Խմբագրական. Առանց Դասակարգումներու (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)
Կիներու միջազգային օրուան նշումը տարատեսակ եւ տարաբնոյթ եղանակներով տեղի կ՛ունենայ աշխարհի տարբեր միջավայրերուն մէջ: Չտարածուինք տօնին միջազգային երեւոյթներուն մէջ եւ կեդրոնանանք մեր ածուին վրայ:
Տօնը հանգամանաւոր տարողութիւններով եւ հասարակական ծաւալումով կը նշուի հայրենիքի մէջ: Վեր կ՛առնուի ընդհանրապէս հայ կնոջ տիպարային կերպարը` իբրեւ բնութեան կատարելագործուած էակ, ազգի պահպանման կարեւոր երաշխիք եւ ընտանիքի գոյութեան անփոխարինելի արժէք: Սփիւռքի մէջ տակաւ տօնը կ՛ընդհանրանայ եւ այդ բոլոր ստորոգելիներուն առընթեր յատկապէս կը շեշտուի ազատագրական պայքարին մէջ հայ կնոջ դերակատարութիւնը կամ առհասարակ հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ անոր բերած նկատառելի նպաստը:
Այս ամբողջը դասականացած մօտեցումն է հայ կնոջ նկատմամբ հասարակական մտապատկերային կայացած ընկալումները հերթական անգամ լոյսին բերելու: Հայաստանեան լրատուամիջոցները ազդուելով միջազգային մերօրեայ օրինաչափութիւններէն թէ մեկնելով տեղական կենցաղային իրադրութիւններէն այս ընկալումներուն վրայ կ՛աւելցնեն սեռային շահարկումի դէմ պայքարելու, կնոջ նկատմամբ կիրարկուող բռնամիջոցներուն վերջ դնելու կամ շահագործումներու տարատեսակ բնոյթներուն մասին հրապարակային քննարկումներ ծաւալելով պարագաներու իրողութիւններ լոյսին բերելու եւ անոնց մասին հակազդեցութիւններ ձեւաւորելու երեւոյթները:
Սփիւռքը այս հարցերու քննարկման առումով կը դրսեւորէ համեմատաբար պահպանողական վիճակ, հակառակ անոր որ տարբեր երկիրներու մէջ այլ են նման հարցերու մասին արտայայտուելու թէ՛ ձեւերն ու թէ՛ բովանդակութիւնները:
Կանացի կազմակերպութիւններու աշխուժ ու արդիւնաւէտ աշխատանքը, կիներու իրաւունքներու պաշտպանուածութիւնը եւ անոնց վերաբերող ընկերային տարբեր բնոյթի հարցերու հրապարակային քննարկումները բազմակողմանիօրէն առատ են այսօրուան դրութեամբ:
Խնդիրը ուղղակիօրէն այլ հարթութեան վրայ կը դիտարկուի այսօր: Առաջադրանքները կը կապուին ոչ թէ հանրային կարծիքի ձեւաւորման ազդելու կիներու հնարաւորութիւններուն վրայ, այլ ուղղակի անոնց կողմէ հանրային կարծիք ձեւաւորելու հրամայականին: Պահ մը կեդրոնանանք մամուլի եւ լրատուադաշտի այսօրուան իրականութեան վրայ` պարզօրէն հետեւցնելու համար, որ հայ լրագրական մարդուժի յստակ մեծամասնութիւնը կիներ են այսօր, որոնք ոչ միայն թղթակցային աշխատանքներու մէջ են, այլ նաեւ կը ղեկավարեն լրատուամիջոցները: Իսկ եթէ (գէթ իբրեւ տեսութիւն) համոզուած ենք, որ մամուլը չորրորդ իշխանութեան դերակատարութիւն ստանձնելու յաւակնութիւնը պէտք է շարունակէ պահել, ապա կիները այսօր չորրորդ իշխանաւորներ են` հայկական լրատուադաշտի մէջ աշխատողներու սեռային պատկանելիութիւնը նկատի առած:
Այս առումով ալ ճիշդ պիտի չըլլար կիներու մասնակցութեան չափը քաղաքական դաշտին մէջ բարձրացնելու միտումով խորհրդարանական ընտրութիւններու ցանկերու պատրաստութեան համար չափաբաժիններ ճշդելու մօտեցումը: Չափաբաժինը սահմանափակումի նուիրականացում է: Պատգամաւորի թեկնածուն պէտք է նկատի առնուի բացառապէս իր ընդունակութիւններուն եւ օրէնսդրական դաշտին մէջ ծառայելու իր հմտութիւններուն հիմունքով եւ ոչ թէ` սեռային պատկանելիութեան:
Այս մօտեցումը պէտք է ընդհանրացնել, թերեւս հասնելու համար այն եզրակացութեան, որ զուտ կանացի կազմակերպութիւնները եւս իբրեւ խաւ կամ շերտ դասակարգելու եւ աշխատանքներու բնոյթներ սահմանափակելու նպաստող երեւոյթ են:
Իսկ կիներու խնդիրներն ու իրաւունքները առ այսօր միջազգային մակարդակներու եւ կառավարական կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու համար դասակարգուած են տակաւին: Չկան կիներու իրաւունքներ. կան մարդու իրաւունքներ: Երբ առանձին դասակարգուած են կիներու իրաւունքները, ուրեմն տրամաբանօրէն տակաւին գոյութիւն ունին յատուկ կիներու իրաւունքներու ոտնահարման իրողութիւններ (եւ ունի՛ն անշուշտ) ու խտրականութեան քաղաքականութեան դրսեւորումներ կամ հասարակական ոչ հաւասար ընկալումներ:
Վերադառնանք հայկական հարթութիւն` շեշտելու համար, որ պետական հաստատութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու սփիւռքեան կառոյցները իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու համահաւասարեցման սկզբունքներու գործնական դրսեւորումներով կրնան յատուկ դասակարգումներ կատարելու եւ չափաբաժիններ սահմանափակելու մօտեցումները շրջել եւ այդ ճամբով նպաստել համահայկական առողջ հասարակութեան կայացման աշխատանքին: