Շարպել Ընդունեց Մորա Քոնելլին

Քոնելլի եւ նախարար Շարպել

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակն ու Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրուելիք ամերիկեան մարզումներուն կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քոնելլի դրուատեց լիբանանցիներուն կողմէ սուրիացի գաղթականներուն մատուցուած օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ քաջալերեց Լիբանանի կառավարութիւնը` միջազգային ընտանիքին հետ իր գործակցութիւնը պահպանելու առումով:

Քոնելլի հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան իրաւունք ունի պաշտպանելու իր սահմանները, եւ այս իմաստով ան կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութիւններ մատուցելու բոլոր անզէն սուրիացիներուն, որոնց շարքին նաեւ Սուրիական ազատ բանակի անդամներուն:

Քոնելլի մտավախութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու առեւանգումին առումով եւ աւելցուց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները մտահոգ են Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն Լիբանանի վրայ ունենալիք հետեւանքներէն:

Քոնելլի հաստատեց, որ Ուաշինկթըն շահագրգռուած է Լիբանանի ազատութեամբ, անկախութեամբ եւ գերիշխանութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES