«Ժոմպլաթի Կեցուածքը Ժխտական Է, Ան Ինքզինք Երբեք Խորհրդարանական Մեծամասնութեան Մէջ Չէ Զգացած Եւ Անոր Համար Միայն Իր Շահերը Կարեւոր Են» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Սլէյման մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ համախմբումին նիստը կեդրոնացած է խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին վրայ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է յարգել երկրին սահմանադրութիւնն ու հաշուեքննութեան կարգն ու կանոնը:
«Մենք ոչ ոք կ՛ուզենք ամբաստանել, սակայն անոնք պէտք է բարեհաճին եւ իրենց հաշուապահական նոթերը ղրկեն ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին ու Պետական հաշուեքննիչ մարմինին», ընդգծեց զօր. Աուն:
Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստէն Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքին բացակայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ անիկա ժխտական կեցուածք մըն է, որ արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ կրնայ ունենալ: «Օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելով Ազգային պայքարի ճակատ պլոքին երեսփոխանները կը փաստեն, որ իրենք չեն ուզեր խորհրդարանական մեծամասնութեան մաս կազմել», ըսաւ զօր. Աուն:
Անդրադառնալով նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումին` զօր. Աուն ըսաւ, որ այդ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած հարցերը եւ արձանագրուած կեցուածքները անձնական են, եւ ինք չ՛ուզեր այդ մասին մեկնաբանութիւններ կատարել:
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հրաւիրած ցոյցին մասին իր կարծիքը յայտնելով` զօր. Աուն ըսաւ, որ իր կարծիքով այդ ցոյցը ձախող փորձ մը կը նկատուի:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Շքըր յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի նախագահած կառավարութիւններուն ապօրինաբար ծախսած գումարը 11 միլիառ տոլար չէ, այլ` 16 միլիառ տոլար, որոնք Լիբանանին կատարուած օժանդակութիւններ են, եւ անոնցմէ ոչ մէկ լումայ տրամադրուած է Լիբանանի պետական գանձարկղին: Ան ընդգծեց, որ բոլորը պէտք է հաւասար ըլլան օրէնքին յարկին տակ:
Շքըր յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ նիւթուած դաւադրութիւնը տակաւին առկայ է:
Լիբանանեան եւ արաբական պայքարի շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ֆայսալ Տաուտ իր կարգին այցելեց զօր. Աունի:
Հանդիպումէն ետք Տաուտ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը գործէ ինքն իր շահերուն եւ ոչ թէ երկրին շահերուն համար: