«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ ԵՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏԻԿ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ տիրող մթնոլորտը ընդհանուր առմամբ դրական է:

Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անկէ լսած է առաջարկ մը, որուն հիման վրայ դրական մթնոլորտը յաւելեալ լաւատեսութեամբ մը համակած է վարչապետը:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Սակայն այս այցելութեան մասին ոչ մէկ հաստատում կատարուեցաւ հանրապետութեան նախագահին կամ վարչապետին աղբիւրներուն կողմէ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ վարչապետ Միքաթի եղբօր` Թահա Միքաթիի միջեւ երէկ տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Այդ այցելութեան եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին ոչ մէկ մանրամասնութիւն փոխանցուեցաւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES