Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ 14 Վարժարաններու Մեսրոպեան Վարժարանի «Հայ Դատ, Համացանց Եւ Աշակերտութիւն» Միօրեայ Սեմինարը Արժեւորեց Պայքարին Մէջ Աշակերտութեան Կարեւոր Դերը

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, կիրակի, 4 մարտ 2012-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատ, համացանց եւ աշակերտութիւն» նիւթով միջդպրոցական աշակերտական միօրեայ սեմինարը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 14 վարժարաններու 9-12-րդ դասարաններու ներկայացուցիչներուն:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին սեմինարը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Սեմինարին բացման խօսքը աշակերտական խմբակին անունով արտասանեց Մարինէ Հալլաճեան: Ան ըսաւ, որ ներկայիս հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց դէմ դնելու ծիրին մէջ լիբանանահայ աշակերտները շատ ընելիք ունին: Հալլաճեան շեշտեց, որ աշակերտները պէտք է քայլ առ քայլ հետեւին Հայ դատի պայքարին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ զարգացումներուն:

Ապա աշակերտները սեմինարի ընդհանուր նիւթին հետ առնչուած հարցախոյզ մը ամբողջացուցին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Հայ դատի հոլովոյթին հանգրուանները ներկայացնող խմբակին պատրաստած տեսերիզին ցուցադրութիւնը:

Սեմինարի առաջին դասախօսն էր Լիբանանի խորհրդարանի նախկին երեսփոխան տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան, որ ներկայացուց Հայ դատի պատմութիւնը, նուաճումները, քաղաքական եւ դիւանագիտական զարգացումները: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը անկիւնադարձային թուական մըն էր, որովհետեւ այդ տարի հարցը ողբերգութենէն վերածուեցաւ պահանջատիրութեան: Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան շեշտեց, որ հայ աշակերտը լաւապէս պէտք է ճանչնայ Հայ դատին պատմութիւնը, որպէսզի պատմութենէն դասեր քաղելով մասնակից դառնայ աշխատանքներուն եւ ջահը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն:

Դադարէ մը ետք, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան ներկայացուց «Հայ դատի այսօրուան մարտահրաւէրները» նիւթը: Միջին Արեւելքի իրավիճակը ներկայացնելով` Եագուպեան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու գծով իւրաքանչիւր արաբական երկրի կարելիութիւններուն եւ պայմաններուն: Եագուպեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ինքնանպատակ չէ, այլ` հատուցման հասցնող քայլ մը: Ներկայացնելէ ետք Թուրքիոյ մէջ Հայ դատի աշխատանք տանելու կարելիութիւնները` Վերա Եագուպեան ըսաւ, որ հայութեան հարցը թուրքերուն հետ չէ, այլ` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որոնք կը մերժեն իրականութիւնը:

Մասնակիցներու ճաշի դադարին յաջորդեց սեմինարի երրորդ դասախօսութիւն-զրոյցը, որուն նիւթն էր «Համացանցին գործածութիւնը Հայ դատի պահանջատիրութեան մէջ»: Նիւթը ներկայացուց Մինաս Հանսքէհէեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները լաւապէս պէտք է ճանչնան համացանցին ընձեռած կարելիութիւնները, որոնք  կրնան ծառայել Հայ դատի աշխատանքներուն: Ան ընդգծեց, որ հայ աշակերտները պէտք է փորձեն ընկերային ցանցերը գործածել հայերէնով, որպէսզի պահպանուի մայրենին:

Սեմինարի վերջին դադարէն եւ Հրանդ Տինքի մտածումներէն հատուածներ ունկնդրելէ ետք, Հայ դատին նուիրուած սեմինարի վերջին դասախօս-զրուցավարն էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ անդրադարձաւ Հայ դատի պայքարին մէջ աշակերտութեան ունեցած դերակատարութեան: Ան հաստատեց, որ աշակերտները պէտք է հպարտ զգան իրենց հայկական պատկանելիութեամբ եւ գիտակցին, որ իրենք պայքարին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին: Հայ դատի պահանջատիրութեան մէջ աշակերտութեան աշխատանքները նշելէ ետք, Գալուստ ըսաւ, որ աշակերտները պէտք է ձգտին հասնիլ բարձրագոյն ուսման եւ ի հարկին դառնալ ցեղասպանագէտներ, որպէսզի հետագային իրենց մասնագիտութիւններուն ընդմէջէն նպաստեն Հայ դատին:

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք, աշակերտները իրենց հարցումներուն ընդմէջէն նիւթին շուրջ կը ստանային յաւելեալ լուսաբանութիւններ: Դասախօսութիւններուն յաջորդեց խմբային աշխատանքը, երբ աշակերտները բաժնուեցան չորս խումբերու եւ քննարկեցին ճշդուած նիւթերը` Հայ դատին նուիրուած ձեռնարկի մը պատրաստութիւնը, աշակերտական կայքէջի մը բաժանմունքները, համացանցին կարելիութիւնները պայքարին մէջ եւ համացանցին մէջ հայերէնի գործածութեան միջոցները: Քննարկումներուն յաջորդեցին խումբերու աշխատանքներուն ներկայացումները:

Սագօ Հալլաճեան ամփոփ կէտերու մէջ եւ համապատասխան արժեւորումներով զեկուցեց հարցախոյզին արդիւնքներուն մասին: Սեմինարի աւարտին, աշակերտական խմբակին անունով խօսք առաւ Ռիթա Ումատեան, որ կարդաց սեմինարին մասնակիցներուն միացեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած է, թէ Հայ դատի պայքարին մէջ լիբանանահայ աշակերտը ունի իր ուրոյն եւ կարեւոր պարտականութիւնը` լաւապէս ճանչնալ հայոց եւ Հայ դատի պատմութիւնը, տիրապետել մայրենիին, հետեւիլ Հայ դատի մարզին մէջ կատարուող քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքներուն, մերժել ամէն տեսակի թրքական թափանցումները եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հայ թէ թուրք հասարակութեան փոխանցել եղելութեան իսկական ու ամբողջական պատկերը:

Կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին սեմինարը փակուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի խօսքով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սեմինարին մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք գործակցութեան բարձր ոգիով եւ սեմինարի կարեւորութենէն առաջնորդուելով քաջալեր հանդիսացան աշակերտական խմբակի այս օգտաշատ եւ շահեկան նախաձեռնութեան:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Share this Article
CATEGORIES