Նախարար Սապունճեան Ընդգծեց Ճարտարարուեստի Մարզին Մէջ Արդի Ուժանիւթի Օգտագործումին Անհրաժեշտութիւնը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց «Ուժանիւթը եւ ճարտարարուեստի մարզը» նիւթով երկօրեայ խորհրդաժողովին, որ նաեւ կը վայելէ ճարտարարուեստի նախարարութեան հովանաւորութիւնը:
Խորհրդաժողովին ընթացքին Վ. Սապունճեան շեշտեց ճարտարարուեստին մէջ արդի ուժանիւթի օգտագործումին անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ճարտարարուեստը ազգային տնտեսութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը կը նկատուի:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ինք ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ քննարկած է մեծ քանակութեամբ ուժանիւթ օգտագործող գործարաններուն հարցը` աւելցնելով, որ իրենք յանգած են այնպիսի դասաւորումներու, որոնք այդ գործարաններուն սեփականատէրերուն բեռը համեմատաբար կը նուազեցնեն:
Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ ինք եւ նախարար Պասիլ այդ մասին յանգած են լուծումի մը եւ մօտիկ ապագային պիտի յայտարարեն զայն:
Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան երէկ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ «Արաբական գարուն»-ը ոչ միայն Լիբանանի վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցած է, այլ` շրջանի բոլոր երկիրներուն:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ կարգ մը երկիրներու վարչակարգերուն մէջ որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուած են, սակայն անհրաժեշտ է փոխադարձ օժանդակութիւնը պահպանել եւ նպաստել արաբական թէ տեղական առումով արձանագրուելիք տնտեսական աճին: