50 Տարի Առաջ (6 մարտ 2012)

Այնճար Ելեկտրական
Լոյսով Օժտուեցաւ

Բացումը  Կատարեց Հանրօգուտ Շինութեանց
Նախարար Փիեռ Ժեմայէլ

Երէկ` կիրակի, 4 մարտ, տօնական օր մը եղաւ Այնճարի համար: Հայկական գիւղը, որ 22 տարիէ ի վեր զրկուած էր ելեկտրական լոյսի բարիքներէն, շնորհիւ պետական ծրագրի մը իրագործման, օժտուեցաւ ելեկտրական ցանցով մը:

Այս հանդիսաւոր առիթով Այնճար այցելեց հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, որ անձամբ կատարեց ելեկտրական նոր ցանցին բացումը: Այս փառաշուք հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, Պեքաայի նահանգապետ Սալհապ, երեսփոխաններ` զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Վարդգէս Շամլեան, ինչպէս նաեւ` ելեկտրական սպասարկութեան մասնագէտ Ֆուատ Պըզրի եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Ժողովրդային խանդավառ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ նախարարը կատարեց բացումը, մինչ Այնճարի ժողովուրդը կը հնչեցնէր իր աւանդական տավուլ զուրնան, ի նշան խնդութեան:

Այնճարի հայութեան անունով, արաբերէնով շնորհակալութեան ուղերձ մը կարդացուեցաւ` երախտագիտութեան անկեղծ արտայայտութիւններով հանդէպ Լիբանանի վսեմաշուք նախագահին, կառավարութեան եւ յատկապէս հանրօգուտ շինութեանց նախարարին, որ մեծ դեր ունեցաւ ելեկտրական հոսանքի Այնճար հաստատման ծրագրի իրագործման մէջ:

Փիեռ Ժեմայէլ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւնները հիւրասիրուեցան քաղաքապետարանին մէջ, ուր Ժեմայէլ իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ աւելցուց, թէ պատրաստ է միշտ ծառայելու Այնճարի ժողովուրդին:

Նախարարը իր հետեւորդներով այցելեց նաեւ նորակառոյց եկեղեցին եւ իր հիացումը յայտնեց անոր ճարտարապետական ոճին եւ կառոյցին համար:

Ժեմայէլ բաժնուեցաւ Այնճարէն ժողովրդային ողջերթի սրտաբուխ արտայայտութիւններով:

 

Այնճարի Ելեկտրական Ցանցին
Բացումը

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար շէյխ Փիեռ Ժեմայէլ հիւրասիրուեցաւ Այնճարի քաղաքապետարանին մէջ, ուր խօսեցաւ ջերմ բաժակաճառ մը: Հայ պետական երեսփոխաններու կողմէ իրեն պատասխանեց Պէյրութի երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեան:

Ձախէն աջ` Խաչիկ Պապիկեան, Պեքաայի նահանգապետ Սալհապ, Փիեռ Ժեմայէլ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Վարդգէս Շամլեան եւ Խորէն արք. Բարոյեան:

Նախարարը այցելեց նաեւ Այնճարի նորակառոյց եկեղեցին: Մեր նկարը ցոյց կու տայ նախարարը (մէջտեղը) եկեղեցիին մուտքին առջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES