ՀՄԸՄ Պէյրութի Ճատրակի Մրցաշարք – Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան Եւ Հրակ Գըլպոզեան` Առաջին, Հրայր Գասապեան Եւ Արի Աւետիս` Երկրորդ, Իսկ Ռուբէն Մարտիրոսեան Եւ Յակոբ Թաշճեան` Երրորդ
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ճատրակի յանձնախումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 4 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ` մասնակցութեամբ 43 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:
Այս մրցաշարքին ներկայ եղան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վարդան Նաճարեան, ֆետերասիոնի անդամներ Ալի Ժաուիշ եւ Հիւսէյն Համմուտ: Օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր Էլի Հուլիշեան, իսկ մրցումներուն հսկեցին Գէորգ Կոստանեան, Վրէժ Աբրահամեան, Ժիրայր Օգնայեան եւ Ռազմիկ Օգնայեան:
Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին, չորս առաջնութիւններէն երկուքին տիրացան ՀՄԸՄ-ի ճատրակ խաղացողները:
8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին տեղացի մարզիկները: Աղջկանց պարագային առաջին դիրքը գրաւեց Նանօր Առնելեան, որ ապահովեց 3,5 կէտ:
10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան (5,5 կէտ), իսկ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Հրայր Գասապեան (4,5 կէտ) եւ Ռուբէն Մարտիրոսեան (4 կէտ): Աղջկանց պարագային առաջին հանդիսացաւ Նարօտ Գըլըպոզեան (2 կէտ):
12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Արի Աւետիս 5 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը` կէս կէտով ետ մնալով առաջին հանդիսացած Ֆաուզի Քազմիէն:
Վերջապէս, 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով եւ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով առաջին հանդիսացաւ Հրակ Գըլըպոզեան: Երրորդ հանդիսացաւ Յակոբ Թաշճեան (4 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, որուն ընթացքին Վարդան Նաճարեան շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակցողներուն` յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու ընթացքին:
Նշենք, որ բոլոր մասնակցողները կէսօրուան ճաշի հիւրը եղան ՀՄԸՄ Պէյրութի:
Շնորհաւորութիւններ` բոլոր մրցանակակիրներուն: