ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՊԻՊ ԱՖՐԱՄԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ըստ Ասորիներու լիկային կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ազգային հարցեր, յատկապէս ասորի ուղղափառ համայնքի Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պայթումը:
Հանդիպումէն ետք Աֆրամ յայտնած է, որ իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին լիբանանեան բանակին, անոր իմաստութեան եւ որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն նկատմամբ: «Մենք բանակին կը վստահինք բոլոր ահաբեկիչներուն բացայայտումը եւ սրբավայրերուն ու մարդոց արժանապատուութիւններուն դէմ խոշտանգումներ եւ յարձակումներ գործող անձերու ձերբակալումը», ըսաւ Աֆրամ:
Աֆրամ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ապահովական յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրել, որպէսզի կարելի ըլլայ որեւէ միջադէպ կանխարգիլել, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը ամրապնդել:
Աֆրամ ընդգծեց նաեւ, որ ապահովական թէ զինուորական բոլոր հաստատութիւնները պէտք է իրենց բոլոր կարողականութիւնը ի սպաս դնեն Իսրայէլի եւ անոր նիւթած դաւերուն դէմ դնելու, Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գօտիներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան սադրանքներուն նախապատրաստութիւնը կտրականապէս մերժելու:
Բանակի հրամանատարին այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի. քննարկուեցաւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի հիւպատոս Խալիլ Հապըր, հայր Զիատ Հատտատ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի խորհրդական Սեսին Սեսին, որոնք դրուատեցին լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին առումով: