ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը գտնուի թէ՛ Մարտ 8-ի եւ թէ՛ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէջ` աւելցնելով, որ ան իր շահերուն համաձայն է, որ կեցուածքներ կը ճշդէ իւրաքանչիւր թղթածրարի պարագային:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 600 լ. ոսկիի յաւելում, մազութինը` 400 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազին շիշը` 300 լ. ոսկիի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ելեկտրական ընկերութիւնը որոշած է 25 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանքի ներհոսք ապահովել յառաջիկայ ապրիլէն սկսեալ:
ՆԱՊԱԹԻԷԻ, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Սուրի բնակիչները համեմատաբար ուժեղ երկրաշարժի մը ցնցումները զգացած են:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աշխարհին տիրելու քայլերը միջինարեւելեան շրջանին մէջ շատ վտանգներ պատճառած են: Ան շնորհաւորեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը` նախագահ ընտրուելուն առիթով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերը միասնականացնելու` առաջքը առնել կարենալու համար Սուրիոյ տագնապին Լիբանան ներթափանցումին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացին է, որ սուղ կը վճարէ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն պատճառած հետեւանքներուն գինը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ կառավարութիւնը պետական նշանակումները կատարէ եւ թափ տայ իր աշխատանքին:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը յառաջիկայ նիստին ընթացքին Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ պիտի նշանակէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահ Անժելինա Էխհորեսթ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց ներլիբանանեան երկխօսութեան վերսկսելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ներլիբանանեան հարցերը լուծել: Ան դրուատեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գիտակցութիւնը եւ զարմանք յայտնեց այն իրականութեան համար, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ ամբողջ օրուան ընթացքին կը վիճին քաղաքական հարցերու շուրջ, սակայն երեկոյեան անոնք միասին հանդիպումներ կ՛ունենան:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին տրուելիք որոշումներուն շրջագիծին մէջ Լիբանանի կեցուածքը հիմնուած պիտի ըլլայ իր շահերուն վրայ: Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին մասին Լիբանանի կեցուածքը արդէն իսկ յստակ է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: