Ազրպէյճան. Արժեւորելով Պաքուի Կեցուածքը` Կիւլեն Շարժումին Հանդէպ

Թուրք աստուածաբան Ֆեթհուլլա Կիւլենի հիմնած քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական շարժումը կը ղեկավարէ շատ յաջող դպրոցներու ցանց մը` Ազրպէյճանի մէջ: Անցեալին ընդունուած իբրեւ օժանդակութիւն ազերի ազգի կերտումին` Կիւլեն շարժումը, որ Ազրպէյճանի մէջ ծանօթ է նաեւ Նուրճուլար անունով, մանրամասն քննութեան կ՛ենթարկուի, կ՛ուսումնասիրուի առաւել աշխարհիկ կովկասեան երկրին կողմէ:

Ազրպէյճանի մէջ կրօնի դերը ճշդելու պայքարի պայմաններուն մէջ, վիճահայարոյց շարժում մը` գլխաւորութեամբ թուրք աստուածաբան Ֆեթհուլլա Կիւլենի, կը փորձէ Պաքուի մէջ ինքզինք հաստատել իբրեւ դէմքը` չափաւոր, քաղաքականապէս ընդունելի իսլամութեան: Բայց կան քանի մը գործօններ, որոնք կը սահմանափակեն Կիւլենի կարողութիւնը` հասնելու իր նպատակին:

Կիւլեն շարժումը, որ Ազրպէյճանի մէջ նաեւ ծանօթ է իբրեւ Նուրճուլար, կասպեան երկիրներուն մէջ լայնօրէն յայտնի է իր կրթական ծրագիրներով: 1990-ականներու սկիզբը, երբ սկսաւ գործել Ազրպէյճանի մէջ, շարժումը ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ պաշտօնատարներու կողմէ, որոնք այդ ատեն նախընտրեցին շեշտել ցեղային քաղաքականութիւնը` հաստատուած թրքական ընդհանուր մշակութային կապերուն մէջ, տուայէն, կամ իսլամական միսիոնարական գործունէութիւններէն վեր:

Ազրպէյճանի հանգուցեալ նախագահ Հէյտար Ալիեւ մշակութային բաղադրիչը նկատեց օգտակար` ազերի ազգի կերտումին համար: Ասոր կողքին, ցեղային-մշակութային բաղադրիչը` Ալիեւի համար նաեւ միջոց մըն էր թուրք-ազրպէյճանական դաշինքի շաղախման, ամրապնդման: Այդ օրերուն ատիկա օգնեց Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ եւ իսլամական դերակատարներուն, անվախ ներքին տարակարծութիւններէ, համագործակցելու` նպաստելով առաւել սերտ յարաբերութիւններու Անգարայի եւ նոր անկախացած Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ:

Այս միտումը աւելի լաւ հասկնալու համար օգտակար կ՛ըլլայ կարդալը` «Պետութեան եւ իսլամութեան միջեւ» գիրքը, որուն հեղինակն է Պոսթընի Հիւսիսարեւելեան համալսարանի դասախօս Պեռնա Թուրամ:

Պաքուի մէջ այս օրերուն դիրքերը, կեցուածքները փոխուած են:

Գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի` նախկին  նախագահ Հայտար Ալիեւի որդիին վարչակազմը շատ աւելի շրջահայեաց է, երբ հարցը կը վերաբերի Կիւլեն շարժումին:

Այս հերթափոխութեան մէկ բացատրութիւնը կ՛առնչուի Թուրքիոյ մէջ քաղաքական զարգացումներուն: Ալիեւի աշխարհիկ վարչակազմը շատ աւելի յարմարաւէտ, հանգիստ կը զգար` գործելով քեմալական թուրք ղեկավարներու հետ, որոնք երկիրը կառավարեցին նախքան կրօնականօրէն, պահպանողական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) բարձրացումը` 2002 թուականին: Կը կարծուի, թէ ԱԲԿ-ն սերտ կապեր ունի Կիւլեն շարժումին հետ, եւ ասիկա ջղային կը դարձնէ Պաքուի մէջ պաշտօնատարները:

Թուրքիոյ մէջ աշխարհիկ նախատիպը, որ կրօնը քաղաքականութենէն դուրս պահած էր, տկարացած է ԱԲԿ-ի գրեթէ տասնամեակ մը տեւած իշխանութեան ընթացքին: Ալիեւ, ըստ այնմ, կ՛ուզէ գիտնալ, թէ Անգարա ինչ ուժգնութեամբ պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Ազրպէյճանի մէջ աշխարհիկ քաղաքական նախատիպարին:

Պաքուի մէջ, նոյն ատեն, քաղաքական տարբեր տեսակէտներու հանդէպ կառավարութեան հանդուրժողականութիւնը կայուն կերպով նուազած է: Ասիկա թարգմանուած է իբրեւ արտաքին կրօնական ազդեցութեան նկատմամբ առաւել սահմանափակող վերաբերում:

Հակառակ այժմու միտումներուն` անհաւանական է սակայն, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մտադրեն ճզմել Կիւլեն շարժումը: Մէկ պատճառը` Թուրքիոյ մէջ շարժումին աճող ազդեցութիւնը. ճզմումը կրնայ վտանգել Պաքուի ռազմավարական դաշինքը Անգարայի հետ: Այլ պատճառ մըն ալ այն է, որ շարժումը կը կառավարէ դպրոցներու շատ յաջող ցանց մը, եւ Ազրպէյճանի բազմաթիւ ազդեցիկ պաշտօնատարներու, ներառեալ` նախագահական վարչակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւի զաւակները, կ՛ըսուի, թէ այդ դպրոցները կը յաճախեն: Տակաւին այլ պատճառ մըն է Ազրպէյճանի պաշօնատարներուն եւ Կիւլեն շարժումին առնչուող ձեռնարկութիւններու միջեւ գործարար կապերը, թէեւ ասիկա` Ազրպէյճանի մէջ ազատ հաղորդամիջոցներու բացակայութեան պարզելը եթէ ոչ անկարելի, ապա դժուար է:

Աշխարհիկութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ջատագովները  բաժնուած են Կիւլեն շարժումին հանդէպ իրենց վերաբերմունքին մէջ: Ոմանք, ինչպէս` Արիֆ Եունեսը, կը հաւատան, որ կիւլենականները արդի, ժամանակակից կրթութեան եւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան վրայ իրենց դրած հզօր շեշտով արժանի են աջակցութեան, իբրեւ հակակշիռ` իսլամութեան առաւել պահպանողական եւ արմատական թիւերուն, հոսանքներուն:

Ուրիշներ կը հաւատան, որ այս մտայնութիւնը չափազանց լաւատեսական է: Մինչ շարժումին հանրային դիմագիծը յարատեւօրէն հանդուրժողական եւ բազմակարծիք է, քուլիսներու ետին կը թուի, թէ նուազ հանդուրժողական է: Օրինակ, Կիւլենի դպրոցներու հանրակացարաններուն, գիշերօթիկներուն, ինչպէս նաեւ Կիւլենի առեւտրական գործունէութեան մէջ առկայ է սեռային խտրականութիւն, ասոր կողքին գերիշխող է կիներու ստորադասումը: Շարժումի գիշերօթիկ դպրոցներուն մէջ երիտասարդները խստօրէն բարեպաշտ իսլամական ձեւով դաստիարակելու ջանքերը կը մթագնեն անհատական ազատութեան եւ կենսաձեւի, ապրելակերպի ազատ ընտրութեան հասկացողութիւնը: Ինչպէս որ հաղորդուած է Ուիքիլիքսով, առնուազն մէկ պարագայ ծանօթ է, երբ ազերի ուսանող մը Պաքուի մէջ կիւլենական գիշերօթիկ մը լքեց, որովհետեւ շարժումը դէմ էր իր ընտրած ամուսինին ու բազմաթիւ ազրպէյճանցի ազատականներ զայրացած, վշտացած են, որովհետեւ անոնք կը տեսնեն Կիւլեն շարժումի կեղծաւորութիւնն ու պատեհապաշտութիւնը. կարծիքի ազատութեան եւ հաւաքներու ճզմումին ընթացքին, 2011-ին, Կիւլեն շարժումի առաջնորդող թերթը` «Զաման» հրատարակեց շարք մը պատմութիւններ` գովաբանելով Ազրպէյճանի «տեսլական ու վարող ղեկավարութիւնը»: Ասիկա, քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներուն կարծիքով, անպատշաճ, տհաճ էր, տրուած ըլլալով, որ Կիւլեն շարժումը կը պնդէ, որ ինք կ՛աջակցի, զօրավիգ է Թուրքիոյ եւ այլ վայրերու մէջ ժողովրդավարութեան: Այդ յօդուածները ընդհանրապէս ընկալուեցան իբրեւ Կիւլեն լկտի կատակ` Պաքուի մէջ պաշտօնատարները շողոքորթելու յօգուտ շարժումին կրթական եւ առեւտրական ծրագիրներուն:

Պաքուի մէջ ազատականներուն նոյնպէս մտածել կու տայ այն փաստը, որ շարժումը կ՛օգնէ առաւել սուր բնոյթ տալու Թուրքիոյ մէջ վիճայարոյց Էրկենեքոն եւ «Լախտի հարուած» դաւադրութիւններու հետապնդումներուն, որուն ծիրին մէջ հարիւրաւոր անձեր, ներառեալ` շարժումը քննադատող լրագրողներ, տարիներէ ի վեր բանտերու մէջ կը հիւծին առանց դատավարութեան, եւ յաճախ` շինծու փաստերու հիման վրայ:

Վերադառնալով Պաքու` Կիւլեն շարժումին յարաբերութիւնները լարուած են Ազրպէյճանի կրօնական պատկերին մէջ այլ մեծ դերակատարներուն հետ:

Արմատական շիիները, ներշնչուած` Իրանի իսլամական  Հանրապետութեան օրինակէն, Կիւլեն շարժումը կրաւորական եւ համակերպող կը նկատեն:

Փաստագրական է, օրինակ, որ դպրոցներու մէջ հիճապի արգելքին դէմ ցուցարարները գրեթէ ամբողջականութեամբ շիիներ էին, մինչ կիւլենականները աւելի մեղմ, կրաւորական կեցուածք մը որդեգրեցին:

Միւս կողմէ, սալաֆականները արհամարհանքով կը նային շարժումին` անոր խանդավառ փարումին համար արհեստագիտական եւ նոյնիսկ աստուածաբանական նորարարութիւններու, որոնք արգիլեալ կը նկատուին Սէուտական Արաբիայէն ներշնչուած այս իսլամական մաքրակրօններուն կողմէ:

Վերջին, սակայն ոչ նուազ յատկանշական տուեալը, թրքականութեան եւ իսլամութեան վրայ շարժումին շեշտադրումն է, որ իրմէ կ՛օտարէ անդամներ, հիմնականին մէջ` Պաքու հաստատուած ռուսախօս մտաւորականութիւնը, որ հակառակ իր նուազող թիւերուն` կը մնայ կարծիքի ազդեցիկ առաջնորդ մը:

Հակառակ ժամանակաւոր, պարբերական արգելքներու, Կիւլեն շարժումը յաջողած է կառուցել նախկին շրջանաւարտներէ, բարեկամ պաշտօնատարներէ եւ համակրող գործարարներէ: Յարաբերաբար չափաւոր իսլամութեան եւ թրքական ազգայնականութեան իր պատգամը կ՛արձագանգեն հետզհետէ աճող թիւով ազերիներ, մասնաւորաբար երիտասարդներ, որոնք այդ շարժումին մէջ կը տեսնեն այլընտրանք մը` ե՛ւ Ալիեւի վարչակազմի աշխարհիկութեան, ե՛ւ իրանեան ոճով իսլամականութեան:

Բազմակարծիք բնոյթը Ազրպէյճանի հասարակութեան, որ կը ներառէ աշխարհիկ ազատականներ, մտաւորականներ, շիիներ, ոչ թրքական փոքրամասնութիւններ եւ, ամէնէն առաջ` բնիկ աշխարհիկութեան ուժգին աւանդութիւնը, բնական սահմանափակումներու պիտի ենթարկեն Ազրպէյճանի մէջ Կիւլեն շարժումին ընդարձակումը:

ԷԼՏԱՐ ՄԱՄԵՏՈՎ

«Եուրէյժիանեթ»

Share this Article
CATEGORIES