«Լիբանանի Մէջ Ոչ Ոք Պէտք Է Ծայրայեղութեան Երթայ, Որովհետեւ Անկարելի Է Այդ Ձեւով Լիբանանի Շահերը Ապահովել» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ շաբաթավերջին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ներքին լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, որոնց ծիրին մէջ նաեւ` սալաֆական շարժումի կատարելիք ցոյցին:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ընդհանուր առմամբ պէտք է արտօնել բոլորին` իրենց ազատ կարծիքն ու տեսակէտը արտայայտելու, «սակայն նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ լիբանանեան պետութիւնը որոշած է ինքզինք զերծ կացուցել Սուրիոյ իրադարձութիւններէն, կը կարծեմ, որ ծայրայեղական եւ ինքնագլուխ քայլերը Լիբանանի շահերը չեն ապահովեր», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իսլամները թէ քրիստոնեաները ի վերջոյ ազգային համերաշխութեամբ եւ գոյակցութեամբ է, որ պիտի շարունակեն ապրիլ, եւ անհրաժեշտ է, որ անոնք ճիգ չխնայեն ազգային միասնականութեան ամրապնդումին առումով:

«Արաբական գարնան» մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է բոլորը անդրադառնան ամբողջ շրջանին դէմ գծուած դաւադրութեան եւ յստակօրէն տարբերեն մէկ կողմէ փոփոխութեան, բարեկարգումին եւ ժողովրդավարութեան, իսկ միւս կողմէ` քաղաքական նպատակներ իրականացնելու եւ ամբողջ շրջանին դիմագիծը փոխելու փորձը:

Սուրիահայութեան իրավիճակին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Եթէ մենք նկատի ունինք տարբեր երկիրներու վարչակարգերը եւ զանոնք բարեփոխելու անհրաժեշտութիւնը, ապա մենք պէտք է գիտնանք, որ պետութիւնն է քաղաքայիններուն ապահովութեան պատասխանատուն: Նկատի ունենալով, որ քրիստոնէական գոյութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ, կը շեշտեմ, որ նաեւ հայկական գոյութիւնը կարեւոր է շրջանին մէջ: Մենք 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն վերջ չէ, որ շրջան հասանք. թերեւս արաբական աշխարհին մէջ հայութեան թիւն է, որ բարձրացաւ Մեծ եղեռնէն ետք, սակայն պատմականօրէն մեր գոյութիւնը միշտ ալ առկայ եղած է Երուսաղէմի, Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին, Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ այլ շրջաններու մէջ: Հետեւաբար իմ մտահոգութիւնս հայուն, քրիստոնեային, սիւննիին կամ ալեւիին մասին չէ, այլ` արաբ քաղաքացիին: Պետութիւնները պէտք է պահպանեն արաբ քաղաքացիներուն իրաւունքները եւ փոքրամասնութիւն նկատուող քաղաքացիներուն իրաւունքները` արդարութեան եւ հաւասարութեան հիման վրայ», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ եթէ կայ այնպիսի տրամադրութիւն, որ շրջանին մէջ ստեղծուի Իսրայէլի հանգստութեան ծառայող կացութիւն մը, ապա մենք պէտք չէ դառնանք նման կացութիւն մը ստեղծելու միջոցները:

Շրջանին մէջ փոփոխութիւններու շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ «Արաբական գարուն»-ը սկսած է հարաւային Լիբանանի ազատագրումով, եւ աւելցուց, որ անիկա աւելի եւս սկսած է շեշտուիլ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ: «Ցաւ ի սիրտ սակայն, ներկայիս ոչ ոք կը խօսի արաբական աշխարհին մէջ բարեկարգումներ գործադրելու եւ Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը բացայայտելու մասին», ըսաւ ան:

«Արաբական գարնան» մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թուրքիա շրջանին մէջ գործիք մըն է, որուն յստակ դերակատարութիւններ վստահուած են: «Որոշ հանգրուանի մը համար անոր ըսուած էր, թէ այս է դերակատարութիւնդ, աւելի ուշ ըսուած է` քուլիսներուն ետին սպասէ մինչեւ նոր դերակատարութիւնդ: Հետեւաբար Թուրքիա ըստ այս հրահանգներուն է, որ կը շարժի: Թուրքիա այդ հզօր ու ներդաշնակ պետութիւնը չէ, որ պաշտպանէ զինք բաղկացնող տարրերը: Այսինքն, եթէ պահ մը մոռնանք հայերը, տակաւին կան քիւրտերը, ալեւիները, այսպէս կոչուած «զերօ խնդիրներու» արտաքին քաղաքականութիւնը: Աւելի՛ն. փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով վերջին պետութիւնը, որ իրաւունք ունի այդ մասին խօսելու, թրքական պետութիւնն է եւ անոր ղեկավարները: Մեզի համար անընդունելի է տեսնել կարգ մը արաբ ղեկավարներ եւ լիբանանցի պատասխանատուներ, որոնց մէջ նաեւ կարգ մը քրիստոնեայ պատասխանատուներ, որոնք համոզուած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի տուած այն երաշխիքներուն, թէ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներուն ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ: Ամբողջ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ միայն երկու կամ երեք հազարնոց համայնք ունի տակաւին, իսկ եկեղեցիներէն թերեւս ոչինչ մնացած է: Ո՞վ նման սուտերու կրնայ հաւատալ: Նուազագոյնը թող մարդոց գիտակցութիւնը յարգեն: Տակաւին վերջերս էր, որ Թուրքիոյ մէջ սպաննեցին հայ լրագրող մը, իսկ քանի մը ամիս առաջ սպաննեցին թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ մը, պարզապէս որովհետեւ ան հայ է», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան աւելցուց, որ կարելի չէ անտեսել քիւրտերուն դէմ, Իրաքի սահմանակից շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու մէջ թուրքերուն գործած աւերներն ու անոնց պատճառած վնասները, եւ այս արարքներուն լոյսին տակ կարելի չէ վստահիլ, որ Թուրքիա Պոլսոյ մէջ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհրդաժողով մը կրնայ կազմակերպել:

«Վերահաստատելու գնով դարձեալ կը կրկնեմ, որ լիբանանցիները եւ արաբները պէտք է դասեր քաղեն հայ համայնքին փորձառութենէն: Թերեւս, այո՛, մենք փոքրամասնութիւն ենք Լիբանանի մէջ, սակայն Թուրքիոյ հետ մեր փորձառութիւնը մեծ է», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը հակասահմանադրական նկատելու հարցին գծով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թուրքիա կրցած է ճնշում բանեցնել Ֆրանսայի վրայ` աւելցնելով սակայն, որ պէտք է յստակօրէն իմանալ մէկ բան, որ պետութիւն մը, որ ինքզինք կը յարգէ, պէտք է ճանչնայ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, որ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է: «Ամէն պարագայի, սակայն, նոյնիսկ եթէ որոշ պետութիւններ մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ատիկա չի նշանակեր, որ այդ ցեղասպանութիւնը չէ պատահած: Մենք գիտենք, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ենք եւ ներկայիս մենք մէկ քայլ առաջ ալ անցած ենք ու հատուցումներ կը պահանջենք», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ երեսփոխան Միշել Մըրին կատարուած վերջին այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք այդ այցելութիւնը ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: «Պէտք է բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն քննարկումը Միշել Մըրի հետ կատարուած է եւ այդ էջերը փակուած են ընտրութիւններէն երկու կամ երեք ամիս ետք: Հետեւաբար մեր այցելութիւնը կ՛իյնար լիբանանցի ղեկավարներուն տրուած փոխադարձ այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ, իսկ այդ այցելութեան ընթացքին կամ անկէ առաջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մըրէն ներում չէ հայցած եւ ոչ ալ Մըր պահանջած է, որ իրմէ ներում հայցուի», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ 2007-ի Մեթնի մասնակի ընտրութիւններէն ետք արձանագրուած բանավէճին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ էջը եւս փակուած է եւ համապատասխան այցելութիւնները կատարուած են օրին: «Սակայն այս հանգրուանին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Ժեմայէլին չայցելեց, որովհետեւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մեզի չէ այցելած եւ մեր այցելութիւններուն շրջագիծը կ՛ընդգրկէ այցելութիւնները փոխադարձել», նշեց ան:

Երեսփոխան Միշել Մըրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատելու եւ մօտեցումները կամրջելու մասին ՀՅԴ-ի հաւանական դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երկու ղեկավարները կարիքը չունին միջնորդի` աւելցնելով սակայն, որ ե՛ւ Մըրի, ե՛ւ զօր. Աունի պարագային, անոնք իրարու մասին միայն դրական կերպով կը խօսին եւ կատարեալ յարգանքով:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին գոյանալիք ընտրական դաշինքներուն մասին` նկատել տալով միաժամանակ, որ տակաւին ընտրական յստակ օրէնք մը չէ վաւերացուած այդ առումով:

Այս շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կարծիքով, ամէնէն արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը արտայայտող ընտրական օրէնքը մինչեւ օրս կը մնայ փոքր ընտրաշրջաններու մէջ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES