«Ֆրանսայի Դէմ Կիրարկուած Պատժամիջոցները Պէտք Է Նոյնութեամբ Շարունակուին» Կ՛Ըսէ Տաւութօղլու
«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Առընչ յայտարարած է, որ Ֆրանսայի դէմ ձեռնարկուած պատժամիջոցները պէտք չէ փոփոխութիւն կրեն:
Ըստ անոր, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի` երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու ջանքերով որդեգրուած որոշումը «բոլոր առումներով ուրախացնող» է:
«Որեւէ երկրի խորհրդարան իրաւունք չունի մէկ այլ երկրի անցեալին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին որոշումներ որդեգրելու կամ օրէնքներ ստեղծելու», ըսած է ան:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի այն յայտարարութեան, թէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ պիտի մշակուի, Առընչ ըսած է, որ Ֆրանսայի մէջ արդէն նախընտրական հոլովոյթները սկսած են, եւ 6 մարտէն սկսեալ խորհրդարանը պիտի դադրեցնէ աշխատանքը եւ անոր խօսքը այս պարագային չ՛անցնիր: Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կարծիքով` «Ֆրանսայի դէմ կիրարկուած պատժամիջոցները պէտք է նոյնութեամբ շարունակուին»:

