Սուրիոյ Շուրջ Դիւանագիտական Եռուզեռն Ու Կեցուածքները Կը Շարունակուին

Մոհամետ Քամել Ամրօ

Ռուսական լրատուամիջոցները` մէջբերելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ամերիկացի պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է սուրիական տագնապին, Միջին Արեւելքի եւ իրանեան հիւլէական թղթածրարին վերաբերող հարցեր:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ յայտնեց, որ Եգիպտոս առաջինն էր, որ զգուշացուց տագնապի վտանգաւորութենէն եւ արաբական ապահովութեան վրայ անոր աղէտալի հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ սուրիական ղեկավարութեան կոչ ուղղեց այլոց սխալներէն դաս քաղելու եւ չկրկնելու Եգիպտոսի, Թունուզի, Լիպիոյ եւ Եմէնի վարչակարգերուն գործած սխալները:

Ան աւելցուց, որ ինք սուրիական ղեկավարութիւնը զգուշացուցած է, որ այն լուծումները, զորս ան այսօր կը մերժէ, վաղը կրնան սեղանին վրայ չըլլալ, երբ տագնապին մէջ վերադարձի կամուրջները այրին:

Ինչ կը վերաբերի սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու կարգ մը կողմերու պահանջին, եգիպտական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Եգիպտոսի կարծիքով` այդ քայլը զինուորական գործողութեանց մագլցումի պիտի առաջնորդէ եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ պիտի յառաջացնէ: Ան ըսաւ, որ արեւմտեան պետութիւնները իրենք եւս հարցը չեն ուզեր միջազգայնացնել, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն մը աւելի բարդ հաշիւներ ունի, քան լիպիական տագնապին մէջ միջամտութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա զգուշացուց Իրանի եւ Սուրիոյ նկատմամբ զինուորական ընտրանքի դիմելէն: Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ ինքնագլուխ զինուորական գործողութիւն մը պիտի չկատարեն: «Կը կարծեմ, որ սխալ պիտի ըլլայ ինքնագլուխ զինուորական գործողութիւն մը կատարել կամ կարծել, թէ (Սուրիոյ տագնապին) պարզ լուծում կը կայ, ինչպէս ոմանք կ՛ըսեն», նշեց Օպամա:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժիթշիի յատուկ պատուիրակ Լի Հուա Չին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմին յանձնեց ուղերձ մը, որ կը վերաբերէր Սուրիոյ տագնապի լուծման համար չինական վեց կէտերէ բաղկացած լուծումին: Պատուիրակը այդ կէտերուն շուրջ բացատրութիւններ ներկայացուց: Հանդիպումին աւարտին չինացի պատուիրակը շեշտեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն` ընդգծելով, որ սուրիացի ժողովուրդը միայն ինք կրնայ տագնապին լուծում մը գտնել: Ան նաեւ մերժեց կարգ մը երկիրներու կողմէ սուրիական հարցերուն միջամտելու համար մարդասիրական կացութիւնը իբրեւ պատրուակ օգտագործելը` նշելով, որ Չինաստան կառչած կը մնայ Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքի անվտանգութեան յարգումին:

Մոալլեմ հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Վալերի Ամոսի հետ` յայտնելով, որ Սուրիա պատրաստ է երկրին գերիշխանութեան եւ անկախութեան յարգումի ծիրին մէջ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համակարգումի պայմաններուն տակ գործակցելու Ամոսի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ  վերջինս իր կարգին շեշտեց «Սուրիոյ գերիշխանութեան յարգումը եւ կացութեան մարդասիրական երեսին քաղաքական նպատակներու համար օգտագործման մերժումը»: Ամոս նաեւ նշեց, որ ինք կը մերժէ մարդասիրական միջանցքներու եւ ապահովական գօտիներու գաղափարի ջատագովման փորձերը:

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճան քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Թուրքիա Դամասկոսի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցով Արաբական լիկային հետ կը գործակցի եւ ինքնագլուխ քայլեր չ՛առներ»:

Մինչ այդ, «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ Ֆրանսա Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին պիտի չմասնակցի: «Մեր թուրք բարեկամներուն հետ Սուրիոյ տագնապին շտապ քաղաքական լուծում գտնելու եւ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հարցին մէջ մենք նոյն նպատակը կը հետապնդենք», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ իրենք խորհրդաժողովը կարեւոր կը նկատեն եւ ատոր յաջող ընթացքին համար կը համագործակցին թուրք գործընկերներու հետ:

Միւս կողմէ, «Ուիքիլիքս» ամերիկեան «Սթրաթֆոր» վերլուծական հիմնարկը մէջբերելով կը հաղորդէ, որ Իրան գիտակցած է, որ իր դաշնակիցին` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը անխուսափելի է, ուստի կը ծրագրէ կազմակերպել յեղաշրջում մը, որ կը պահպանէ Իրան-Սուրիա ներկայ յարաբերութիւնները:

Ըստ զեկուցումին, իրանցիք այս առումով սուր մրցակցութեան մէջ են Թուրքիոյ հետ, որ իր կարգին կը փորձէ սուրիական յառաջիկայ վարչակարգի հաստատման վրայ ազդել եւ այդ առումով Իսլամ եղբայրներուն ու Սուրիական ազատ բանակին հետ համակարգում կը կատարէ:

Իրանեան «Փրես Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին մէջբերելով «Ուիքիլիքս»-ը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ուժերու ստորաբաժանումներ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ կը գտնուին Սուրիոյ մէջ: «Ուիքիլիքս» հրապարակած է «Սթրաթֆոր»-ի մէկ վերլուծաբանէն ստացած տեղեկութիւնը, որուն մէջ ան կը նշէ, թէ անցեալ տարուան դեկտեմբերին ներկայ գտնուած է Փենթակոնի մէջ Ֆրանսայէն եւ Բրիտանիայէն ժամանած ՕԹԱՆ-ի բարձրաստիճան շարք մը ներկայացուցիչներու գաղտնի ժողովին:

«Յատուկ գործողութիւններու ուժերը արդէն Սուրիոյ մէջ են եւ կեդրոնացած են հետախուզական գործողութիւններու ու սուրիացի ընդդիմադիր ուժերու մարզման հարցերուն վրայ», գրած է ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ կը գործեն Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ զինուորականները: Նշենք, որ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Պապա Ամրոյի մէջ գտած է դիակը եւրոպացիի մը, որ կը կարծուի զինեալներու մէկ ղեկավարը ըլլալ: Անոր մօտ գտնուած են անձնաթուղթի կեղծ փաստաթուղթեր:

Մինչ Ռուսիոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ մէջ Ասատին ապաստան տալու հարցը չի քննարկուիր, ֆրանսական լաւատեղեակ աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Ռուսիա Ասատի իշխանութեան վրայ մնալուն համոզուած է եւ կը նախընտրէ վատ Ասատ մը, քան լաւ իսլամական մը:

 

Share this Article
CATEGORIES