ՕՀԱՆԵԱՆ. «ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԱՐԵԱՄԲ ՁԵՌՔ ԲԵՐՈՒԱԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

Ազատամարտիկի կիսանդրիի բացում

Նախանցեալ օր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Աբովեանի Նիքոլայ Վանեանի անուան թիւ 5 միջնակարգ դպրոցին մէջ մասնակցեցաւ զոհուած ազատամարտիկ, «Արցախ» գունդի հրամանատար Նիքոլայ Վանեանի ծննդեան 50-ամեակի յոբելեանին եւ կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Իր խոնարհումը բերելով արցախեան ազատամարտի հերոսի յիշատակին` Սէյրան Օհանեան յայտնեց, որ արցախեան յաղթանակները կարելի չէին ըլլար, եթէ ազատամարտիկներուն հերոսութիւնը եւ անձնազոհութիւնը չ՛ըլլար: «Մենք այսօր մեծագոյն պարտաւորութիւնը ունինք պահպանելու համար անոնց արեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնները եւ շարունակելու անոնց կիսատ ձգած գործը», ընդգծեց Ս. Օհանեան:

Դպրոցի բակին մէջ Նիքոլայ Վանեանի կիսանդրիի բացման առիթով Սէյրան Օհանեան նշեց, որ «կիսանդրիին բացումով մենք ռազմահայրենասիրական բաց դասարան կը ստեղծենք դպրոցի մուտքին առջեւ, քանի որ ատիկա աշակերտական տարբեր սերունդներուն պիտի փոխանցէ արցախեան ազատամարտի հերոսական դասերը»:

Share this Article
CATEGORIES