Թաքսիմի Հակահայ Ցոյցը Քննադատող Թրքական Կեցուածքներ
«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Խոջալուի պատահարներուն 20-ամեակին առիթով անցեալ կիրակի Թաքսիմի մէջ կատարուած հանրահաւաքը բուռն քննադատութիւններու առարկայ դարձած է թրքական զանազան թերթերու մէջ, որոնց աշխատակիցները` դատապարտելով հանդերձ Խոջալուի մէջ կատարուած սպանդը, անընդունելի կը գտնեն այդ ոգեկոչման ընթացքին կատարուած հակահայ գրգռութիւնն ու կարգախօսները: Որոշ աղբիւրներ պնդած են, որ ասիկա պետութեան ցուցմունքով ու քաջալերութեամբ կատարուած ձեռնարկ էր:
Օրհան Քեմալ Ճենկիզ «Ռատիքալ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրած է, որ «անոնք, որոնք բարձրացուցին «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ ալ պոռնկորդի էք» պաստառը, Խոջալուի զոհերուն հանդէպ ցաւ եւ այլն չունէին, անոնք պարզապէս իրենց ատելութիւնը կը սրէին` նոր սպանդներ պատրաստելու համար»:
Ֆեհմի Թաշթեքին իր կարգին «Ռատիքալ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ ցաւ կը յայտնէ Խոջալուի տարելիցին առիթով հրապարակուած գրգռիչ ու ցեղապաշտ կարգախօսներուն համար եւ դիտել կու տայ, որ այս ընթացքը կը դժուարացնէ Խոջալուի պատահարները արդար կերպով ու ճիշդ հասկնալով ոգեկոչելու գործը:
«Մարմարա» կը հաղորդէ նաեւ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի նախագահ Այհան Սեֆեր Իւթիւն պահանջած է, որ դատախազները այս ցեղապաշտ պաստառներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարեն: Ան լրագրողներուն ըսած է, որ «մենք մէկ կողմէ կը պնդենք, որ Թուրքիա բոլոր գոյներուն նկատմամբ սրտբաց մեծ պետութիւն մը պիտի ըլլայ, մէկ կողմէ կը պաշտպանենք միասին ապրելու մշակոյթը, սակայն միւս կողմէ հրապարակներու վրայ այսպիսի կարգախօսներով պաստառներ կը բանանք: Ասիկա ընդունելի չէ»:
Թաքսիմի Հակահայ Պաստառներուն Համար
Հետաքննութիւն Կը Պահանջուի
«Մարմարա» օրաթերթը իր 29 փետրուարի թիւով հաղորդեց, որ կիրակի, 26 փետրուարին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հակահայ հաւաքը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է յառաջդիմասէր ու մարդկային իրաւանց պաշտպան թրքական կազմակերպութիւններուն մօտ: Մարդկային իրաւանց միութեան անդամներ երեքշաբթի օր Պոլսոյ դատական պալատ գացած են ու գանգատ ներկայացուցած Թաքսիմի հաւաքին ընթացքին գործածուած կարգախօսներուն համար: «Ռատիքալ» օրաթերթի թղթակիցը նշած է, որ երեւան ելած է, որ Խոջալուի պատահարներուն համար կազմակերպուած հաւաքը այդպիսի կարգախօսներու թատերաբեմ դարձած է խմբակի մը կողմէ, որ ինքզինք կը կոչէ «Կենչ Աթսըզլար» (Երիտասարդ հետեւակներ. «Ա.»): Կը հաղորդուի, որ այդ խմբակը ծրագրած է հանրահաւաքի ընթացքին յարձակիլ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան, ֆրանսական հիւպատոսարանին եւ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Էքմելէտտին Իհսանօղլուի դէմ: Այս խմբակը կազմուած է ազգայնամոլներէ, որոնց ամէնէն մոլեռանդները եկած էին Պուրսայէն: Անոնք էին, որ պարզած են պաստառները, որոնց վրայ գրուած էին` «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ պոռնկորդի էք», «Հայերու երակներէն պարպուած թունաւոր արիւնը պիտի փոխարինուի Անատոլուի թուրքին ազրպէյճանցիներու հետ ունեցած մաքուր արիւնով»: Բոլոր այս կարգախօսները ատելութիւն սերմանող նկատուած են:
«Մարմարա» կը նշէ, որ յայտնի չէ, թէ ո՛վ է «Երիտասարդ հետեւակներ» խմբակի ղեկավարը կամ թէ որո՞ւ կողմէ կը ֆինանսաւորուի անիկա: «Միացեալ թրքապաշտ ճակատ» կոչուած խմբակ մը վերոնշեալներուն հետ կը գործակցի: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է այդ խմբակէն չորս անդամներ, որոնք Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթին նման ճերմակ պերէ մը դնելով կը փորձէին կարգ մը արարքներ իրագործել:
«Ռատիքալ»-ի աշխատակիցը նշած է, որ յայտնի դառնալ սկսած է, թէ որո՛նք էին, որ Թաքսիմի հանրահաւաքի ծախսերը հոգացած են: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, այդ ծախսերը հոգացողը Ազրպէյճանի գաղտնի դրամարկղը նկատուող ազրպէյճանցի գործարար Մուպարիզ Մանսիմովն է: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր տասը խորհրդականները ուղարկած է «Հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի կազմակերպութեան» մօտ եւ մեծ դեր ունեցած Թաքսիմի հաւաքի կազմակերպման մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ այս միութիւնները հիմնուած են 28 փետրուարի տագնապալից օրերուն` Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդին կողմէ:

