Վարչապետ Միքաթի Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան» Իրադարձութիւնները

Դեսպան Ալի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` զսպելու համար Լիբանանէն դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ սուրիական ապահովական կառոյցներուն հետ աշխատանքը համադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի փափաքած է իմանալ Սուրիոյ կացութեան մասին` աւելցնելով, որ ինք հաստատած է, որ Սուրիոյ կացութիւնը աւելի լաւ կարելի է նկատել, որովհետեւ Սուրիոյ իշխանութիւնները հաստատ քայլեր որդեգրած են այդ առումով: «Նախագահ Պաշշար Ասատի վարած հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ գիտակցօրէն դուրս գալ այս տագնապէն եւ Սուրիոյ վրայ անոր ունենալիք դրական ազդեցութիւններէն», ըսաւ ան:

Ալի դրուատեց Լիբանանի իշխանութիւններուն կեցուածքը Սուրիոյ նկատմամբ` ընդգծելով, որ վարչապետ Միքաթի նախանձախնդիր է, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանային կայունութիւնը պահպանուի եւ Լիբանանէն Սուրիա կարելի չըլլայ զէնք մաքսանենգել:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Մարուան Ֆարես եւ Քամել Ռիֆայի, որոնք վարչապետին ներկայացուցին Պեքաայի կարիքները:

Հանդիպումէն ետք Ֆարես յայտնեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ զէնքի մաքսանենգում կը կատարուի, սակայն լիբանանեան բանակը իր հակակշիռին տակ առած է այդ իրականութիւնը եւ ձերբակալած մաքսանենգները:

Իր կարգին, Ռիֆայի յայտնեց, որ լիբանանեան տեղեկատուական մարզին կողմէ խոշորացոյցով կը դիտուին դէպի Քաահ փոխադրուող սուրիացի գաղթականներուն թիւերը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:

 

Share this Article
CATEGORIES