Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ամշիթ` 0-2
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, երէկ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ հիւրընկալեց Ամշիթը:
Ամշիթ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Թըպնինի դէմ` վճռելու համար Բ. դասակարգի ախոյեանին անունը:
Ամշիթ, երէկուան իր այս յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգման ընթացքին` 80-75 արդիւնքով: Մրցումը աւարտեցաւ 68-68 հաւասարութեամբ` չորս քորթըրներու աւարտով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 16-17, 10-15, 18-19 եւ 24-17:
ՀՄԸՄ-էն Սեւակ Քեթենճեան նշանակեց 18 կէտ, իսկ Մարիօ Ապպուտ` 14 կէտ: 11 կէտ նշանակեց Երուանդ Աւագեան, իսկ 9 կէտ` Հայկ Խաչերեան:
Նշենք, որ երրորդ դիրքի մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Անթունիէի դէմ:

