10 Մարտին Սուրիոյ Հարցով Լաւրով-Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներ Հանդիպում

Սերկէյ Լաւրով եւ Նասեր Ժաուտաթ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր յորդանանցի գործընկերոջ` Նասեր Ժաուտաթի հետ Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպումէ մը ետք յայտարարեց, որ 10 մարտին Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպում մը պիտի ունենայ:

Ան ըսաւ, որ «ես կարեւոր կը նկատեմ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Ռուսիոյ միջեւ հանդիպումին պատրաստուելու այսօր ընծայուած առիթը»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ հրատապ կացութիւնը նկատի ունենալով եւ մինչեւ լուծումի մը հասնելու հաւաքական մօտեցումի կարիքի ստեղծումը` զայն (հանդիպումը) կարեւոր եւ սուղ առիթ մը կը նկատենք»:

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական երկիրներու եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտել Հայան Մոսկուա այցելեց` ռուս պաշտօնատարներու հետ քննարկելու համար Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ տագնապի հարցը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ Չինաստանի նախկին դեսպան Լի Հուա Չինը այսօր սկսող երկօրեայ այցելութեամբ Սուրիա կ՛ուղարկէ` Սուրիոյ տագնապի լուծման համար Փեքինի առաջարկած վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրը յառաջ մղելու համար:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ «հակառակ անոր որ կացութիւնը շատ բարդ է եւ լարուած կը շարունակէ մնալ, այսուհանդերձ Չինաստան կը շարունակէ հաւատալ, որ քաղաքական լուծումը սուրիական տագնապէն դուրս գալու հիմնական ելքն է»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, որ սուրիական կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանը տասը մարտին հիւրընկալելու:

Միւս կողմէ, Միջազգային կարմիր խաչը ընդգծեց, որ մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած կարաւան մը Հոմս հասած է:

 

Share this Article
CATEGORIES