Պուէնոս Այրէսի Մէջ Բողոքի Ցոյց` Հայ Երիտասարդներու Մասնակցութեամբ

Բողոքի ցոյցէն պահ մը

ՀՅԴ «Արմենիա» երիտասարդական միութեան եւ ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ, 2 մարտին, Արժանթինի հայ երիտասարդները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու դրօշակներով, հակաազրպէյճանական պաստառներով եւ արդարութեան պահանջի կարգախօսներով բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պուէնոս Այրէսի Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` 1988-ի փետրուարին Սումկայիթի եւ Պաքուի հայերուն դէմ կազմակերպուած ջարդերուն 24-րդ տարելիցին առիթով: Այս մասին կը յայտնէ Արժանթինի «Արմենիա» պարբերականը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի դեսպանը` Մամմատ Ահմետզատա այս օրերուն Պաքու կը գտնուի` ընկերակցելով Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Թիմերմանի պատուիրակութեան: Դեսպանատունը շրջապատուած էր մեծ թիւով ոստիկաններով` դեսպանատան դիմումով:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ «Արմենիա» երիտասարդական միութեան անունով խօսք առաւ Կիժերմօ Ֆեռայոլի, որ վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի արդար դատին զօրակցելու հայ երիտասարդութեան յանձնառութիւնը, մերկացուց թուրք-ազրպէյճանական համաթրքական սադրանքը, զոր նկատեց վտանգ կովկասեան ամբողջ շրջանին համար:

Երիտասարդներուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի այս ցոյցը առիթ մը եղաւ ցոլացնելու Արժանթինի հայ համայնքին յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ խոր դատապարտումը` Ազրպէյճանի կառավարութեան ռազմատենչ սպառնալիքներուն, յատկապէս նկատի ունենալով ազրպէյճանական դեսպանատան կողմէ աւելի քան տարիէ մը ի վեր տարուած քարոզչական զօրաւոր աշխատանքը, որուն նպատակն է խեղաթիւրել ղարաբաղեան տագնապի էութիւնը արժանթինեան քաղաքական շրջանակներուն եւ հանրային կարծիքին մօտ: Այս նպատակին հասնելու համար ազրպէյճանական կողմը, որ կը վայելէ Պուէնոս Այրէսի թրքական դեսպանատան մնայուն աջակցութիւնը, ի գործ դրած է առատ գումարներու բաշխման ճամբով քաղաքական կամք գնելու դասական միջոցը. ի դէպ տարբեր լրագրողներ, գիտաշխատողներ, հանրային կարծիքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ, ուսանողներ եւ, բնականաբար, խորհրդարանականներ եւ ծերակուտականներ Ազրպէյճան այցելելու հրաւէր ստացած են եւ հասկնալիօրէն վճարուած են անոնց բոլոր ծախսերը…

Աղբիւրը կը նշէ, որ բողոքի այս ցոյցը կազմակերպուեցաւ, երբ երկրին արտաքին գործոց նախարարը կը ճամբորդէր դէպի Պաքու, ուր Արժանթին կը պատրաստուի դեսպանատուն բանալու:

Նախարարին ճամբորդութեան նախօրեակին` արժանթինեան մամուլը արձագանգ հանդիսացաւ հայ համայնքին մէջ առկայ խոր մտահոգութեան ի դիմաց ազրպէյճանական սադրանքներուն` իրարու առնչելու Լեռնային Ղարաբաղի ու Մալվինեան կղզիներու հիմնախնդիրները: Այսպէս, «Լա Նասիոն» օրաթերթը, իր 27 փետրուար 2012-ի թիւին խմբագրականը յատկացուցած է նախարարի ճամբորդութեան` յստակօրէն տարբերելով Մալվինեան կղզիի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրներուն էութիւնները, եւ զգուշացնելով անոնց միջեւ որեւէ զուգահեռի հետեւանքներէն:

 

Share this Article
CATEGORIES