Տոհայի Մէջ Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ գործակցութիւնը, լիբանանեան – քաթարեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհը յուզող իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ:
CATEGORIES Լիբանանեան