ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Հենրիք Լիթվինը, որ Երեւան կը գտնուի երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով:
Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց հայ-լեհական յարաբերութիւններուն աշխուժ զարգացման առնչութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձան Լեհաստանի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեց ան կարգ մը երկկողմանի, միջազգային եւ շրջանային հարցերու վերաբերեալ:
Է. Նալբանդեան եւ Հ. Լիթվին անդրադարձան Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ ընթացող հոլովոյթներուն եւ քննարկեցին այս տարուան երկրորդ կիսուն Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովի կազմակերպման առնչուող հարցերը:
Նոյն օրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան հերթական քաղաքական խորհրդակցութիւնները` Հայաստանի եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ:
Պատուիրակութիւնները կը գլխաւորէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարինէ Ղազինեան եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Հենրիկ Լիթվին:
Բանակցութիւններու ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ձեւաւորուած օրակարգային կարգ մը խնդիրներուն շուրջ:
Հայ-լեհական բազմաբովանդակ փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ քննարկուեցան երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական մարզի հարցեր, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող եւ շրջանային նշանակութիւն ունեցող տարբեր խնդիրներ: