Թաքսիմի Վրայ Կայացած Ցոյցին Պարզուած Ցեղապաշտական Պաստառներուն Դէմ Բողոքի Ցոյց

Թաքսիմ հրապարակի հակացեղապաշտական ցոյցը

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը  կը հաղորդէ, որ շուրջ հազար հոգի կիրակի օր Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ ցոյց մը կատարած են` իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնելով կիրակի, 26 փետրուարին նոյն հրապարակին վրայ այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» զոհերու յիշատակին կազմակերպուած բողոքի ցոյցին ընթացքին պարզուած պաստառներուն գծով: Ցուցարարներու շարքին եղած են լրագրողներ, գրողներ, դերասաններ եւ մտաւորականներ:

Անցեալ շաբաթ Թաքսիմ հրապարակին վրայ կայացած հաւաքին ընթացքին հակահայկական ֆաշական բնոյթի ցուցապաստառներ բարձրացուած էին: Իսկ կիրակի օր բողոքի ցոյցի ընթացքին ցուցարարները քալած են ցեղապաշտութիւնը դատապարտող պաստառներով եւ «Կեցցէ՛ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը», «Թուրքիան թուրքերէն բացի այլ բարեկամներ ալ ունի», «Ո՛չ ֆաշականութեան», «Ատելութիւնը ձեզի, մարդկայնութիւնը` մեզի» կարգախօսներով:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած քայլարշաւէն ետք Թաքսիմ հրապարակ հասած ցուցարարներուն անունով խօսք առած է լրագրող Եաշար Կիւվեն: «Անցեալ շաբաթ այստեղ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» պատրուակով հայերու եւ բոլոր ազգերու հասցէին ատելութեան խօսքեր, սպառնալիքներ կը տարածուէին: Իրական պատճառը, սակայն, Խոջալուն չէր: Կառավարութիւնը, Ֆրանսայի մէջ հայանպաստ օրինագիծը պատճառ բռնելով, հայերուն հետ թշնամութիւն կը սերմանէ: Սակայն ամէն ինչ այդքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ մենք թոյլ պիտի չտանք: Մենք հայերուն մինակ պիտի չձգենք: Մենք անոնց չենք հայհոյեր, չենք սպառնար: Մեր ձեռքերուն մէջ ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն տարածող պաստառներ չկան: Մենք դէմ ենք ֆաշականութեան, ազգայնականութեան, ատելութեան ու ազգայնամոլութեան», ըսած է ան:

Ցոյցին մասնակցած է նաեւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Մահմուտ Թանալ: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «վրէժխնդիր ըլլալու» կոչեր ուղղելով` թշնամանք եւ պառակտում կը սերմանէ: «Մենք այստեղ հաւաքուելով` խաղաղութիւն կը մատնանշենք», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES