Ժահժահ Աւարտեց Քաթար Կատարած Այցելութիւնը
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ Քաթարի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս արաբեւիսրայէլեան եւ սուրիական տագնապներուն մանրամասնութիւնները:
Ժահժահ շնորհակալութիւն յայտնեց շէյխ Համատին` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
CATEGORIES Լիբանանեան