Նոր Կոչումներ Եւ Նշանակումներ` Հայ Պաշտօնատարներու
Վերջին շրջանին դիւանագիտական, զինուորական եւ առողջապահական հաստատութիւններու մէջ արձանագրուած են պաշտօններու ստանձնումներ եւ աստիճաններու բարձրացումներ: Անոնցմէ կը ներկայացնենք հայ պաշտօնատարներու վերաբերող տեղեկութիւնները.-
Արա Խաչատուրեան`
Հարաւային Ափրիկէի Մէջ Լիբանանի
Դեսպանութեան Գործակատար
Արա Խաչատուրեան դիւանագիտական բազմաթիւ պաշտօններ վարած է 1998-էն սկսեալ:
1995-ին ան աւարտած է «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը:
1996-1997 տարիներուն աշխատած է «Պլոմ» դրամատան մէջ: Ապա` 1998-2000 տարեշրջանին, ստանձնած է Պէյրութի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը:
2000-2002 ան դարձած է Փղոսկրեայ Ափունքի Լիբանանի հիւպատոսը:
2002-2005 ստանձնած է Շուէտի մէջ լիբանանեան դեսպանատան Ա. քարտուղարի պաշտօնը, իսկ 2005-2008` Զուիցերիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատան Ա. քարտուղարի պաշտօնը:
2008-2010 Արա Խաչատուրեան կը դառնայ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսագիտական բաժանմունքի փոխնախագահ:
2010-2011 կը ստանձնէ Լեհաստանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավարի պաշտօնը:
2010-էն ի վեր մինչեւ օրս Ա. Խաչատուրեան կը վարէ արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսագիտութեան բաժանմունքի փոխնախագահի պաշտօնը:
Զօր. Ժան Թալուզեան
Լիբանանի Միջազգային Օդակայանի
Ապահովական Կառոյցի Պետի Պաշտօնը
Զօր. Ժան Թալուզեան ստանձնած է Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական կառոյցի պետի պաշտօնը : 1980-ին ան սկսած է յաճախել Սպայից վարժարան:
Աւելի ուշ Սեն Ժոզեֆ համալասարանին մէջ հետեւած իրաւաբանութեան ճիւղին, զոր յաջողութեամբ աւարտած է:
Զօր. Ժ. Թալուզեան շարունակած է իր ուսումը եւ իրաւաբանութեան մագիստրոսի աստիճանի տիրացած:Ան հետեւած է նաեւ զինուորական գիտութեանց` Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս:
Ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ:
Փրոֆ. Լեւոն Նորտիկեան Եունեսքօ-Ի
Լիբանանի Յանձնախումբի Անդամ
Արեւելեան հնագիտութեան մասնագէտ Լեւոն Նորտիկեան նշանակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Լիբանանի յանձնախումբի անդամ:
2000-էն ի վեր Լեւոն Նորտիկեան Պէյրութի Սէն Ժոզեֆ ֆրանսական համալսարանի նախապատմական Լիբանանի թանգարանի տնօրէնն է:
1979-2003 համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ դասաւանդած է հնագիտութեան վերաբերող դասանիւթեր եւ 1990-էն ի վեր ստանձնած է պատմագիտական եւ հնագիտական բնոյթի «Թամփորա» հանդէսի խմբագրապետութիւնը:
Հեղինակ է արեւելեան հնագիտական ուսումնասիրական հրատարակութիւններու:
2008-2011 վարած է Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի լիբանանեան յանձնախումբին ընդհանուր քարտուղարութիւնը:
Նշանակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Լիբանանի յանձնախումբի անդամ:
Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի պետութեան կրթութեան մարզի եւ ֆրանսախօսութեան բարձրագոյն շքանշանով:
Գնդ. Նազարէթ Աբրահամ Գաբրիէլեան
Զօրավարի Կոչում
Գնդապետ Նազարէթ Աբրահամ Գաբրիէլեան ստացած է զօրավարի կոչում:1980-ին յաճախած է Սպայից վարժարան:
1983-ին արժանացած է լիբանանեան բանակի տեղակալի պաշտօնին, իսկ 2012-ի յունուարին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի որոշումով, դարձած է հետեւակ ուժերու դերգնդապետ:
Զօր. Գաբրիէլեան հետեւած է ներքին եւ արտաքին զանազան ռազմափորձերու, ինչպէս նաեւ ստացած է լիբանանեան բանակի հրամանատարին կողմէ տրուած բազմաթիւ շքանշաններ:
Ան տեղակալի իր պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր մասնակցած է Լիբանանի մէջ բռնկած բոլոր կռիւներուն:
Զօր. Գաբրիէլեան տարիներ շարունակ ծառայած է զրահապատ մեքենաներով օժտուած հետեւակ ուժերու զօրամասերուն մէջ: Ան չորս անգամ վիրաւորուած է:
Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան
Բժշկական Հարցերու Տնօրէն
Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան նշանակուած է Տահըր Պաշէը կառավարական հիւանդանոցի բժշկական հարցերու տնօրէն:
Տոքթ. Քէշիշեան 1984-ին աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսաբանական բաժինը:
1990-ին ստացած է բժշկութեան վկայական` Երեւանի պետական բժշկական հիմնարկէն։
1995-ին Երեւանի սրտաբանական հիմնարկէն ստացած է սրտաբանի մասնագիտական վկայական:
1993-1995 դասախօս եղած է Երեւանի պետական բժշկական հիմնարկին մէջ:
Լիբանանի բժշկական ամսագիրներու աշխատակցած է` գիտական յօդուածներով:
Մասնակցած է աւելի քան երեսուն միջշրջանային եւ միջազգային համագումարներու:
Անդամ է Լիբանանի սրտաբաններու միութեան:
Անդամ է Եւրոպայի սրտաբաններու միութեան:
Անդամակցած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան:
Վարած է Լիբանանի տարբեր հիւանդանոցներու բժշկական յանձնախումբերու անդամի եւ նախագահութեան պաշտօններ: