Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Քոնելլին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները:
Ըստ դեսպանատան հաղորդագրութեան, Քոնելլի մտավախութիւն յայտնած է, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կրնան իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի կայունութեան վրայ:
Քոնելլի վերահաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ: Քննարկուեցաւ լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ: