«Ազդակ»-ի Մամլոյ 68-րդ Լսարան «Հայապատում, Հայագիտութիւն Եւ Հայ Իրականութիւն» Նիւթին Մասին Դասախօսեց Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Տատոյեան

Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեանի «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ. փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ» եռահատոր գործի առաջին հատորին լոյս ընծայման առիթով, երէկ` երեքշաբթի, 6 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի  «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 68-րդ լսարանը` «Հայապատում, հայագիտութիւն եւ հայ իրականութիւն» նիւթով: Լսարանի դասախօսն էր փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան:

Սիլվա Գարավարդանեան

Լսարանի բացման խօսքը «Ազդակ»-ի անունով արտասանեց Սիլվա Գարավարդանեան, որ նշեց, թէ Տատոյեան իր ուսումնասիրութիւններով քննութեան առարկայ կը դարձնէ պատմութեան մութ եւ խոր էջերը` նոր ենթահող հաղորդելով ժամանակակից պատմութեան:

Գարավարդանեան ըսաւ, որ դոկտ. Սեդա Տատոյեան մասնագիտութեամբ նախ գեղանկարիչ է, եւ ապա փիլիսոփայական գիտութեան մէջ ստացած է դոկտորայի աստիճանը: Ան աւելցուց, որ լսարանի դասախօսը հեղինակ է բազմաթիւ գիտական գործերու:

Ապա խօսք առաւ փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան, որ նշեց, թէ պատումը դէպքերու ժամանակագրական յաջորդականութիւնը կը ներկայացնէ, ուր անձերը ունին գործունէութիւններ, որոնց մէջ կ’երեւին նկարագիրներ եւ մթնոլորտ:

Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեան

Դոկտ. Տատոյեան յայտնեց, որ առանց պատմագիտութեան հայագիտութիւն չկայ, եւ պատմագիտութիւնը հայագիտութեան հիմնաքարն է: Ան ըսաւ, որ այսօր իւրաքանչիւր պատմութիւն ունի իր մեկնաբանութիւնը, ինչ որ զայն կը հեռացնէ առարկայականութենէ:

Ան ըսաւ, որ անցեալը իբրեւ պատմական իրողութիւն միայն գոյութիւն ունի, ապագան տակաւին չկայ, մինչ ներկան է, որ միայն կայ: Անդրադառնալով հայութեան պատմագրութեան` դոկտ. Տատոյեան շեշտեց, որ հայութեան պատմութիւնը պատումներու հաւաքածոյ է, ուր մեծ հարցադրումներ կան, եւ ուր յաճախ փաստացի տուեալներ կը բացակային: Լուսաբանելով միտքը` ան ըսաւ, որ բազմաթիւ դէպքեր կան, որոնց մասին կայ միայն մէկ հեղինակի վկայութիւն, ինչ որ կրնայ յառաջացնել բազմաթիւ հարցադրումներ:

Դասախօսը նշեց, որ բոլոր գիտութիւնները զարգացման մէջ են, սակայն այսօր պատմագիտութեան ու հայագիտութեան կը պակսին նոր զարգացումները:

Խօսելով հայագէտի մը չափորոշիչներուն մասին` դոկտ. Տատոյեան ըսաւ, որ առանց հայերէն գիտնալու եւ պատմական իմացականութիւն ունենալու կարելի չէ հայագէտ ըլլալ: Այս գծով ան ըսաւ, որ հայագէտը գրական, գեղարուեստական, տեսական եւ փորձառական գիտելիքներու վիճակը հայկական համընդհանուր վիճակին մէջ հասկնալու եւ ըմբռնելու կարողականութիւնը պէտք է ունենայ:

Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան նաեւ անդրադարձաւ «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ. փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ» եռահատոր գործի առաջին հատորի բովանդակութեան: Դասախօսութենէն ետք դոկտ. Տատոյեան պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն նիւթին շուրջ փոխանցեց յաւելեալ լուսաբանութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES