ՔԱՐԱՄԷ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՍԱՏԻ ԵՒ ՊԸՐՐԻԻ ՀԵՏ

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որուն փոխանցեց Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւններուն եւ սադրանքներուն նկատմամբ իր դատապարտումներն ու քննադատութիւնները:

Քարամէ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած չարիքը եւ շնորհաւորեց Սուրիոյ ղեկավարութիւնը` անոր իմաստութեան եւ դէպքերուն նկատմամբ ցուցաբերած հաւասարակշռուած վարուելակերպին համար:

Քարամէ դրուատեց սուրիացի ժողովուրդին գիտակցութիւնը, որուն շնորհիւ ձախողեցան Սուրիոյ դէմ գործուած ծրագիրները, եւ ընդգծեց ազգային միասնականութեան իր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց իր երկրին քաղաքական եւ ընկերային կայունութիւնը:

Քարամէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES