Բժշկագիտական. Լեարդի Բորբոքում Յառաջացնող Սէ. Տեսակի Ժահրին Համար Պատրաստուած Պատուաստին Փորձարկումը` Խոստմնալից…
Յունուարի սկիզբը Օքսֆորտ համալսարանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարող խումբ մը մասնագէտներու կողմէ լեարդի բորբոքում յառաջացնող Սէ. տեսակի ժահրին համար պատրաստուած պատուաստին վրայ կատարուած փորձարկումներուն սկզբնական արդիւնքները բաւական խոստմնալից եղած են:
Նկատի ունենալով, որ ժահրերը շարունակ կը փոխեն իրենց տեսքը, այս մէկը կը դժուարացնէ զիրենք թիրախ դարձնող տարբեր պատուաստներու պատրաստութեան աշխատանքը:
Ծանօթ է արդէն, որ լեարդի բորբոքում յառաջացնող Սէ. տեսակի ժահրը կրնայ տարիներ շարունակ աննկատ մնալ մարդկային մարմնին մէջ, սակայն, մինչ այդ, անիկա կրնայ մահացու կերպով վնասել լեարդին եւ նշեալ հանգրուանին մէջ է միայն, որ կը յայտնուին ժահրէն վարակուած ըլլալու ախտանշանները եւ արդէն իսկ ուշ կ՛ըլլայ նոյնիսկ այդ ախտանշանները դարմանելու:
Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, Բրիտանիոյ մէջ լեարդի բորբոքում յառաջացնող Սէ. տեսակի ժահրով վարակուած մարդոց թիւը կը հասնի մօտաւորապէս հինգ հարիւր հազարի: Աշխարհի առողջապահութեան կազմակերպութեան ունեցած տուեալներուն համաձայն, աշխարհի տարածքին նշեալ ժահրով, վարակուած մարդոց թիւը կը հասնի աւելի քան հարիւր եօթանասուն միլիոնի:
Սէ. ժահրը կը փոխանցուի արեան միջոցով, իսկ անկէ վարակուած ըլլալու իրողութիւնը կը ճշդուի համապատասխան արեան քննութիւններու միջոցով:
Մարմնի Բնական Պաշտպանութեան
Համակարգի Ուշագրաւ Աշխուժացում
Մասնագէտներ տարիներ շարունակ փորձած են գտնել Սէ. ժահրին դէմ պայքարող տարբեր դեղամիջոցներ: Այսուհանդերձ կարգ մը դեղամիջոցներ կրցած են որոշ չափով հակակշիռի տակ պահել ժահրին ինքզինք դրսեւորելու գործընթացը:
Միւս կողմէ, սակայն, այլ մասնագէտները հետամուտ եղած են պատրաստելու նշեալ ժահրին յատուկ եղող պատուաստ մը, որ կարենայ ամբողջութեամբ ոչնչացնել զայն: Նշեալ ծիրին մէջ վերջերս Օքսֆորտ համալսարանի մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ փորձած են թիրախ դարձնել Սէ. ժահրին ներքին կերտուածքներն ու անոնց մէջ տեղի ունեցող գործընթացները` փոխանակ հարուածելու անոր մակերեսի կերտուածքները:
Ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` փրոֆ. Փոլ Քլենըրմեն ըսած է, թէ ժահրին գլխաւորաբար արտաքին մասն է, որ շարունակ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, մինչ ներքին մասը գրեթէ անփոփոխ է:
Մասնագէտները վերցուցած են լեարդի բորբոքում յառաջացնող Սէ. տեսակի ժահրին ծինային կերտուածքները եւ զանոնք ներարկած են հարբուխի ժահրին մէջ: Ապա անոնք նշեալ հարբուխի ժահրը իբրեւ պատուաստ ներարկած են քառասունմէկ առողջ մարդոց մարմնին մէջ: Այսուհանդերձ անոնք մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգի ուշագրաւ աշխուժացում նկատած են բոլորին մօտ, որ տեւած է նուազագոյնը մէկ տարի եւ որեւէ ծանր ժխտական ազդեցութիւն չէ ունեցած մարդոց առողջութեան վրայ:
Պատուաստը Փորձարկել Նաեւ Սէ. Ժահրով
Վարակուելու Վտանգին Հակամէտ Եղող Մարդոց Վրայ
Փրոֆ. Քլենըրմեն հետաքրքրական գտած է նշեալ մարդոց մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին մէջ յառաջացած աշխուժացումը եւ ըսած է, թէ ցարդ կարելի եղած է ամբողջացնել փորձարկումներու շարքին առաջին հանգրուանը միայն եւ արդէն իսկ մօտ ատենէն կը սկսին յաջորդ հանգրուանին փորձարկումները:
Փրոֆ. Քլենըրմեն ըսած է, որ թէեւ ցարդ կատարուած փորձարկումներուն սկզբնական արդիւնքները խոստմնալից եղած են, բայց եւ այնպէս տակաւին երկար ժամանակի կը կարօտի լեարդի բորբոքում յառաջացնող Սէ. տեսակի ժահրին դէմ պայքարող պատուաստին պատրաստութիւնը:
Մասնագէտները հետամուտ են նշեալ պատուաստը փորձարկելու նաեւ Սէ. ժահրէն վարակուելու վտանգին հակամէտ եղող մարդոց վրայ` տեսնելու համար, թէ արդեօք անիկա պիտի կարենա՞յ պաշտպանել զիրենք նշեալ ժահրէն, թէ ոչ:
Այլ մասնագէտ մը` Չարլզ Կոր Սէ. ժահրին կասեցման ծիրին մէջ մեծ նուաճում նկատած է նման պատուաստի մը պատրաստութիւնը` նկատի ունենալով, որ մասնագէտներ յաճախ իրենց ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացուցած են Սէ. ժահրին յառաջացուցած ախտանշանները դարմանող տարբեր դեղամիջոցներ գտնելու վրայ եւ համեմատաբար հազուադէպ եղած են ժահրը թիրախ դարձնող պատուաստի մը պատրաստութեան նախաձեռնող ուսումնասիրութիւնները:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ