Բժշկագիտական. Մարմնին Մկանները Պրկող Մարմնամարզը Ունի Տարբեր Օգտակարութիւններ

Յունուարի վերջաւորութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ նախքան որեւէ տեսակի մարմնամարզ կիրարկելը, մարմնին մկանները պրկող մարմնամարզին կիրարկումը շատ աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ տուեալ մարմնամարզը` նկատի ունենալով, որ անիկա կը նպաստէ, որ մարմնամարզի կիրարկման ընթացքին մարմինը կարենայ տարբեր շարժումներ ընել` առանց վնասուելու, ինչպէս նաեւ` շատ աւելի ճկունօրէն շարժելու: Այլ խօսքով, մկանները պրկող մարմնամարզը մարմինը կը պատրաստէ շարժելու:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Մեթ Պերենք ըսած է, որ թէեւ մկանները պրկող մարմնամարզին շարժումները շատ պարզ են, սակայն անոնք յաճախ նկատի չեն առնուիր մարդոց կողմէ:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ մկանները պրկող մարմնամարզին կիրարկումը ո՛չ միայն կը նպաստէ մարմնին տարբեր շարժումներուն բարելաւման, այլ անիկա կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛աշխուժացնէ մարմինը եւ վնասուելէ զերծ կը պահէ մկանները:

Մասնագէտ Պերենք ըսած է, թէ շաբաթը երկու եւ կամ երեք անգամ մկանները պրկող մարմնամարզ կիրարկելը եւ նման ընթացքով յարատեւելը կրնայ ուշագրաւ կերպով բարելաւել մկանային ցաւերէ տառապող մարդոց վիճակը: Նշեալ մարմնամարզի մէջ մասնագէտները նկատի ունին մարմնին գլխաւոր մկաններուն դնդերները, որոնց աշխուժացումը կը նուազեցնէ մկանային ցաւերու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Մկանները Պրկող Կայուն Ու
Շարժողական
Տեսակի Մարմնամարզերը

Մկանները պրկող մարմնամարզը երկու տեսակի է. մէկը կը կոչուի կայուն, իսկ միւսը` շարժողական: Այսուհանդերձ, կայուն տեսակի մարմնամարզին մէջ մարզիչը կը փորձէ տուեալ մկան մը աշխուժացնել` որոշ ատեն մը մարմնին մէկ անդամը որոշ դիրքի մէջ պահելով: Օրինակ, մարզիկը պառկած վիճակով մարզիչը անոր ոտքը ուղիղ վեր բռնած անշարժ կը պահէ քանի մը վայրկեան:

Ինչ կը վերաբերի մկանները պրկող շարժողական տեսակի մարմնամարզին, ապա անիկա կը յատկանշուի մարմնի աշխուժ շարժումներով, ինչպէս օրինակ, թեւերը բոլորաձեւ դարձնելով եւ կամ ոտքերը տարբեր դիրքերով ճօճելով:

Մասնագէտ Պերենք նշած է, թէ երբ կողերը պրկուած են, ապա մարզիչը պէտք է դիմէ մկանները պրկող մարմնամարզի կայուն ձեւերուն` թուլցնելու համար անոր կողին մկանները, որմէ ետք ոտքի կեցնել տայ զայն եւ այս անգամ մկանները պրկող շարժողական տեսակի մարմնամարզին միջոցով փորձէ թուլցնել անոր ոտքերը:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ մկանները պրկող մարմնամարզը կիրարկելը, նախքան որեւէ տեսակի մարմնամարզի կիրարկումը, կ՛աշխուժացնէ մկանները եւ կը պատրաստէ զանոնք ճկունօրէն շարժելու: Անոնք անհրաժեշտ գտած են, որ մարդիկ մկանները պրկող մարմնամարզ կիրարկեն նաեւ որեւէ տեսակի մարմնամարզ կիրարկելէ անմիջապէս ետք` հանգչեցնելու համար յոգնած մկանները:

Ճնշուածութիւնը Նուազեցնող
Մարմնամարզը

Ամերիկացի այլ մասնագէտ մը` Ճեսիքա Մեթիուզ ըսած է, որ մկանները պրկող մարմնամարզը ո՛չ միայն կը նպաստէ մկաններուն ճկունացման ու անոնց մէջ արեան շրջագայութեան բարելաւման, այլ անիկա կրնայ նպաստել նաեւ ճնշուածութեան նուազեցման:

Մասնագէտ Մեթիուզ նշած է նաեւ, որ մկանները պրկող մարզաձեւերուն կիրարկման ընթացքին մարզիչներ պէտք է ուշադիր ըլլան մկաններուն չվնասուելու. այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր շարժում պարզապէս պէտք է աշխատցնէ մկանները` առանց ցաւցնելու զանոնք: Անշուշտ որեւէ մարմնամարզ կիրարկելէ ետք պահ մը անպայմանօրէն կը ցաւին մկանները, սակայն երբ վնասուած ըլլան անոնք, ապա անտանելիօրէն կը ցաւին:

Պէտք է նշել, թէ մկանները պրկող մարմնամարզին տեւողութիւնը 10-15 վայրկեան է` նկատի ունենալով, որ նման տեսակի մարմնամարզ շատ աւելի երկար ժամեր կիրարկելը լրջօրէն կը վնասէ մկաններուն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES