ ընթերցողներ կը նախընտրէին չսպասել յաջորդ օրուան թիւին, այլ գիշերով, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով կ՛ուզէին հաղորդակից դառնալ ազերիական ուժերը նահանջի մատնող մեր ազատամարտիկներու յառաջխաղացքներուն, որոնք գունաւոր մատիտներով կը նշուէին խմբագրատան պատին զետեղուած քարտէսին վրայ…

«Ազդակ»-ին ու ընթերցողներուն միջեւ այս սերտ կապն ու հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր, մանաւանդ որ անմիջական կապի համար ընթերցողը պէտք չունի անպայման հեռաձայնելու, որովհետեւ թերթին կայքէջը ըստ կարելւոյն ու հնարաւորին` կ՛օգտագործէ արդի արհեստագիտութեան միջոցները, ժամ առ ժամ հոն կը տեղադրէ այնպիսի նորութիւններ, որոնք չեն ինկած թերթին լոյս ընծայման համար սահմանուած ժամանակին մէջ: Հոն, կայքէջին վրայ տեղ ունին իրադարձութեանց մասին ժապաւէններ, որոնք կարելի չէ «սփռել» թերթին էջերէն: Ընթերցողը հաւանաբար այս ու նմանօրինակ նորութիւններ կը դիտէ կատարուած իրողութեան մօտեցումով, այսինքն կը սպասէ ու սպասածը կը գտնէ` անմիջական նորութիւններու հաղորդ պահուելու առումով, սակայն հաւանաբար ի մտի չ՛ունենար, որ այդ մեքենային ետին կայ զայն բանեցնողներու նուիրեալ խմբակ մը, որ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ու մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը, ժամը ժամուն ու վայրկեանը վայրկեանին կը հետեւի «վերջին լուրեր»-ուն, կ՛արձանագրէ կարեւոր նկատուողները ու «Ազդակ»-ը ազնիւ մրցակցութեան մէջ կը պահէ լրատու աղբիւրներու հետ` հայութիւնը յուզող հարցերու մասին միշտ ալ շահելով առաջին մրցանակը: Կ՛արժէ, որ 85-ամեակի այս թիւին էջերէն գնահատանքի ու հպարտութեան բաժնեկցութեան խօսք մը արձանագրենք հոս, այդ «անծանօթ զինուորներ»-ուն հասցէին:

Կ՛արժէ նաեւ լուսարձակի տակ առնել այլ երեւոյթներ ալ` իբրեւ ցուցանիշ ընթերցող-թերթ հաղորդակցութեան ու կապին: Արձանագրենք քանի մը յուշ:

Լիբանանեան տագնապի տարիներուն, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, երբ «Ազդակ»-ի խմբագրատունն ու տպարանը կը գործէին Արեւմտեան Պէյրութի մէջ, հազուադէպ չէին այն դաժան օրերը, երբ թերթը, մամուլին տակէն դուրս գալէ ետք չկարենար հասնիլ արեւելեան ու այլ շրջաններու իր ընթերցողներուն: Այսօր հաւանաբար մոռցուած է (ու եթէ մոռցուած է, լաւ եղած է), որ այդ շրջանին կար «կանաչ գիծ» կոչուած «սահման» մը, զոր կտրելու համար երթեւեկողը կախեալ էր զինեալ տարրերու եւ արձակազէններու քմահաճոյքէն: Թերթին արեւելեան գօտի չհասնիլը երկակի տագնապ է. կը տագնապէր խմբագրութիւնն ու անձնակազմը, որ գիտէր, թէ իր մէկ օրուան աշխատանքը մեծ մասամբ եղած է ապարդիւն (ինչի՞ կը ծառայէ թերթ հրատարակելը, երբ ընթերցողդ անմասն պիտի մնայ բովանդակութեան…), կը տագնապէր նաեւ ընթերցողը, որ հեռաձայնը ձեռք կ՛առնէր` իր դժգոհութիւնն ու անբաւարարութիւնը տպարան գտնուողներուն փոխանցելու: Կարգ մը ընթերցողներու համար «ճամբան փակ էր» կամ «թերթը ձեր կողմը հասցնելը անկարելի եղաւ»  բացատրութիւնները անհասկնալի էին: Ան գիտէր, որ «Ազդակ»-ի ցրւումի պատասխանատուն ու անոր ուղեցոյց եղող կամաւորները անպայման պիտի կարենային գտնել կղպուած «անցքեր»-ուն բանալին (այդ օրերուն կամաւոր բառը զգեցած էր մօտաւորապէս այն իմաստը, որ ունէր մեր ֆետայական շարժումի օրերուն, որովհետեւ «սահմանագիծ»-ը կտրելը յաճախ կենաց-մահու հարց էր. բարեբախտաբար «Ազդակ»-ին խնայուեցաւ այդ ճամբուն վրայ զոհ տալը, թէեւ եղան վիրաւորներ, առեւանգեալներ ու փրկուողներ. «Ազդակ» այլապէս արեան գին վճարեց տագնապի օրերուն, անձնակազմի անդամի մը զոհաբերումով): Այս ծիրին մէջ ալ  պէտք է 85-ամեակի յատուկ թիւի այս սիւնակներէն երախտապարտութեամբ յիշենք այն տղաքն ու բարեկամները, որոնք ըստ կարելւոյն` «Ազդակ»-ը հասանելի պահեցին ընթերցողներուն: Զուգահեռաբար, կարելի չէ մոռնալ այն ընթերցողները, որոնք արդար դժգոհութեամբ կը դիմաւորէին հարկադրաբար «կրճատուած» թիւերը (կարգ մը փուլերու, «Ազդակ» ստիպուեցաւ լոյս տեսնել միայն 4 էջով` սովորական 8-ի փոխարէն, իսկ երբեմն ալ հարկադրուեցաւ բովանդակութենէն բաժիններ կրկնել յաջորդ օրուան թիւերով, կամ` Պէյրութի իսրայէլեան գրաւումի օրերուն ստիպուեցաւ ընթերցողին ներկայանալ փոքրադիր 4 էջերով):

Վերոյիշեալ խառն զգացումներու յիշատակներէն ասդին, «Ազդակ» վերջին տարիներուն արձանագրած է այլ նուաճումներ, որոնց իրականացման մէջ մասնակից են երեւելի ու «անծանօթ» աշխատակիցներ ու անձնակազմի անդամներ: Տարեց ու փորձառու խմբագիրներու եւ աշխատողներու կողքին, գործի լծուած են երիտասարդներ, որոնք ոչ միայն «Զաւարեանական» ու երիտասարդական էջերը կը պահեն միշտ վերանորոգուող ընթացքի մէջ, այլ նաեւ թարմութիւն կը բերեն թերթին (անմիջապէս նշենք, որ վաղեմի աշխատողները կը կանգնին նորութիւն ու թարմութիւն բերողներու յառաջապահի դիրքերուն վրայ, նեցուկ` նորերուն, որոնք հին հերկերուն կողքին` կը բանան նոր ակօսներ): «Ազդակ»-ի հարստացման ցուցանիշներուն մաս կը կազմեն կայքէջային այն յաւելուածները (թէեւ բոլորը համաչափ չեն), որոնք գրականութիւն, մշակոյթ ու մանկական աշխարհ կը բուրեն համացանցի ճամբով: Տակաւին, լիբանանահայ գաղութին համար «Ազդակ»-ը դարձած է մշակութային եռուզեռի դաշտ: Քանի մը օր առաջ խոր գոհունակութեամբ կը կարդայի, թէ «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպուած է 66-րդ լսարանը` նուիրուած Դաշնակցութեան ու «Ազդակ»-ի մէկ երախտաւորին աշխատութեան: Նոյն միջավայրին մէջ կը ծաղկին նաեւ ծանօթ ու նոր արուեստագէտներ` ցուցահանդէսներով ու մշակութային համազօր ձեռնարկներով: Միշտ երիտասարդ ու աշխուժ «Ազդակ»-ին համար տարօրինակ ու զարմանալի չէ, որ վայելէ մեր բարերարներուն զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը, որովհետեւ մեր ժողովուրդն ու անոր բարերար զաւակները միշտ ալ գիտցած են գնահատել ու նեցուկ կանգնիլ անոր, որ կը ծառայէ իրեն, հայելին կը դառնայ ծառայողներուն ու կը ձգտի հետեւողական ու մնայուն վերանորոգումի:

Այս սիւնակը կարելի է երկարել ու պատմել այլ յուշեր, դրուագներ, որոնք կերտած են «Ազդակ»-ի ներքին կեանքը (ըսինք, չէ՞, որ թերթին էջերը ամէնօրեայ տեղեկագրութիւն են անոր գործին, աշխատանքին, աշխատողներուն մասին): Այսուհանդերձ, եզրափակենք մէկ մատնանշումով, որ կրնայ հետաքրքրական ըլլալ ընթերցողին, երեւոյթ, զոր ընթերցողը վստահաբար կը դիտէ «կատարուած իրողութեան» ցանկին մէջ ու հարկադրուած չէ մտածելու այդ մասին:

Ակնարկութիւնը կ՛երթայ 5 մարտ թուականին:

«Ազդակ»-ի տարին կը սկսի 5 մարտին: Եթէ ընթերցողը առաջին էջի ճակատին կը կարդայ թերթին թիւը, օրինակ` 85-ՐԴ ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 281 (23968) ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2012, սա կը նշանակէ, թէ այդ օրը, «Ազդակ»-ի 85-րդ տարուան 281-րդ համարն է, որ լոյս տեսած է, իսկ փակագիծին մէջ նշուած թիւը` 23,968, «Ազդակ»-ի հրատարակման առաջին թիւէն ասդին լոյս տեսած համարներուն գումարն է: Հաւանաբար ընթերցողին համար հետաքրքրական է գիտնալ, թէ հոն` թերթի տպարանին մէջ կայ մէկը, որ ամէն օր հոգ կը տանի, որ թերթին թիւի փոփոխութիւնը արձանագրուի ճակատին, իսկ տարին անգամ մը` 5 մարտին, փոփոխութիւն կրէ նաեւ տարիքին թիւը, ու նոր տարեշրջանը սկսի թիւ մէկով:

Օրը օրին փոփոխութիւնը դիւրին գործ է. բծախնդիր գրաշարը (թերթը միշտ ալ հպարտ եղած է իր գրաշարական խմբակով) ամէն օր, գործը սկսելէ առաջ, այդ փոփոխութիւնը կը կատարէ: Կարեւորը` 5 մարտին փոփոխելիներն են, որովհետեւ ատիկա տարին մէկ անգամ կը պատահի: Առօրեայ հեւքին մէջ կրնայ պատահիլ, որ այս փոփոխութիւնը չկատարուի մինչեւ… թերթին մամուլի յանձնուիլը: Հաւատարիմ ու բծախնդիր գրաշարն ալ մարդ է, ի վերջոյ: Էջերու վերջին ստուգման պահը կրնայ ճակատագրական ըլլալ այս իմաստով: Սա մանր մանրամասնութիւն է, սակայն` ոչ արհամարհելի:

Վստահ եմ, որ այսօր` մարտ 5-ին, «Ազդակ»-ի ընտանիքը իրեն յատուկ մթնոլորտի մէջ բաժակ պիտի բարձրացնէ աշխատողներուն, ընթերցողներուն ու, ինչո՞ւ չէ, բոլորիս սեւեռակէտը եղող հայրենիքին կենացը, պիտի մաղթէ, որ 85 տարի առաջ, 5 մարտին ճամբայ ելած կառքը ընթանայ անխափան, հակառակ կեանքին ու տնտեսական տագնապներուն պարտադրած ճնշումներուն: Աշխարհի չորս ծագերէն` կայքէջին ճամբով «Ազդակ»-ին հետեւողներն ալ բաժնեկից պիտի ըլլան այն  ցնծութեան, որ իր ծնունդէն 85 տարիներ ետք, «Ազդակ» միշտ ալ պիտի գտնէ աշխուժ, երիտասարդ ու կենսունակ մնալու հնարքները` վստահելով հայ մամուլի առաքելութեան հաւատացողներուն: Բոլորս ալ պիտի մաղթենք, որ «Ազդակ»-ի ճակատին անվերջանալի ըլլան թիւերու ամէն օր ու ամէն տարի փոփոխումները, 85 տարի առաջ, հիմնադիր տնօրէնին կողմէ սկսուած դրօշարշաւը շարունակուի նորանոր նուաճումներով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES