Նախիջեւանի Մէջ Տաւութօղլու- Մամետեարով-Սալեհի Հանդիպում

Մամետեարով եւ Տաւութօղլու

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի, Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Ալի Աքպար Սալեհիի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են Հարաւային Կովկասի առնչուող հարցեր, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:

Տաւութօղլու առանձին հանդիպումներ ունեցած է իր ազրպէյճանցի եւ իրանցի գործընկերներուն հետ: Սալեհիի հետ հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Միջին Արեւելքի խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի թղթածրարին:

Հանդիպումէն ետք Տաւութօղլու յայտարարած է, որ «մենք յոյսով ենք, որ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր վիճելի խնդիրները պիտի լուծուին, որմէ ետք մենք Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հետ կրնանք հասնիլ շրջանի զարգացման նոր մակարդակի»:

Սալեհի իր կարգին հանդիպումը արդիւնաւէտ նկատած է եւ յայտարարած, որ երեք ժողովուրդները պատմական ամուր կապեր ունին: «Իրանը, Թուրքիան ու Ազրպէյճանը 170 միլիոն բնակչութիւն ունին եւ կրնան մեծ ու կարեւոր միասնական շուկայ ստեղծել», ըսած է ան:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին` Սալեհի յիշեցուցած է, որ Իրան խնդիրի խաղաղ լուծման կողմնակից է:

«ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ  Տաւութօղլու եւ  Մամետեարով եւս ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկած են միացեալ նախագիծերու իրականացման վերաբերող հարցեր, որոնք «ուղղուած են շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման»: Անոնք նաեւ քննարկած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակը:

Նախարարներու եռակողմ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին` Վանի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES