1050-Ամեայ Թանկարժէք Անին

Բագրատունեաց թանկարժէք եւ իւրայատուկ Անի մայրաքաղաքին պատմականը, անոր մարտնչումները, թշնամիին դէմ դնելու նպատակով կառուցուած անոր պարիսպներն ու դիրքը, հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաքին դառն ճակատագիրը, թուրքերուն ձեռքը իյնալէ ետք անոր կրած «տառապանքները», հայութեան սրտին այդքան մօտիկ քաղաքին արգիլեալ գօտիներն ու ստորերկրեայ աշխարհը Միսաք Քելեշեանի կողմէ պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութեամբ տողանցեցին կիրակի, 4 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:

ՀԲԸՄ «Անդրանիկ»-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին եւ ՀԵԸ-ի Գործադիր մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Գրիգոր Քէշիշեան, որ յայտնեց, թէ «Անի քաղաքը 1050 տարեկան» խորագիրը կրող այս ձեռնարկով իրենց նպատակն էր ներկաներուն առիթ տալ վերապրելու մեր պատմական ամէնէն փայլուն ժամանակները, վերյիշելու Անիի իւրայատկութիւնները: Անոր համաձայն, Անին լուռ վկան է մեր դարաւոր քաղաքակրթութեան, այդ պատճառով ալ պէտք չէ զայն մոռնալ կամ մեր յիշողութենէն ջնջել:

Ապա Միսաք Քելեշեան յայտնեց, որ թէեւ Անին շատ սիրելի եղած է ու է մեր ժողովուրդին համար, բայց եւ այնպէս քիչ բան գիտենք մեր ազգային հնութեան եւ ճոխ թանգարանին մասին: Ան իր ներկայացումին սկսաւ Անիի պատմականով, երբեմնի փառաւոր մայրաքաղաքի հին լուսանկարներու ցուցադրութեամբ` համապատասխան տեղեկութիւններ եւս փոխանցելով: Ապա Մ. Քելեշեան անցաւ թրքական լուծին տակ գտնուող Անիին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, բնութեան հարուածներուն պատճառով քաղաքին կրած մեծ վնասներուն, թուրքերուն կողմէ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած թրքավայել վերաբերումին: Հետաքրքրական էր յատկապէս վերջին մասը, երբ Մ. Քելեշեան ցուցադրեց դէպի Անի, ականահարուած տարածքներ իր կատարած այցելութեան ընթացքին առած իւրայատուկ լուսանկարները, որոնց ընդմէջէն ի յայտ կու գան յատկապէս երբեմնի հարուստ եւ շէն քաղաքին աւերակ եւ այլակերպուած պատկերը, հոյակապ կառոյցներուն խեղճ մնացորդացը:

Այս ձեռնարկով եւ իր պատրաստած տեսագրութեամբ Մ. Քելեշեան հայոց պատմութեան դարաւոր էջերէն մէկը ներկայացուց եւ անդրադարձաւ անոր դառն բաժիններուն, հայկական իւրայատուկ արժէքներուն կորուստին եւ թրքական մշակութասպանութեան:

Աւարտին կազմակերպողներուն անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Միսաք Քելեշեանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES