Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Խըյուլ` 3-2

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կը տօնեն իրենց յաղթանակը

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբը (1995-1996-ի ծնունդ) արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Խըյուլը:

Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, թէեւ ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով ուշացած էր, սակայն յաջողելով նշանակել երեք կոլ տարաւ վերջնական յաղթանակը, հակառակ դաշտին պարզած անմխիթար վիճակին:

ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Յակոբ Նաճարեան (40-րդ), Էլի Խաժօ (60-րդ) եւ Մամաս Քէհէեան (87-րդ):

Կիրակի, 11 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նոյն դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի կրտսերները բաւական կարեւոր մրցում մը ունին կատարելիք, երբ ճակատին Մապարրայի դէմ:

Այժմ ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES