«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Ա. Սէ. Միլան Եւ Պենֆիքա – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:

Արսենալ, որ պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը, երթին 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իտալիոյ մէջ:

Օրուան երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Պենֆիքան եւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը: Վերջինս երթին Ռուսիոյ մէջ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, Ափոյել Նիկոսիա, որ երթին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, պիտի հիւրընկալէ Լիոնը, մինչ Պարսելոնա, որ երթին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` Պայէր Լեւերքուզընը:

Նշենք, որ վերոնշեալ չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

 

Share this Article
CATEGORIES