«Աղօթքի Համաշխարհային Օր»-Ուան Նշումը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Ուրբաթ, 2 մարտ 2012-ի առաւօտուն, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ «Աղօթքի համաշխարհային օր»-ը:

Այս տարուան աղօթքը պատրաստուած էր Մալեզիոյ «Աղօթքի համաշխարհային օր»-ուան յանձնախումբին կողմէ եւ կը կրէր «Թող արդարութիւնը տիրէ» ընդհանուր թեման:

Աստուածաշնչական հատուածներու ընթերցումին, շարականի ու հոգեւոր երգերու երգեցողութեան եւ յատուկ աղօթքներու արտասանութեան յաջորդեց պատգամի պահը:

Այս տարուան պատգամաբերն էր Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու), որ խօսեցաւ աստուածային արդարութեան երկրի վրայ հաստատման հրամայականին մասին: Սրբազանը ըսաւ. «Քրիստոնեան կրաւորական էակ մը չէ. եկեղեցին իր ներգործօնութեամբ կը յատկանշուի. որովհետեւ, երբ կ՛աղօթենք «թող արդարութիւն տիրէ» ըսելով, միաժամանակ յանձն կ՛առնենք արդարութեան համար պայքարիլ, պայքարիլ` նոյնիսկ ի պահանջել հարկին մեր արեան հեղումով, եւ անարդար կարգերը տապալել»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES