Սասնոյ Հայրենակցական Միութիւն. «Չիզ Էնտ Ուայնի»-Ի Երեկոյ` Տոհմիկ Մթնոլորտի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Սասնոյ հայրենակցական միութեան երիտասարդացին շաբաթ, 3 մարտի երեկոյեան ժամը 9:00-ին հայրենակցական միութեան Մար Մըխայէլի տան մէջ տեղի ունեցաւ «Չիզ էնտ ուայն»-ի երեկոյ մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ միութեան` հայկական վարժարաններ յաճախող սաներու ֆոնտին: Ձեռնարկը մէկն է տարուոյն ընթացքին միութեան կազմակերպած չորս ձեռնարկներէն, որոնք կը ծառայեն սասունցիները համախմբելու:
Բարի գալուստի խօսքը Սասնոյ հայրենակցական միութեան երիտասարդացին անունով արտասանեց Սոնա Ասատուրեան: Ան ողջունեց սրահին մէջ գտնուող սասունցիները եւ ոչ սասունցիները, ինչպէս նաեւ ձեռնարկին ներկայ գտնուող մանկահասակ հայորդիներուն մէջ տեսաւ այն ծիլերը, որոնք ապագային պիտի ծաղկեցնեն Սասնոյ հայրենակցական միութեան տունը:
Երեկոյին ընթացքին տիրեց Սասնոյ եւ Տարօն աշխարհի տոհմիկ մթնոլորտը` երգն ու պարը: Քանի մը անգամ աշուղական եւ ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ «Երգ երգոց» յայտագիրի Լիբանանի մէջ կազմակերպուած «Երկու աստղ» մրցումի երկրորդ մրցանակակիր Լուսին Տեմիրճեան:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ վիճակահանութիւն:

