50 Տարի Առաջ (7 մարտ 1962)

Սրբոց Վարդանանց Տօնին Առթիւ Շքեղ
Հանդիսութիւններ Նորաշէնի Եկեղեցիին Մէջ

Նոր Մարաշէն եւ Նոր Սիսէն ետք, ահա նաեւ Նորաշէնը, որ մարտ 1-ին, Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, պատիւն ունեցաւ վայելելու ներկայութիւնը վեհափառ կաթողիկոսին:

Տօնն էր իր նորաշէն եկեղեցիին, որ այնքան զոհողութիւններու գնով մէջտեղ եկած էր թաղականութեան, սրբազան առաջնորդին եւ ժողովուրդին ջանքերուն շնորհիւ:

Ժամը 9:00-ին, Լիբանանի առաջնորդ սրբազանը, ինքնաշարժներու հսկայ թափօրին գլուխն անցած, պաշտօնական անձնաւորութեանց եւ թաղականութեան հետ կը մեկնի Անթիլիաս` վեհափառը առաջնորդելու համար Նորաշէն: Բաց ինքնաշարժի մը մէջ հրեշտականման փոքրիկ աղջիկներ ծաղիկներ կը սփռեն: Նուպարեան վարժարանի ամբողջ աշակերտութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ կը խայտայ` մեր սիրեցեալ հայրապետին ժամանման ի տես:

Թափօրը կը հասնի եկեղեցի, ուր վեհափառը կ՛ընդունուի մեծ պատիւներով: Ոչխարի զենում եւ աղաւնիներու թռիչք օրէնքի կարգ անցած են: Քաղաքապետական ոստիկանութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական պատուի կ՛առնեն ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը գեղեցկօրէն կը նուագէ լիբանանեան քայլերգը:

Պատարագի երգեցողութիւնները կը վարէ «Շողակաթ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Պ. Համպոյեանի:

Վեհ. հայրապետը կը քարոզէ օրուան տօնին իմաստը պանծացնելով: Կու տանք ամփոփումը:

«Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք ձեր մարմինը կը սպաննեն, այլ անոնցմէ, որ ձեր հոգին կ՛աղարտեն:

Բոլոր տեսակի կրօնքներէն միայն քրիստոնէական կրօնքն է, որ բերաւ հոգիի անմահութիւն:

Երբ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները եկան եւ տարածեցին Աւետարանին լոյսը, մեր ժողովուրդը իւրացուց  զայն եւ դարձուց պետական կրօն` ջնջելով բոլոր չաստուածները եւ մեհեանները: Մեր թշնամիները այդպէս չէին մտածեր: Իրենց քաղաքական հաշիւներով ուզեցին մեզ պարտադրել ուրացումը մէկուկէս դարու հազիւ կեանք ունեցող քրիստոնէական կրօնին:

451 թուականին առաջին անգամ մեր ժողովուրդը գտնուեցաւ ծանր երկընտրանքի առջեւ: Առանց չափելու իր ուժը` միացաւ, մէկ անձի պէս ելաւ Աւարայրի դաշտը: Ուրիշներ այս արարքը պիտի նկատէին խենթութիւն:

Վարդանանք Աւարայրի դաշտին վրայ իրենց մարմինը զրահ ըրին փիղերու դէմ, ըսելու համար մեր թշնամիներուն, որ մեր մարմինը կրնաք սպաննել, բայց` ո՛չ մեր հոգին:

Մենք յայտարարած ենք, որ քրիստոնէութիւնը չենք հագած որպէս շապիկ: Մեզի համար մորթ է եւ ապրում եւ այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ բաժնել մեզ, ո՛չ հուրը, ո՛չ սուրը:

451-ին սկսած պատերազմը չէ վերջացած մեզի համար:

Մեր ժողովուրդի հոգիներէն ներս կուռքեր զետեղել փորձող վարդապետութեանց եւ մարդոց տրուած է պատասխանը: Ո՛չ: Պիտի չդաւաճանենք, որովհետեւ հոգին անմահ է:

Կը գտնուինք բարոյական պատերազմի մը դիմաց, հոգեկան մեր ամրոցը քանդել ուզողներու դիմաց: Բայց պիտի չդաւաճանենք մեր մարտիրոսներուն եւ սուրբերուն:

40 տարի առաջ հայութիւնը թափեց արիւն: Բայց չընկրկեցաւ, այլ գիտակցութեամբ գնաց դէպի մահ, որպէսզի չխաթարուինք:

Այս եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուինք: Պատուէրս  ու խրատս այն է, որ հաւատարիմ գտնուինք մեր կրօնին: Մեր հայրենիքը ըլլայ ազատ, կարենալ պաշտելու մեր Աստուածը, կը մաղթեմ, որ Աստուած ընէ այնպէս, որ մեր բոլոր սերունդները հաւատարիմ մնան Վարդանանց ըսած ՈՉ-ին եւ մնան հաստատ` կարենալ դիմագրաւելու համար մեր առօրեայ թշնամիներուն, ու մենք ալ միանանք վասն կրօնի եւ հայրենիքի»:

Յաւարտ պատարագի վեհափառը հանդիսաւոր թափօրով կ՛առաջնորդուի եկեղեցւոյ բակը` օրհնելու համար մատաղը:

Աւելի  քան 75 հրաւիրեալներ կը բարձրանան դպրոցի ընդարձակ սրահը` բոլորուելու համար իրենց սիրեցեալ հայրապետին շուրջ, շքեղօրէն պատրաստուած սեղաններու բոլորտիքը: Ներկայ են պետական երեսփոխաններ եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Որպէս շրջանի երեսփոխան` խօսք կ՛առնէ նոյնպէս Վարդգէս Շամլեան` շնորհակալութիւն յայտնելու համար վեհափառին սրբազանին եւ թաղականութեան:

Հրաւիրեալներէն Խորէն Թահան գեղեցիկ անակնկալ մը կ՛ընէ. «Այս եկեղեցին ես շատ սիրած եմ, թոյլ տուէք, որ անոր բարեզարդութեան համար փոքրիկ նուէր մը ընեմ»: Կը նուիրէ 500 լիբ. ոսկի ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:

Թաղական խորհուրդի ատենապետ Կարօ Կիւլէսէրեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին եւ բոլոր ներկաներուն: Իսկ դարձեալ թաղականութենէն տոքթ. Ազատ Ճեմնազեան կը կարդայ գրաւոր ուղերձ մը` շնորհակալութիւն յայտնելով այն բոլոր ազգայիններուն, որոնք ամէն կերպով սատարած են եկեղեցիի եւ դպրոցի շինութեան: Մասնաւորաբար` Քերովբէ Պոլեանին, որ տասը հազար ոսկիի փոխառութիւն մը ըրած  է եւ Մանանեան եղբայրներուն, որոնք առանց նիւթական ակնկալութեան ստանձնած են մանկապարտէզի շինութեան աշխատանքը:

Արեւշատութիւն կը մաղթէ մեր սիրելի  նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապին:

Վեհափառի շնորհակալութեան խօսքերով եւ պահպանիչով կը փակուի շատ գեղեցիկ այս հանդիսութիւնը:

Անոնք, որոնք ծանօթ են այս թաղին, եւ` երկար տարիներ ապրած հոն, հիացմունքով դիտեցին, թէ ինչպէս տախտակաշէն եւ թիթեղածածկ, հնամաշ այս եկեղեցին վերածուեր է հոյակապ, գեղակերտ շէնքի մը, իր յարակից դպրոց-մանկապարտէզով, թաղականութեան եւ ժողովուրդի անխոնջ ջանքերով:

Այս տողերը գրողը, որ 40 տարի առաջ բնակած է այս թաղը, չկարենալով զսպել իր հիացումը, բաժակ առաջարկեց այն աննման եւ ազնիւ ժողովուրդին, հայ ժողովուրդին կենաց, որ մացառուտներով եւ ճահճահուտներով այս մոռցուած թաղամասը օժտած է հոյակապ շէնքերով: Մարդիկ կու գան ու կ՛անցնին, հայ ժողովուրդը կը մնայ անմահ իր գործով ու շինարարութեամբ:

Պիտի փափաքէինք, որ քաղաքի մեր բարեկեցիկ ազգայինները երբեմն այցելէին իր անունին (Նորաշէն) իսկապէս արժանի թաղը` տեսնելու համար կատարուած աշխատանքները:

Գ. ԳԱՆԱՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES