Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Մատրիտ, Ա. Սէ. Միլան Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Ամրապնդեցին Պարագլուխի Իրենց Դիրքերը. Փարիզ Սեն Ժերմեն` Առաջին Դիրքին Վրայ

Էշլի Եանկ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով արձանագրուած արդիւնքները Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքերը գրաւող խումբերուն անունները պահեցին անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք բոլորն ալ յաղթանակ արձանագրեցին:

Անգլիոյ մէջ Մանչեսթըր Սիթի իր ունեցած երկու կէտի առաւելութիւնը պահեց Մանչեսթըր Եունայթըտի վրայ, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պոլթընը: Կրեթար Սթենսըն (23-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Մարիօ Պալոթելլի (69-րդ) նշանակեցին Սիթիի կոլերը` աւելի քան 47 հազար համակիրներու ներկայութեան:

Եունայթըտ իր յաղթանակը արձանագրեց Թոթենհամի դաշտին վրայ` 3-1 արդիւնքով: Ուէյն Ռունի (45-րդ) եւ Էշլի Եանկ (60-րդ եւ 69-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, իսկ Ժերմեն Տեֆոյէ` լոնտոնեան կազմին ուշացած կոլը (87-րդ):

Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արսենալէն:

Կոնզալօ Հիկուան

Չելսի պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Անտրէ Վիլլա – Պոասը, երբ անիկա 1-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Ուեսթ Պրոմուիչի դաշտէն:

Սպանիոյ մէջ իրարու ոխերիմ երկու կազմերուն` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ տասը կէտի տարբերութիւնը (ի նպաստ Ռէալի) մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին իրենց դաշտերուն վրայ:

Ռէալ Մատրիտ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Էսփանիոլը, շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի (23-րդ), Սեմի Խետիրայի (38-րդ), Կոնզալօ Հիկուանի (47-րդ եւ 78-րդ) եւ Քաքայի (66-րդ) նշանակած կոլերուն:

Աւելի քան 72 հազար համակիրներու ներկայութեան Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սփորթինկ Խիխոնի: Անտրես Ինիեսթա (42-րդ), Սէյտու Քէյթա (79-րդ) եւ Զաւի (88-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, իսկ Տաւիտ Պարալ (49-րդ)` Խիխոնի կոլը:

Նշենք, որ Բ. կիսախաղը ամբողջութեամբ Պարսա մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով, երբ Ժերար Փիքէ 46-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Զլաթան Իպրահիմովիչ

3-րդ դիրքը գրաւող Վալենսիա, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կրանատայի, այժմ 24 կէտով ետ է Ռէալ Մատրիտէն:

Իտալիոյ մէջ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ա. Սէ. Միլան  4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փալերմոյի դաշտէն: Զլաթան Իպրահիմովիչ հեթրիք մը իրագործեց (21-րդ, 31-րդ եւ 35-րդ), մինչ 4-րդ կոլը նշանակեց Թիակօ Սիլվա (58-րդ):

Եուվենթուս, որ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քիեւոյի հետ, այժմ երեք կէտով ետ կը մնայ Ա. Սէ. Միլանէն: Եուվէ իր կոլը նշանակեց 18-րդ վայրկեանին, իսկ Քիեւօ իր հաւասարութեան կոլը` 76-րդ վայրկեանին:

Ինթեր Միլան իր դաշտին վրայ դժուարութեամբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քաթանիայի հետ: Ինթեր 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք նշանակեց երկու կոլ` շնորհիւ Տիեկօ Ֆորլանի (71-րդ) եւ Տիեկօ Միլիթոյի (80-րդ):

Գերմանիոյ մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մայնց-05-ի: Անիկա այժմ եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունի Պայէրն Միւնիխի վրայ, որ 2-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Պայէր Լեւերքուզընի դաշտէն:

Համպուրկ իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Շթութկարթէն, մինչ Ֆրայպուրկ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շալքէի:

Ֆրանսայի մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն գրաւեց պարագլուխի դիրքը` օգտուելով Տիժոնի հետ Մոնփելիէի արձանագրած հաւասարութենէն (1-1):

Մայրաքաղաքի կազմը` Սեն Ժերմեն, որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Աժաքսիոյի, այժմ կէտով մը կը գերազանցէ Մոնփելիէն:

8-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ կրեց այլ պարտութիւն մը այս անգամ իր հիւրէն` Թուլուզէն, 1-0 արդիւնքով:

Իր կարգին, Լիոն պարտուեցաւ Նանսիէն (2-0)` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES