Հայ Երիտասարդներու Մասնակցութիւն Մամլոյ Լուսանկարիչներու Սենտիքային Ցուցահանդէսին
Կազմակերպութեամբ մամլոյ լուսանկարիչներու սենտիքային, կենսոլորտ նիթով լուսանկարչական մրցում մը յայտարարուեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի հովանաւորութեամբ:
23 յունուարին ՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ այս առիթով կայացած ցուցահանդէսին մեծ թիւով մասնակցողներու կարգին էին «Էլ. Էյ. Թի. Սի.»-ի տարբեր տարիներու լուսանկարչական դասընթացքներու հետեւած հինգ շրջանաւարտներ` Գոհար Բարսեղեան, Մարտիկ Օթճեան, Քարոլին Օտապաշեան, Վարդան Տէր Օհաննէսեան եւ Կարպիս Քարաքեան:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց եւ խօսք արտասանեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, որ յայտնեց, թէ կենսոլորտի նիւթը ընտրութեամբ կազմակերպիչները կը միտին լիբանանեան կենսոլորտը լուսարձակի տակ առնել` շեշտը դնել անոր պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ: Անոր համաձայն, ցուցադրուած լուսանկարները հայելի կրնան հանդիսանալ Լիբանանի կենսոլորտին:
Աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան բոլոր մասնակիցներուն: