Թուրքիա. Քննադատները Լռեցնելու Համար Նախնական Կալանքի Օգտագործո՞ւմ

Կրնայ ըլլալ, որ Թուրքիա շատերու կողմէ կը դիտուի իբրեւ Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան դերի նախատիպար, բայց երկրին մէջ կառավարութիւնը քննադատողները կը պնդեն, որ նախնական կալանքի, արգելափակումներու ատեն անպատշաճ գործողութիւնները կը բացայայտեն Անգարայի կողմէ նուազ ամուր յանձնառութիւն` օրէնքի գերակայութեան:

Հազարաւոր թուրք քաղաքայիններ տարիներէ ի վեր բանտերու մէջ կը հիւծին` սպասելով հակաահաբեկչական խիստ օրէնքներու հիմամբ դատավարութեան: Խնդիրին տարողութիւնը այնքան ծանր է, որ կառավարութիւնը կը մեղադրուի իր հակառակորդները պատժելու նպատակով այս միջոցը օգտագործելուն համար:

«Այս մարդիկը առեւանգուած են: Անոնք տարիներէ ի վեր արգելափակուած են, եւ ոչ մէկ փաստ կայ, որ անոնք վայրագ ոճիրներ գործած են», անոնք պարզապէս կառավարութեան ընդդիմադիրներ են ըսաւ Էրթուկրալ Քուրքճու, որ անդամ է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ):

ԽԺԿ-ն եւ անոր կողմնակիցները ամէնէն շատ տուժած են նախնական կալանքներէն, արգելափակումներէն:

Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց միութիւնը` ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը, կը հաղորդէ, որ ԽԺԿ-ի աւելի քան 6 հազար անդամներ դաւադրութեան մեղադրանքներով այժմ կալանաւորուած են թրքական ոստիկանութեան կողմէ:

Ասիկա կատարուած է հակահաբեկչական հետաքննութիւններու ծիրին մէջ, ընդդէմ ենթադրեալ կազմակերպութեան մը` քրտական Հասարակութիւններու Միութիւն (ՔՀՄ), որ ըստ կառավարութեան պնդումներուն, կը գործէ իբրեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) քաղաքային թեւը:

Կառավարութիւնը կը պնդէ, որ հակաահաբեկչական օրէնքները պէտք է պահպանել` հակազդելու համար Թուրքիոյ կայունութեան եւ ժողովրդավարութեան սպառնալիք հանդիսացող ՔԱԿ-ին:

Պաշտօնական մատները ուղղուած են երկրի արդարադատութեան` որեւէ չափազանցութեան, ծայրայեղութեան համար:

2009 թուականին, ՔԱԿ-ի հետաքննութիւնը սկսելէն ի վեր, միայն քանի մը մեղադրանքներ ուղղուած են: Կալանաւորուածներուն մեծ մասը դատավարութեան կը սպասէ:

Աւելի քան տասնեակ մը ընտրուած քաղաքապետներ, կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամներ, առեւտրական համադաշնակցութիւններու գործիչներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ կը գտնուին բանտարկուածներու շարքին: 13 փետրուարին 149 անհատներու եւս մեղադրանք ուղղուեցաւ:

Հակառակ ամիսներու, նոյնիսկ տարիներու բանտարկութեան, կալանաւորուածներէն շատերու, ներառեալ` այժմ բանտարկուած 104 լրագրողներէն 43-ին (Ըստ լրատու Պիանեթ. օրկ կայքէջին), չէ ըսուած, թէ ի՛նչ մեղադրանքներ կը դիմակալեն:

«Ասոնք ապօրինի կալանաւորումներ են: Դատաւորին կողմէ պատճառ մը չէ տրուած, թէ մարդիկ ինչո՞ւ կալանաւորուած են: Պատճառ մը չկայ, որ այլ միջոցառումներ, ինչպէս երաշխաւորագինի օգտագործումը նկատի չառնուի: Ասոր համար է, որ Թուրքիա` Եւրոպական ատեանին կողմէ այնքան շատ մեղադրանքներ ունի ատոր դէմ», ըսաւ Ռիզա Թուրմեն, որ մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի նախկին դատաւոր է, եւ այժմ խորհրդարանի ընդդիմադիր անդամ` կեդրոն-ձախ Ժողովուրդին հանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ):

2011 թուականին Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը 228 մեղադրանքներ ուղղեց Թուրքիոյ` Մարդկային իրաւանց եւրոպական պայմանագիրը խախտելու համար (այսպիսով Թուրքիա դարձնելով Եւրոպայի ամէնէն յաճախակի թերացողը): Պարագաներուն 83-ը առնչուած էին կալանաւորներուն դէմ դատական հոլովոյթին երկարաձգումին:

Դատավարութիւններու շարքին ատեանը այժմ կը լսէ Թուրմենի խորհրդարանական պաշտօնակիցներ` Մուսթաֆա Պելպայն ու Մեհմեթ Հապերալը, որոնք երեք տարիէ կալանաւորուած են` սպասելով դատավարութեան: Կ՛ենթադրուի, թէ անոնք մասնակից են կառավարութեան դէմ կարծեցեալ զինուորական դաւադրութեան, որ Էրկենեքոն կը կոչուի: Բազմաթիւ ուրիշներ եւս նոյն գործով կը սպասեն դատավարութեան:

ՔԱԿ-ի եւ Էրկենեքոնի դատավարութիւնները քննադատողները կը պնդեն, որ այդ դատերը դիտմամբ, միտումնաւոր կը ձգձգուին, որովհետեւ ապացոյցներուն մեծ մասը անհիմն, կամ շինծու է: Ի վերջոյ, կը պնդեն անոնք, մեղադրեալներուն մեծ մասը պիտի արդարացուին, ազատ պիտի արձակուի:

Նախնական կալանաւորումներու, արգելափակումներու վերաբերեալ այս մտահոգութիւնը բաժնեց Եւրոպական Խորհուրդը` Թուրքիա դատական համակարգին վերաբերեալ յունուարին հրատարակած իր զեկոյցին մէջ: Մարդկային իրաւանց հարցերով Եւորպայի խորհուրդին յանձնակատարը` Թոմաս Համմերպերկը, որ նաեւ զեկոյցին հեղինակն է, շեշտեց, որ` «ՔՀԿ-ի հետ կապերու կասկածով այս արգելափակեալներէն շատեր- ընդհանրապէս բանտերու մէջ պէտք չէ ըլլան»:

Համմերպերկ, որ զեկոյցի ուսումնասիրութեան ընթացքին շաբաթներով հանդիպումներ ունեցաւ արդարադատական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ըսաւ որ քիչ փորձ կայ ծածկելու, թաքցնելու նախնական կալանքը իբրեւ պատիժ օգտագործելու փաստը: Տիգրանակերտի մէջ` գլխաւոր քաղաքը Թուրքիոյ քրտաբնակ հարաւարեւելեան շրջանին, դատախազ մը մեկնաբանեց, որ «առնուազն անոնք դաս պիտի առնեն»` դատավարութենէն առաջ բանտին մէջ մնալով, զեկուցեց յանձնակատարը:

«Բայց ինչո՞ւ քրէակատարողական համակարգը կը ստանձնէ դերը դաս տալու մարդոց, որոնք հաւանաբար կրնան անմեղ ըլլալ», հարցուց Համմերպերկ` մինչեւ իսկ տասը տարի տեւող նախնական կալանքները «ամբողջովին նախատինք» անուանելով:

Կը թուի, թէ արդարադատութեան նախարար Սատուլլա Էրկին կ՛անսայ, ուշադիր այս քննադատութիւններուն: Յունուարին ան յայտարարեց, որ ձերբակալման հրամանագրերը, կամ երաշխաւորագինի մերժումը «այժմ պէտք է յստակ գրուած ըլլայ»: Բարեկարգումներու շարքին մէկ մասը կը նշանակէ, որ ուղղուած է Թուրքիոյ նախնական կալանաւորումներու տեղական եւ միջազգային քննադատութիւններուն:

Դատական համակարգի 88 բարեփոխումներ այժմ խորհրդարան կը յղուին: Հակաահաբեկչութեան օրէնքի հիմամբ որոշ պատիժներ, վճիռներ պիտի նուազին: Քայլ մը, որ ըստ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու, կրնայ յանգեցնել նախնական կալանքի ենթարկուածներէն ոմանց ազատ արձակումին: Լրագրողներուն բանտարկութեան վճիռները կրնան կրճատուիլ` յանցանքը չկրկնելու հիման վրայ: Դատաւորներու նոյնպէս կրնայ արգիլուիլ հակահաբեկչական օրէնքի օգտագործումով ամսուան մը համար թերթերու հրատարակութիւնը արգիլել:

Սակայն բարեկարգումի ծրագիրը արդէն բախեցաւ խոր թերահաւատութեան:

«Գեղագիտական բարեկարգումնե՛ր», պոռթկաց Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխան Թուրմեն, որ կը պնդէ, թէ առաջարկները ուղղուած չեն դատաւորներու, պարզապէս ենթադրելով, թէ հակաահաբեկչական օրէնքի հիմամբ մեղադրուածները «պիտի խուսափին, կամ ոչնչացնեն ապացոյցները, կամ ալ սպառնան վկաներուն», եւ պահեն զանոնք բանտի մէջ` մինչեւ դատավարութիւն:

«Երբ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց մեծ մարտահրաւէրներու լուծումին, բարեկարգումներու այս ծրագիրը ցուցափեղկի զգեստաւորումէն շատ քիչ աւելի բան մըն է», համաձայնեցաւ Էմմա Սինքլեր Ուէպ, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչն է Միացեալ Նահանգներ տեղակայուած Մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութեան մէջ, որ թէեւ «դրական» բնութագրեց այն որոշումը, որ դատաւորներէն կը պահանջուի «արդարացնել» նախնական կալանքի վճիռ մը:

Բարեկարգումները եթէ նոյնիսկ վաւերացուին, քիչ Թուրքեր կ՛ակնկալեն կառավարութեան հազարաւոր հակառակորդներու ազատ արձակումը նախնական կալանքէն:

Եթէ կառավարութիւնը նախնական կալանքը իբրեւ զէնք կ՛օգտագործէ իր հակառակորդներուն դէմ,ատիկա կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ: Զգուշացուց ԺՀԿ-ի անդամ երեսփոխան Քուրքճու: Ան կը պնդէ,որ կուսակցութեան անդամակցութիւնը աճ կ՛արձանագրէ: Քուրքճու ըսաւ. «Մարդիկ պիտի հակադարձեն` ընդդիմութեան շարքերուն միանալով»:

ՏՈՐԻԸՆ ՃՈՆԶ

«Եուրէյժիանեթ»

Share this Article
CATEGORIES