Քանաան Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Կը Պատասխանէ Սինիորային

Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորային, որուն տրամադրութեան տակ դրաւ շարք մը շօշափելի տուեալներ:

«2005-2010 ծախսուած այս գումարները կարիքը ունին ճշգրիտ հաշուեկշիռի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ 11 միլիառ տոլարի նիւթական բացին առումով ներկայացուած առաջարկը անհիմն է եւ անկարելի է զայն ընդունիլ խորհրդարանին մէջ կամ անկէ դուրս: Քանաան աւելցուց, որ անիկա կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան, հաշուեքննութեան սկզբունքին եւ խորհրդարանի ներքին օրէնքներուն հետ:

Քանաան հաստատեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ` լուծել կարենալու համար այս հարցը, որովհետեւ անկարելի է նման թղթածրար մը լուծել` առաջարկներու կամ փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ:

Քանաան դիտել տուաւ, որ ելեւմուտքի մարզին մէջ արձանագրուած այս ապօրինութիւնը լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր մըն է եւ անկարելի է ընդունիլ այդ մէկը:

Քանաան Սինիորայէն պահանջեց յստակ հաշուեկշիռ մը ներկայացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES