Բժշկագիտական. Երեխաները Խօսիլ Սորված Ատեն Կը Փորձեն Դիմացինին Շրթները«Կարդալ»…

Փետրուարի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ երեխաները խօսիլ սորված ատեն ո՛չ միայն կը հետեւին տարբեր ձայներու, այլ անոնք ուշի ուշով կը հետեւին նաեւ դիմացինին շրթներուն շարժումներուն:

Ամերիկացի մասնագէտներ յայտնած են, թէ երեխաները կը սկսին իրենց ծնողներուն եւ կամ հարազատներուն շրթներուն շարժումներուն հետեւիլ ա՛յն հանգրուանին, երբ թոթովելէն աստիճանաբար կ՛անցնին վանկեր ըսելու եւ, վերջապէս, կը հասնին «մամա» կամ «պապա» ըսելու հանգրուանին:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ վեց ամսուան երեխաները արդէն իսկ կը սկսին տարբեր ձեւով նայիլ իրենց շուրջիններուն: Այսպէս, օրինակ, անոնք իրենց հետ խօսողին դէմքը չեն դիտեր միայն, այլ կը սկսին ուշի ուշով հետեւիլ անոր շրթներուն շարժումներուն:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը  գլխաւորող ամերիկացի հոգեբան Տէյվիտ Լուքօուիքչ բացատրած է, թէ երեխաները դիմացինին խօսած ատեն իրենց լսած բառերուն հնչիւնները կարենալ ընդօրինակելու համար պէտք է սորվին իրենց շրթներուն ձեւը անոր շրթներուն ստացած ձեւին նման ընել, ինչ որ բաւական բարդ գործընթաց մըն է: Սակայն, հետաքրքրականօրէն, երեխաները արդէն իսկ կարճ ժամանակի մէջ կը յաջողին իրենց շրթները շարժել այնպէ՛ս մը, որ այդ շարժումները կը համընկնին հիմնական ձայները հնչած ատեն շրթներուն ստացած ձեւերուն:

Կեդրոնանալ` Անհրաժեշտ Եղող
Ազդակի
Մը Վրայ

Մասնագէտները նկատած են, թէ մէկ տարեկանէն ետք երեխաները կը վերսկսին իրենց դիմացինին աչքերուն եւ կամ ընդհանրապէս դէմքին նայիլ` անոր շրթներուն վրայ կեդրոնանալու փոխարէն: Սակայն, երբ նշեալ հանգրուանին անոնք օտար լեզուի մը անծանօթ հնչիւնները լսեն, ապա կը վերսկսին իրենց դիմացինին շրթներուն շարժումներուն հետեւիլ եւ այս անգամ համեմատաբար աւելի երկար կը տեւէ իրենց շրթներուն շարժումները այդ անծանօթ հնչիւններուն համընկնեցնելու գործընթացը:

Ամերիկացի այլ հոգեբան մը` Պոպ ՄըքՄուրէյ ըսած է, թէ երեխաները գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն եւ, հետեւաբար, անոնք կարողութիւնը ունին իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու տուեալ հանգրուանի մը մէջ իրենց զարգացման համար անհրաժեշտ եղող ազդակի մը վրայ (այս պարագային` շրթներուն վրայ):

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը աւելի եւս ապացուցած է, թէ իրենց ծնողներուն դէմքին արտայայտութիւնն ու շրթներուն շարժումները մօտէն դիտելը շատ աւելի կը նպաստէ երեխաներուն լեզուին զարգացման, քան` նշեալ նպատակին համար մասնագէտներուն կողմէ պատրաստուած ու տի. վի. տի.ի վրայ արձանագրուած յատուկ յայտագիրները:

Մասնագէտները նշած են, թէ օթիզմ ունեցող երեխաները ոչ մէկ ուշադրութիւն կը դարձնեն իրենց դիմաց եղող հարազատներուն դէմքին արտայայտութեան եւ կամ շրթներուն ունեցած շարժումներուն:

Մասնագէտներուն համար երեխաներուն խօսիլ սորվելու գործընթացը յստակացնելը հետաքրքրութեան համար չէ եղած պարզապէս: Այսպէս, օրինակ, ջղաբաններ հետամուտ են գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է քաջալերել երեխաներուն մօտ խօսիլ սորվելու գործընթացը, մասնաւորաբար երբ անիկա տեղի չ՛ունենար ճիշդ ժամանակին: Այսուհանդերձ, նշեալ պարունակին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը նպաստեն յստակացնելու, թէ ինչպէ՞ս ուղեղը կը սկսի ինքզինք աշխուժացնել նորածիններուն կեանքին սկզբնական հանգրուաններուն` տարբեր տեսակի բաներ սորվելու համար:

Վեց Ամսու Երեխային Ուղեղը Արդէն Իսկ
Կարողութիւնը
Ունի Հակակշռելու
Անոր
Կեդրոնացումը

Ծնելէն վեց ամիս ետք երեխաները կը սկսին իրենց մայր լեզուին պատկանող բառերը վանկեր թոթովել եւ, նախքան մէկ տարեկան ըլլալը, կը յաջողին իրենց առաջին բառը արտասանել:

Ծանօթ է արդէն, որ երբ ծնողներ միօրինակ եղանակով խօսքեր կ՛արտասանեն իրենց երեխաներուն, իրենց ձայնին բարձրութիւնը կը գրաւէ երեխաներուն ուշադրութիւնը, իսկ ձայնին կշռոյթը կը չափազանցէ բառերուն գլխաւոր հնչիւնները:

Այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ ա՛յն երեխաները, որոնք կրցած են լաւապէս զանազանել այբ ու ինի ձայնաւորներուն հնչիւնները` նախքան մէկ տարեկան ըլլալը, ապա անոնք շատ աւելի յստակօրէն հնչած են բառերը մանկապարտէզին մէջ:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են մօտաւորապէս հարիւր ութսուն երեխաներ, որոնք չորս, վեց, ութ, տասը ու տասներկու ամսու եղած են: Նշեալ երեխաները անգլերէն խօսող ընտանիքներու մէջ  ծնած են: Մասնագէտները նշեալ երեխաներուն ցուցադրած են վիտէօ-երիզ մը, որուն մէջ կին մը թէ՛ անգլերէն խօսած է եւ թէ՛ սպաներէն:

Մասնագէտները յատուկ սարք մը պարունակող փափուկ գլխակապ մը տեղադրած են երեխաներուն գլխուն վրայ: Նշեալ սարքին միջոցով կարելի եղած է ճշդել, թէ իւրաքանչիւր երեխայ ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացած է վիտէօ երիզը դիտած ատեն, եւ թէ` անիկա որքա՞ն ատեն կեդրոնացած մնացած է տուեալ կէտի մը վրայ:

Մասնագէտները գտած են, թէ երբ վիտէօ երիզին մէջ կինը անգլերէն խօսած է, ապա չորս ամսու եղող երեխաները երկար ատեն նայած են անոր աչքերուն, իսկ վեց ամսու եղող երեխաները կեդրոնացած են կնկան աչքերուն ու բերնին շարժումներուն վրայ` հաւասար ժամանակ տրամադրելով երկուքին:

Ինչ կը վերաբերի ութ ու տասը ամսու եղող երեխաներուն, ապա անոնք երկար ատեն կեդրոնացած են կնկան բերնին շարժումներուն վրայ, իսկ տասներկու ամսու եղող երեխաները` անոր աչքերուն վրայ:

Մասնագէտ Լուքօուիքզ ըսած է, թէ վերոնշեալ տուեալները յստակօրէն ցոյց տուած են, թէ վեց ամսու եղող երեխաներուն ուղեղը արդէն իսկ այնքա՛ն մը աճած է, որ սկսած է հակակշռել անոնց կեդրոնացումը եւ անոնք ուշի ուշով հետեւած են կնկան բերնին շարժումներուն:

Երբ կինը սկսած է սպաներէն խօսիլ, տասներկու ամսու եղող երեխաները համեմատաբար փոքր տարիք ունեցող երեխաներուն նման երկար ատեն կեդրոնացած մնացած են անոր բերնին շարժումներուն վրայ: Նման երեւոյթ մը կը բացատրէ, թէ ուղեղը յաւելեալ ժամանակի պէտք ունեցած է` կարենալ զանազանելու համար մայրենի լեզուին ու օտար լեզուին հնչիւնները:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES