Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Եահկ-Ի Մնայուն Խորհուրդին Պիտի Ներկայացնեն Իրենց Վերջին Քայլերը

2-6 մարտ այցելելով շրջան, հանդիպումներ ունենալով Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի ղեկավարութեան հետ եւ հիմնուելով Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միացեալ յայտարարութեան վրայ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն առաջարկեցին նախաձեռնութիւններ` խաղաղ բանակցային հոլովոյթը յառաջ տանելու համար:

ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ տագնապի կողմերուն հետ քննարկուեցան շփման գիծին վրայ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու մշակման աշխատանքները:

Համանախագահները կը նշեն, որ դիմած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին, որպէսզի կազմակերպութեան Բարձրագոյն ծրագրման խումբը զբաղի մեքանիզմի հետագայ զարգացումով` իբրեւ վստահութեան մեծացման եւ կայունութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց:

Համանախագահները քննարկեցին նաեւ մարդասիրական հարցեր եւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք պիտի նպաստեն շրջանի ժողովուրդներու փոխըմբռնումին:

Համանախագահները 22 մարտին կը ծրագրեն այցելել Վիեննա եւ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդին ներկայացնել վերջին քայլերը` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման:

 

Share this Article
CATEGORIES