Փութին Դարձեալ Ռուսիոյ Նախագահ

Փութին եւ Մետվետեւ

Վլատիմիր Փութին կիրակի, 4 մարտին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց եւ չորս տարի իբրեւ երկրին վարչապետ ծառայելէ ետք այժմ դարձեալ կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը: Քուէներուն աւելի քան 99 առ հարիւրի հաշուարկին հիմամբ ան ապահոված է քուէներուն շուրջ 64 առ հարիւրը:

Փութինի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ կիրակի օր Քրեմլինի առջեւ ռուսական դրօշներ եւ պաստառներ բարձրացուցած հաւաք մը կատարեցին` տօնելու համար արձանագրուած յաղթանակը: Փութին Մետվետեւի հետ կարճատեւ մասնակցութիւն բերաւ հաւաքին: Ան իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրին «ամէն կողմէն» եկող իր համակիրներուն:

Փութին արցունքոտ աչքերով յայտարարեց. «Խոստացայ, որ պիտի յաղթենք, եւ յաղթեցինք: Փառք Ռուսիոյ: Թափանցիկ եւ արդար ճակատումի մը մէջ յաղթանակ արձանագրեցինք: Փաստեցինք, որ ոչ ոք կրնայ մեզի որեւէ բան պարտադրել»:

Ցուցարարներու բարձրացուցած պաստառներուն վրայ գրուած էր «Փութին` մեր նախագահը» եւ «Փութինին կը հաւատանք»:

Ռուսիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը շուրջ 63 առ հարիւր էր եւ քուէներու 99 առ հարիւրի հաշուարկին հիմամբ Փութին ապահոված է քուէներուն 63.75 առ հարիւրը, իսկ անոր անմիջական մրցակիցը` Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Կենատի Ժուկանով` 17.19 առ հարիւր:

Քուէարկութեան աւարտին Ժուկանով ընտրութիւնը «անարդար եւ անարժան» նկատեց, սակայն ըսաւ, որ հասարակութեան զայրոյթին աճով Փութին «պիտի չկարենայ իշխել այնպէս, ինչպէս նախապէս կ՛իշխէր»:

Ընդդիմադիր մէկ այլ ղեկավար Վլատիմիր ՌիԺքով յայտնեց, որ «այս ընտրութիւնները չեն կրնար որեւէ ձեւով օրինական նկատուիլ»: Մինչ այդ, Փութինի ընտրական գրասենեակի պետ Սթանիսլաւ Կովորուխին ընտրութիւնները «Ռուսիոյ պատմութեան մէջ ամէնէն մաքուրը» նկատեց:

 

Share this Article
CATEGORIES